ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԵՐԱԶԱՆՔԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 28 Second

 Յ. Պալեան

Գոյութեան մեծագոյն յաղթանակը չի կայանար երբեք չիյնալու մէջ, այլ իւրաքանչիւր անկումէ վերջ վերականգնելու:

Նելսըն Մանտելա

 

            Մարտ 10, 1994-ին, իր մահուընէն եօթը ամիս առաջ, սփիւռքի ժամանակակից հայ գրողներէն Յակոբ Կարապենց (1925-1994) վերջին երեսնամեակի հայուն սէրն ու երազը ցոլացնող յօդուած մը գրած է «Հայրենիք»ի մէջ, որ ապա, 2009-ին, լոյս տեսած է իր ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ հատորին մէջ:

            Ճակատագիրը Կարապենցին խնայեց եւ ան չտեսաւ իր երազանքի փլուզումը:

            Երբ կը կարդամ Կարապենցի էջերը, կը վերագտնեմ մեր բոլորի լուսաւոր հեռուներուն նայող յոյսերը, սերունդի մը ոգորումները, բռնկումները: Անարդարութիւններու գլանին տակ ճզմուած ժողովուրդի մը նոր սերունդը հաւատացած էր, որ փապուղիէն դուրս պիտի գար, փակուղիի մէջ չէր իր ապագան:

            Ի՜նչ պատմութեան ամփոփումը կը գտնենք Կարապենցի էջերուն մէջ:

            «Արցախը ապացուցում է աշխարհին, թէ իր մարդկային ու ազգային իրաւունքների համար հայը կռուել գիտէ, զոհուել գիտէ, յաղթել գիտէ: Իսկ մարդկային ու ազգային իրաւունք նշանակում է քաղաքական ու տնտեսական ինքնավարութիւն, ինչպէս նաեւ մշակութային ու կրօնական ազատութիւն»:

            Կը հետեւի քաղաքական պարզ բայց չլսուող իմաստութիւնը. «Արցախը ուրիշի հող չի ուզում»:

            Հակառակ Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի ծաւալած լուսաբանական քարոզչութեան, պետութիւններ եւ ժողովուրդներ մնացին խուլ, եղան կոյր եւ չտեսան, որ Հայաստանի բեկոր Արցախը, անոր բուռ մը ժողովուրդը, գումարած Հայաստանը, կը մղէին անհաւասար կռիւ նիւթական-նաւթային լայն միջոցներով արդիական սպառազինում ձեռք բերելու հնարաւորութիւն ունեցող ԱՏրպէյճանի դէմ, որուն թիկունքին կանգնած էր Էրտողանի աշխարհին ասպարէզ կարդացող կայսրութիւն վերականգնելու կիրքով բռնկած Թուրքիան:

            Յակոբ Կարապենց քաղաքական գործիչ կամ սպայակոյտի պետ չէ, իրատես է, գիտէ եւ կը հաստատէ միջազգային (չ)բարոյականը. «Սակայն խաղաղութիւն չի լինի առանց ռազմական գերակայութեան: Ո՞վ է կարեւորութիւն տալիս տկարին: Միջազգային ո՞ր համաձայնագիրն է, որ յօգուտ տկարին է կնքուել: Միշտ հզօրն է պարտադրում իր կամքը»:

            Ի՞նչ պիտի ըսէր Կարապենց եթէ ապրէր այսօր: Երեսուն տարիներու ընթացքին Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) քաղաքականութիւն խաղցան, դիրքապաշտութեան ախտին անձնատուր եղան, փոխանակ ապագայ պատրաստելու: Ազգովին անատակ եղանք, ներսը եւ դուրսը, յաղթահարելու շահախնդրութիւնները, ազգային հրամայականին անսալով ճշամարիտ կարողութիւնները գործի չլծեցինք, զանոնք փոխարինեցինք պատկերով, սնափառութիւններով, կանգ առինք գոյնզգոյն էսթէպլիշմընթային ցանկութիւններու առջեւ:

            Քառորդ դար առաջ Կարապենց իր մէջքը շտկած մարդու խօսք կ’ըսէր. «Հայոց Պատմութեան փառայեղ գագաթներից է Արցախը՝ մէկ անգամ ընդմիշտ պատռելով հայի ճակատին կպցրած նահանջողի պիտակը»:

            Այսօր նուաճուած հպարտութիւնը փուլ եկած է, կրկին մեր ճակատին գրեցին եւ գրեցինք նահանջողի պիտակը:

