Պոսթըն – Խմբագրական
«Պարտութիւնը կ’ուսուցանէ Յաղթանակի արուեստը»
Սիմոն Պոլիվար (1783-1830)
Այս կարճ ու կտրուկ, իմաստուն խօսքը դժուար է ներմուծել հայորդիին համոզումին, յատկապէս ներկայ դաժան պայմաններուն մէջ։
Շշմած եւ հիասթափուած է հայը։
Սպի չէ տեսածն ու զգացածը, այլ ահաւոր վէրք, տարբեր վէրք․․․Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ին մէկ նորագոյն տարբերակը՝ «Վէրք Արցախի»։
Դառն արցունքով թաթախուած են Պապիկն ու Մամիկը։
Քրիստոսէ առաջ իսկ սկսած հայոց պատմութեան հաստափոր գիրքին մէջ արիւնոտ էջ մը աւելցաւ. անոր մելանի չորացումն անգամ բաւական ժամանակ պիտի պահանջէ եւ դեռ աւելին, իրենց մատղաշ զաւակները կորսնցուցած մայրերուն արցունքը շարունակ թաց պիտի պահէ չփակուած (ու մինչեւ արդարութեան վերահաստատում չփակուելիք) էջը։
Շարունակ կը կրկնուէր, կը կրկնէինք եւ հաւանաբար դեռ ալ պիտի կրկնենք, որ ՀԱՅը առանձին կը կռուէր ո՛չ միայն Ատրպէյճանի, այլ աշխարհի ամէնէն մեծաթիւ բանակին՝ Թուրքիոյ դէմ, իր դիմացի յառաջագիծին վրայ ունենալով ոճրածին ու թրծուած ահաբեկիչներ, որոնք անցեալի ենիչերիներուն պէս զուրկ են խղճի նշոյլէ, տարրական կրթութենէ հեռու վարձկաններ են։
Սատանայական վիթխարի ուժին դէմ աւելի քան 40 օր մարտնչող հազարաւորներու կեանքեր վճարուեցան, մինչեւ որ թշնամին յաջողեցաւ որոշ յառաջխացացք արձանագրել։
Կան բազում հարցադրումներ եւ հաստատումներ, որոնց մասին «տաքը տաք»-ին տեղին է արտայայտուիլը։
Առաջին հերթին, վայրկեան մը հեռանալով ռազմադաշտէն, պէտք է նշել, թէ հայրենի արտաքին յարաբերական բազուկը, գիտնալով հանդերձ թշնամիի նիւթական կարողութիւններու եւ մսխումներու գերակայութիւնը, լաւապէս չէր «զինուած»։ Դիւանագիտական բեմին հանդէպ եւ «ad hoc» վայրկեաններուն, բացորոշ բացակայութիւն մը կար Հայաստաի հարթակը ներակայացնողներուն մօտ։ Իսկ դիւանագիտութիւն չի նշանակեր առաւելաբար նեղ-յարաբերական աշխատանք (PR.- Public Relations):
Երկրորդ՝ քարոզչական բնագաւառէն ներս, Ատրպէյճան քսակը լայն բացած էր իր շղթայազերծած յարձակման օրէն իսկ, անկէ շատ առաջ ալ, խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ կը տարածէր, Պաքու այցելող լրագրողներուն իր անարդար տեսակէտները կը հաղորդէր ու համապատասխան զեկուցումներ կու տար, արգելք հանդիսանալով, որ ճակատ մեկնին եւ մօտէն հետեւին ռազմական իրականութիւններուն։ Մինչդեռ, հայրենի կողմը թափանցիկ գործելաձեւով, առիթ ընծայեց լրագրողներուն, որ մուտք գործեն Արցախ եւ մօտէն հետեւին պատահածներուն, այնքան մը, որ անոնց համար պատսպարան դարձած Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցին անգամ բազմիցս ռմբակոծուեցաւ…
Վերադառնանք ռազմադաշտ: Բաւական ուշ ի յայտ եկաւ, որ առաջին օրէն իսկ, հայրենի բանակը ծանր հարուած կրած էր, երբ թշնամին անակնկալ ռմբակոծումներով հարուածած էր պահեստանոցներ, զօրանոցներ եւ յատկապէս հակօդային պաշտպանութեան ցանցը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ մինչեւ վերջին օրն իսկ, անօդաչու սարքեր ազատ համարձակ կը վզզային, ահ ու սարսափ ստեղծելով, ահաւոր աւերում տարածելով։ Հայրենի բանակին զոհերուն մեծ մասը հետեւանք էր անօդաչու «թռչնազգի»-ներուն (drones) , որոնց թիւը բազմիցս գերազանցեց Արցախի երկինքին վրայ վեհօրէն թռչող փետրաւոր արծիւներն ու բազէները։
Բարձունքներու վրայ, ուր ծով չկար, ո՛չ ալ ծովամոյն ըլլալու վախ, «տրոնամոյն» եղան մեր զինուորները, որոնք քաջաբար կը դիմադրէին։
Համեմատած նախընթաց ճակատումներուն, պատերազմը հողի վրայ հորիզոնական դրութեամբ՝ դէմ առ դէմ չէր տարուեր միայն, այլ նաեւ ուղղահայեաց էր, կարելի է ըսել նաեւ՝ երեք տարածներով (3D), աչքի առջեւ ունենալով սաւառնող մահացու գիշատիչները։
Վերոյիշեալ բոլոր ախտաճանաչումները մէկդի դրած, կայ հիմնական, թնճուկային հարց մը, որուն մասին դեռ շատ մելան պիտի հոսի. այդ ալ Շուշիի շուրջ ստեղծուած խառնաշփոթ կացութիւնն էր։
Հակառակ դիմադրութեան բարձր ոգիին, այդ խորհրդանշական ամրոց քաղաքը՝ Շուշին, յանկարծ տեղի տուաւ օր մը եւ ուշագրաւ թուականի մը՝ Նոյեմբեր 9-ին, որ առանց այլեւայլի, պարզ զուգադիպութեամբ մը չէ որ Ատրպէյճանի դրօշի օրն էր․․․։
«Թայմինկ»-ն ու կատարուած «սենարիօ»-ն ցոյց կու տան, թէ պատրաստուածը ժապաւէն մըն էր, որ կրնար տարբեր աւարտ մը ունենալ, կամ մեղմացնել ողբերգութիւնը, առանց թեթեւցնելու իրողութիւնը։
«Պատերազմը աւարտելու ամէնէն արագ ձեւը՝ պարտուիլն է», ըսած է բրիտանացի գրագէտ Ճորճ Օրուէլ (1903-1950)։ Պողպատեայ հայ զինուորին գլխուն վատ խաղ մը խաղցուած էր։
Վատ խաղէն աւելի՝ դաւ մը, որուն մեկնարկը տրուած էր վերանկախացման առաջին օրերէն իսկ եւ ցայսօր կը շարունակուի…սկսելով անցեալի ղեկավարութէնէն մինչեւ ներկան եւ ընդգրկելով՝ ամբոխավարութիւն, շահագործում, փտածութիւն, զեղծարարութիւն, նենգամտութիւն, նոր-ազատականութիւն (neo-liberalism), ստախօսութիւն, մատնութիւն, ամբոխահաճութիւն (populism), պարզամիտ (naïve) եւ անխոհեմ քաղաքային ուղղութիւն (orientation)…եւայլն:
Թաւշեայ յեղափոխութէնէն եւ յաղթանակէն ետք, ահաւասիկ թաւշապատ ընկրկում, խայտառակութիւն եւ պարտութիւն։
Էրնըսթ Հեմինկուէյ գրած է. «Մարդը կրնայ խորտակուիլ, բայց ոչ՝ պարտուիլ»: Հայը խորտակուած է… Հայաստանն ալ՝ պարտուած:
Նոյեմբեր 10-ի համաձայնագիրին յաջորդ օրերուն, Երեւանի մէջ ալ քաոսային, թէժ ու ողբերգական է կացութիւնը։
«ՈՒՐ ՈՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆնՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ, ՀՈՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ԿԱՅ» (Ubi concordia, ibi victoria) կ՛ըսէ լատինական առակը:
Վիճակ մը՝ որմէ հեռու կը թուինք ըլլալ առայժմ։
Վիճակ մը՝ որմէ դուրս գալու առաջին քայլը․․․իմ, մեր, ձեր եւ բոլորիս քայլը պիտի ըլլայ Արցախը ծախած կամ նոյնիսկ ձրիաբար յանձնած՝ վարչապետ Փաշինեանի եւ իր ղեկավարութեան անմիջական հրաժարականն ու հեռացումը։