Մայիս 12-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) մէջ գտնուող, Ամերիկայի Հայկական Գրադարան եւ Թանգարանէն (ԱԼՄԱ) ներս, հովանաւորութեամբ Պոսթընի Հ.Յ.Դ.ի »Սարդարապատ« կոմիտէութեան, տեղի ունեցաւ զրոյցդասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին երկու խմբագիրներ՝ Էմիլ Սանամեան (»Արմինիըն Րիփորթըր«) եւ Խաչիկ Մուրատեան (»Արմինիըն Ուիքլի«) զրուցեցին Թուրքիա կատարած ճամբորդութիւններու մասին:
Ելոյթը ներկայացուց ԱԼՄԱ-ի վարիչ պատասխանատու Մարիամ Ստեփանեանը, իսկ բացման խօսքը կատարեց Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկի (NAASR) պատասխանատու Մարք Մամիկոնեան:
Մարտ 2010-ին, Սանամեան եւ Մուրատեան այցելեցին Պոլիս, Անգարա, Կարս եւ Անի: Ճամբորդութիւններու ընթացքին անոնք հանդիպեցան բարձրաստիճան թուրք կառավարական պաշտօնեաներու, որոնց կարգին էին նախագահ Կիւլ եւ արտաքին գործոց նախարար Տավութօղլուն, ինչպէս նաեւ այլ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, գաղութային առաջնորդներ, լրագրողներ, եւայլն: Այս այցելութիւնը կազմակերպած էր թրքական կազմակերպութիւն մը:
Էմիլ Սանամեան պատմեց իր ապրումներուն, փորձառութիւններուն, եւ հանդիպումներուն մասին Թուրքիոյ զանազան շրջաններէ ներս: Ան արդի համակարգչային միջոցներով ներկայացուց տեսարաններ եւ պատմեց իր Կարս ու Անի այցելութիւններուն մասին: Սանամեան նաեւ նկատել տուաւ թէ ինչպէս հայկական եւ քրիստոնէական փորագրութիւնները ջնջուած են դիտմամբ: Ան նաեւ նշեց թէ այդ փլատակներուն առջեւի տեղեկութիւններ փոխանցող ցուցատախտակները, երբեք չեն յիշեր անոնց հայկականութիւնը, եւ տարօրինակն այն է որ Բագրատունի, Արշակունեաց, եւ նոյնիսկ Կամսարական պատմութիւնը յիշուած է, բայց ո’չ իբրեւ հայ եւ հայկական:
Խաչիկ Մուրատեան իր կարգին խօսեցաւ Թուրքիա կատարած իր այցելութեան մասին: Իր այցելութեան նպատակն էր ներկայ գտնուիլ Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած բոլոր ձեռնարկներուն: Այս գծով, ան Ցեղասպանութեան հատուցման գծով դասախօսութիւն մըն ալ տուած է Անգարայի մէջ: Ան յուզումով պատմեց քիւրտ մայրերու մասնակցութիւնը Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը: Անոնք մայրեր էին որոնց զաւակները կա°մ կորսուած եւ կա°մ սպաննուած էին, Թուրքիոյ դէմ իրենց պայքարին ընթացքին եւ անոնք այս առթիւ Ցեղասպանութեան զոհերու պատկերներ բռնած էին: Ան նաեւ նշեց թէ, իսկապէս զգալի էր թրքահայ գաղութի փափաքը մասնակցելու այդ ձեռնարկներուն, բայց նաեւ հասկնալի էր անոնց զգուշութիւնը: Այս զոյգ ներկայացումներէն ետք, ներկաները առիթը ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու Սանամեանին եւ Մուրատեանին:
Read Time:1 Minute, 26 Second