            Գրողի դատումը աշխարհի նկատմամբ ճիշդ էր, ոչինչ փոխուած է, քանի որ, ինչպէս ինք կ’ըսէ, թէ «Աշխարհը գերադասում է զոհի սեղանի վրայ տեսնել հային, քան յաղթանակի խրամատներում»: Բայց մենք ընկեցիկի հոգեբանութիւնը յաղթահարելով, երէկ եւ այսօր, մանաւանդ՝ այսօր, պէտք է մերժէինք եւ մերժենք զոհի սեղանին վրայ գտնուելու եւ այդ վիճակէն գոհունակութիւն զգալու տխրութիւնը, նահանջը միակ կարելին համարելու հակազգային ընթացքը:

            Հայ մտաւորականը հաւատաց, որ «Անպարտելի է Արցախը, այնքան ժամանակ որքան նրա թիկունքին են կանգնած Հայաստանն ու Սփիւռքը»:

            Այսօր, անկեղծութեամբ եւ ճիշդ գնահատումով, ո՞վ կրնայ ըսել, թէ Սփիւռքի ո՞ր տոկոսը կանգնեցաւ Արցախի թիկունքին: Ըսել թիւերով: Մեկնելով ենթադրուած տասը միլիոնէն: Եղածը ստորագնահատելու միտում չունիմ: Բայց եղածը սփիւռքի տասը միլիոնին բաղդատած ի՞նչ կը ներկայացնէ:

            Իսկ Հայաստանը, իր յաջորդական առաջնորդներով, Արցախը համարե՞ց առաջնահերթութիւն, անոր ապահովե՞ց արդիական սպառազինում, զբաղեցա՞ւ անոր բնակեցումով, թէ՞ դիրքերու տիրացում հետապնդեց, նիւթական միջոցներ մսխեց կողոպուտով, պարգեւավճարներով, առաջնահերթութիւն չեղող օրուան իշխանաւորին համար օդանաւ գնելով, պետական ճամբորդութիւնները ընտանեկան տուրիզմի հետ շփոթեց, սեփական հանգիստի եւ բարօրութեան համար պետական գանձէն մեծ գումարներ ծախսելով տաչաներ նորոգեց

            Այսօր, իմաստնացածներ կ’ըսեն, որ 21րդ դարու բանակը յաղթեց 20րդ դարու բանակը:

            Ժամանակին կ’ըսէի, որ audit պէտք է ընել: Այն ատեն պատասխանատու մը ըսաւ, որ աուտիդ կ’անենք… Ո՞վ իմացաւ այդ աուտիդի մասին:

            Վաղուան վերականգնումին համար, ազգը պէտք է պահանջէ համապարփակ աուտիդ ընել, ազգին արդարութիւն ընելու համար, որպէսզի, ի վերջոյ, կեղծիքն ու զեղծումը յայտնաբերելով եւ յանցաւորները հանրային դատաստանին յանձնելով, վերակագնինք եւ գօտեպնդուինք վաղուան իրաւունքի պայքարին համար:

            Ի դէպ, ինչո՞ւ հրապարակի վրայ չեն հայ մտաւորականները: Միթէ՞ անոնք չէին անցեալի մեր ազատագրական պայքարի ռահվիրաները:

            Լաւ կ’ըլլայ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի թերթերը վերահրատարակեն Յակոբ Կարապենցի յօդուածը, որպէսզի գիտնանք, թէ ո՞ւր էինք քառորդ դար առաջ, ո՞ւր հասած ենք հիմա…

            «Ո՞ւր հասած ենք»ը հասկնալու համար պէտք է լսել նաեւ մեզի անմիջական ժամանակակից քաղաքական վերլուծաբան Արբակ Խաչատրեանի զրոյցը, Հայաստանի «Առաւօտ» թերթին մէջ. «Ինչպէ՞ս կարելի է թուաքանակով ու գերժամանակակից ռազմատեխնիկայով գերազանցող հակառակորդի դէմ միայնակ թողնել ամենահաւատարիմ դաշնակցին, Ռուսաստանին երբեւիցէ չդաւաճանած Հայաստանին»:

            Ինչո՞ւ Ռուսիան  միայնակ թողած է իրեն երբեք չդաւաճանած Հայաստանը… Հարցումը կ’ուղղուի ի հարկէ Ռուսիոյ, բայց նաեւ Հայաստանի հին եւ նոր իշխանութիւններուն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles