Read Time:35 Second
Խաբուեցայ, խաբուեցար, խաբուեցաւ,
Խաբուեցանք, խաբուեցաք, խաբուեցան։
Պիտի խաբուիմ, պիտի խաբուիս, պիտի խաբուի,
Պիտի խաբուինք, պիտի խաբուիք, պիտի խաբուին։
Յետո՞յ․․․
Նորէ՛ն պիտի․․․
Մինչե՞ւ․․․
Մինչեւ որ՝
Դատողութիւնը
փշրէ սուտն ու կեղծիքը,
վտարէ դեղին շշուկները
անէացնէ տենչերը հիւանդ եսերուն
եւ այրէ ինքնաարդարացման փտած խօսքերը։
Մինչեւ որ՝
Երկիրը
Ետ կանչէ որբացած արդարամտութիւնը,
Հրահրէ զիրար լսելու ունակութիւնը,
Ցրիւ տայ մաղձը նախանձին
սառեցնէ թունաւոր թէժ կիրքերը
Մինչեւ որ՝
Մարդը
Ուրիշը մատնանշելէ առաջ
ինքզի՛նքը մատնանշէ,
Դատապարտեալ որոնելէ առաջ,
ինքը նստի մեղադրեալի աթոռին։
Յետո՞յ․․․
Յետո՛յ՝
Հաւատացէ՛ք թանձր մշուշը պիտի փարատի,
Հորիզոնը նոր երանգներով պիտի ծաղկի։
Յետո՞յ․․․
Յետո՛յ՝
Քերականութեան ՆՈՐ դաս պիտի սկսինք
յոգնակի առաջին դէմքով՝
Կ՛ԱՊՐԻ՛ՆՔ։