Յ. Պալեան
Անոնք որ ուժ ունին ժամանակ չեն վատներ ոչ բարոյական խնդիրներու եւ ոչ ալ բարոյական յաղթանակներու գինովութեան համար: Ի՜նչ ճառեր խօսուած են Վարդանանց ճակատամարտը ոգեկոչելու համար, կրկնած՝ դասական տարազը, ըստ որուն՝ ֆիզիքապէս պարտուեցանք, բայց բարոյապէս յաղթեցինք:
Քանի որ ոչ մեր համրանքը, ոչ մեր երկրին դիրքը եւ ոչ ալ հարստութիւնը կը թոյլատրեն թշնամիներու դէմ իրական յաղթանակ տանիլ, ինքնահաստատման համար մենք մեզ կը գօտեպնդենք մշակութային, բարոյական եւ գնահատանքներու յաղթանակներով: Այս մասին կը վկայէ մեր հին եւ նոր պատմութիւնը: Ամէն անգամ որ տեղ մը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ կ’ընդունուի, անձնատուր կ’ըլլանք զեղումներու, անվարան կը խօսինք յաղթանակի մասին:
Յուզումով եւ խանդավառութեամբ դիմաւորեցինք վերջին մեծ յաղթանակը Ֆրանսայի Ծերակոյտի Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման վերաբերող որոշումը, որ կոչ կ’ուղղէր Ֆրանսայի գործադիր իշխանութեան ճաչնալու Արցախի Պետութիւնը: Բարոյական եւ զգացական որոշում մը: Բարոյական յաղթանակի հրավառութեան կրկնութիւն: Յետո՞յ՝ Ֆրանսան չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Լրագրողներ չվարանեցան անմիջապէս յիշեցնելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնակոչ հանրապետութիւնը չէ ճանչցուած ոչ մէկ պետութեան կողմէ, նոյնիսկ՝ Հայաստանի: Կ’ըսեն՝ Ղարաբաղ՝ որ կորսնցուցած է իր հողամասի երեք քառորդը, գրաւուած Ատրպէյճանի ուժերուն կողմէ, 44 օրերու կռիւներէ ետք:
Բայց յուզուեցանք, ինչպէ՞ս չյուզուիլ նման ճանաչման համակրական լայն տարածում ունենալու կոչուած որոշման մը հրապարակումով:
Քուէարկողները գիտեն, Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ միւս պետութիւններն ալ գիտեն, որ 305 թեր եւ 30 դէմ ձայներով ընդունուած որոշումը ոչ մէկ ձեւով պարտադիր բնոյն ունի կառավարութեան համար: Պարզապէս կոչ մըն է՝ ճանչնալու «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը»: Ոմանք, նոյնիսկ անուղղակի մեղսակից դառնալով ծաւալապաշտին եւ մոլեռանդներուն, չեն վարանիր Արցախը կոչելու «Ուրուական Պետութիւն»: Մենք նման որոշումով մեր ընկճուած եսին եւ սնափառութեան եսին բալասան կը գտնենք, աւելի ճիշդ՝ բժշկութեան մէջ ծանօթ փլասեպօն (placebo): Անօգուտ:
Իսկ Ֆրանսայի արտաքին գործոց պետական քարտուղարը քաղաքական ճապկումով մը կ’ըսէ, որ Ծերակոյտի որոշումը Ֆրանսան «կը զրկէ իր ազդեցութեան կարողութենէն», եւ «ան ոչ մէկ ձեւով պիտի օգնէ անոնց որոնց կ’ուզէք օգնութեան հասնիլ»: Դիւանագիտական արուեստի խօսքի նմուշ մը: Մեծ երկիրներու ամենագէտ դիւանագէտները կը լսեն ինչ որ կ’ուզեն լսել: Անոնք հակուած չեն լսելու Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հնչեցուցած ահազանգը, ֆրանսական թերթի (La Provence) մը մէջ, որ թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուելիք ցեղասպանութեան վտանգ կայ:
Ես ինծի թոյլ կու տամ ըսելու, որ միջազգային դիւանագիտութիւնը ոչինչ ըրաւ 1915 մեծ ցեղասպանութեան օրերուն, ինչո՞ւ պէտք է ակնկալել որ անհանգստանայ փոքրիկ Արցախի համար:
Հետեւաբար, յուսախաբութիւններէ խուսափելու համար, բարոյական յաղթանակը պէտք չէ շփոթել իրաւունքի նուաճում հաստատող յաղթանակի հետ: Արդէն, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Հանրապետական խմբակցութեան նախագահը կ’ըսէ, որ «այս ճանաչումը պէտք է ըլլայ «բանակցութեան միջոց մը՝ մնայուն խաղաղութեան հաստատման համար»:
Աշխարհի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ համար պատմական իրաւունքի սահմանումը կը սկսի 1921–ին, երբ Ստալին Արցախը կցեց Ատրպէյճանի խորհրդային հանրապետութեան: Անհանգիստ չըլլալու համար անոնք ընդունած են ստալինեան կամայականութիւնը: Անկէ առաջի մասին խօսք չկայ: Ուրեմն միջազգային իրաւարարի պարեգօտ հագած մեծերը ստալինեան նենգ վճիռը կ’ընդունին որպէս արդարութիւն:
Ամպագոռգոռ անուններով ժողովներ, յանձնախումբեր, պաշտօնատարներ եւ ղեկավարներ ինչո՞ւ մասնագիտական հեղինակաւոր մարմին մը կեանքի չեն կոչեր, պատմական ճշմարտութեան եւ իրաւունքի լոյսին տակ ճշդելու, թէ դարերու ընթացքին ո՞ր ժողովուրդը բնակած է այդ հողին վրայ, ստեղծած է մշակոյթ, կառուցած եկեղեցիներ, ճանապարհներ, կամուրջներ, փոխանակ գոհանալու շահախնդրուածի կարճատեսութեամբ, հետեւելով իրենց մերժած Ստալինի տիքթաթին:
Եւ ճապկումով մը, ֆրանսական դիւանագիտութիւնը տեղի կու տայ Ատրպէյճանի եւ անոր թիկունքին կանգնած Թուրքիոյ ամբաստանութիւններուն առջեւ, որ Ֆրանսան կ’ենթարկուի մեծաթիւ հայկական սփիւռքի ճնշումներուն: Կը զարմանամ, որ Ֆրանսան եւ Մ․Ա․Կ․-ի անդամ պետութիւններ նոյնինքն Թուրքիոյ հարց չեն տար, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ստեղծուած է այդ մեծաթիւ հայկական սփիւռքը: Քաջութիւն պէտք է նման ճիշդ հարցում ուղղելու համար, անոր տրուած պատասխանը կ’ըլլայ միջազգային քաղաքական բարոյականութեան օրինակ:
Եթէ նաւթահորեր ունենար Հայաստանը, նման հարցումներ ուղղուած կ’ըլլային վաղուց:
Ֆրանսայի Ծերակոյտի որոշումը դասական դարձած մխիթարական պարգեւ մըն է, ոչ դատ է եւ ոչ ալ վճիռ, ոչ խաղաղապահ բանակ, ոչ պատժական գործադրելի որոշում:
Ոչ ոք կ’ըսէ, թէ ինչպէ՞ս պիտի բռնէ վանտալներու ձեռքը, գիտնալով հանդերձ, թէ ո՞ւր են անոնք, ինչպէ՞ս կը կոչուին:
Մեր պատմութեան մէջ արձանագրուելիք հանդէսներ յուզող բարոյական յաղթանակ մըն է այս ճանաչումն ալ, որ ոչինչ կ’ըսէ ռմբակոծուած հիւանդանոցներու, մանկապարտէզներու, մշակութային ժառանգութեան աւերներու մասին: Ոչինչ կ’ըսէ դամբարաններու քարերու ջարդի մասին, տեսարան՝ զոր սփռեց հեռատեսիլը:
Պէտք է դադրիլ միամիտ ըլլալէ եւ հասկնալ, որ քաղաքական մարդոց եւ մեծերու տեսողութիւնը ընտրովի է, selective:
Միջազգային օրէնքները խախտուած են. գիտակցաբար թիրախ պէտք չէ ըլլային քաղաքացիական բնակավայրերը եւ ոչ-զինուորական կառոյցները: Բայց անոնք անօդաչու սարքերու կողմէ աւերուեցան:
Մ․Ա․Կ․-ը, Եւրոմիութիւնը, Ամերիկան, Գանատան, արաբական աշխարհը, Չինաստանը, պարկեշտութիւն կ’ունենա՞ն քննիչ յանձնախումբ ղրկելու, ճշդելու համար, որ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան խախտա՞ծ են թէ ոչ միջազգային մարդկային իրաւունքը, եւ ըստ այնմ դիրքորոշուելու, դիմելու պատժամիջոցներու, հաստատելու համար իրաւ արդարութիւն, եթէ օրէնքները եւ որոշումները դատարկաբանութիւններ չեն:
Իսկ մենք հը հրաժարի՞նք տիրացուական-պառաւական ոտքի քնացնող բարոյական փուչիկ յաղթանակներու կեղծ բարիքներէն:
Եթէ այդ ընենք, կը մտնենք ազգային-քաղաքական վերականգնումի հունը:
Ֆրանսական երգի մը բառերը պարզօրէն իմաստուն են:
Ոտքի կանգնած քնացած էի…
Ոչ մէկ բառ, ոչ մէկ շարժում,
Մարդը որ կրնար սէրը փրկել
Մեկնած է առանց հասցէն ձգելու… (Ֆրանսիս Քապրէլ)
Այդպէս են փուչիկ ճանաչումները, երբ անոնց ետին չկան Ստալինի ըսած շարասիւնները (divisions): Իսկ մեզի համար ոչ ոք իր շարասիւները պիտի ղրկէ:
Կը մնայ յիշել Չարենցը եւ իր գաղտնաբառ պատգամը: Եթէ չենք մոռցած: