Յ. Պալեան
Ուսուցիչ, լրագրող, գրող
5 նոյեմբեր 2020
Երբ մեղմելու համար ժամանակակիցներու սարսափները, կը ժխտենք վտանգներու իրականութիւնը եւ կը ստորագնահատենք աշխարհի բրտութիւնը, ընդառաջ կ’երթանք իրադարձութիւններու բերած շուտափոյթ հերքումին:
Ամին Մաալուֆ, ֆրանսական Ակադեմիայի անդամ
Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին, Ասիոյ տափաստաններէն եկած ներխուժողներու կողմէ բռնագրաւուած իրենց հայրենիքի հողերուն վրայ գործադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Քանի մը ձայներ բաձրացան: Լրատուամիջոցները (մետիա) իրենց ներկայի տարածման անմիջականութիւնը եւ հզօրութիւնը չունէին, եւ աշխարհ մնաց գրեթէ անգիտութեան մէջ, խուլ՝ այն բոլորին որ կը նիւթուէր. բազմահազարամեայ ժողովուրդի մը անհետացման ծրագիրը, որ գործադրուեցաւ 1915-1922-ին: Այն ատեն չկար ներկայի ամենօրեայ սարսափի նկարներու առատութիւնը՝ տեղեկացնելու համար: Ամէն բան կը պատահէր նախնականութեան եւ խաւարամտութեան միջնադարեան կիսամութին մէջ: Ցեղասպանութիւն եզրը գոյութիւն չունէր:
Բնակինք մեծ մայրաքաղաքներ, թէ Ասիոյ, Ափրիկէի, Աւստրալիոյ, Ամազոնի կամ բեւեռներու խորերը, միշտ առաջին օթեակներու մէջ ենք աշխարհի ողբերգութիւններուն ականատես ըլլալու համար: Ոճիրներու դիմաց, ոչ ոք կրնայ ինքզինք արդարացնել, ըսելով, որ չէր գիտեր: Գիտնալ եւ մնալ հանդիսատես, տարրական բարոյական պարտաւորութիւն չստանձնել մերձաւորին նկատմամբ, մեղսակցութիւն է շարունակուող ոճիրներուն նկատմամբ, եւ այս՝ հակառակ իրենց խռմբացող այսպէս կոչուած բարոյական օրէնքներուն, մեծ եւ պզտիկ միջազգային հաստատութիւններու մեծ դատաւորի եւ իրաւարարի պատմուճաններու լռութեան մէջ եղողներուն, որոնք չեն լսեր մարդկայնական իմաստասէրը, որ կ’ըսէ. «Ուրիշին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է» (Ռընէ լը Սէն, 1882-1954):
Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր, Արցախ հայկական աշխարհը, Լեռնային Ղարաբաղը, հայերէ բնակուած, ենթակայ է նոյն սպառնալիքին, նոյն անոնց կողմէ, որոնք գործադրեցին Ի դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, ցարդ՝ անպատիժ: Երկիր մը, որ հանրաքուէով, հետեւելով Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, իր անկախութիւնը յայտարարեց անջատուելով Ատրպէյճանէն, որ գոյութիւն չունէր որպէս Պետութիւն Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն առաջ, որուն Արցախը կցուեցաւ Ստալինի շնական մէկ որոշումով: Թուրքիան, հետապնդելով իր մեծութեան օսմանական եւ կայսերապաշտական հեռանկարները, կ’ուզէ իրականացնել իր կապը Ատրպէյճանի հետ եւ բանալ ճանապարհը դէպի Միջին Ասիա, եւ միացնել թրքական եւ թրքախօս ժողովուրդները, համիսլամական կրօնական զգացումի շահագործման ենթահողի վրայ:
Թուրքիոյ հետապնդած նպատակն է Արցախի հայերու ոչնչացումը եւ անոր երկրի բռնագրաւումը, այնպէս ինչպէս ըրաւ ջարդելով Արեւմտահայաստանի բնակիչները, բնիկները: Ճողոպրածները դարձան մոլորակային գաղթականներ:
Այսօր 150.000 բնակչութեամբ փոքրիկ երկիր մը կը դիմադրէ Ատրպէյճանի, որ ունի Թուրքիոյ ամբողջական եւ զանգուածային անթաքոյց օժանդակութիւնը:
Աւելին. Թուրքիա ոչ միայն զինուորական խորհրդատուական եւ զինական օժանդակութիւն կը բերէ Ատրպէյճանի, այլ նաեւ սուրիացի վարձկաններ կը հաւաքագրէ եւ զանոնք կը փոխադրէ Ատրպէյճան, կռուելու համար հայոց երկրին դէմ եւ զայն քանդելու, ճիհատ ընելու, խոստանալով 100 տոլարի պարգեւ անոնց որոնք հայու գլուխ կը կտրեն:
Կարծէք աշխարհի մեծերը եւ պզտիկները, փայլուն ճառողները, լռած են:
Այս լռութիւնը, այս հանդիսատեսի անտարբերութիւնը պարզապէս մեղսակցութիւն է ոճիրին: Տուներ եւ դպրոցներ քանդուած են, անտառներ հրկիզուած են ֆոսֆորային ռումբերով… Այնքան աղմկարար բնապահպանները պապապնձած կը մնան, իրենք զիրենք յանցաւոր կը զգա՞ն:
Միջազգային ատեանները եւ երկիրները, որոնք յաճախ կը ներկայանան օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանի դերով, իրենք զիրենք կը վարկաբեկեն հագնելով իրենց դատաւորի եւ իրաւարարի պատմուճանը, մինչ հարկ է կասեցնել Ոճիրը, Ոճիր՝ մարդկութեան դէմ:
Հարկ է գիտնալ, որ Թուրքիոյ կողմէ սկսած ծաւալապաշտութիւնը եւ հայկական հողակտորը այսօր հարուածող ռումբերը, հոն կանգ պիտի չառնեն:
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կ’ուզէ դաս մը տալ Ֆրանսայի, քանի որ ան համարձակած է լուծարքի ենթարկել ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը, «Գորշ Գայլեր»-ը, որուն անդամներէն մին, Մեհմետ Ալի Ակչա, 13 մայիս 1981-ին, փորձած էր սպաննել Յովհաննէս-Պօղոս Բ սրբազան քահանայապետը, եթէ մարդկութիւնը յիշողութեան կորուստէ չի տառապիր:
Այն ինչ որ կը պատահի այսօր Հայաստանի այս պզտիկ հողակտորին վրայ սոսկ նախանշանն է այն բոլորին որ կը նիւթուի:
Ժխտել եւ ստորագնահատել օսմանական երազին վտանգները կուրութիւն է, որուն համար ամբողջ մարդկութիւնը սուղ պիտի վճարէ:
Պատասխանատու ըլլալ կ’ենթադրէ պայծառատեսութիւն եւ քաջութիւն, դիմագրաւելու համար աշխարհի սպառնացող վտանգները, գիտնալով որ այսօր ոչ մէկ սպառնալիք կը սահմանափակուի աշխարհագրական գօտիի մը մէջ, հեռաւորը մեր շեմին է:
Տիկնայք եւ Պարոնայք, շնորհակալ եմ, եթէ յոգնութիւն յանձն առիք կարդալու այս քանի մը տողերը: