ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
«Էրտողան աւելի՛ մեծ սպառնալիք է աշխարհին, քան պսակաձեւ ժահրի համաճարակը», յայտարարեց Ահմէտ Տաւութօղլու, Նոյեմբեր 2-ին, Պոլսոյ մէջ մամլոյ ասուլիսի մը պահուն։
Արցախի պատերազմի օրերուն, նաեւ՝ Եւրոպայի ու յատկապէս Ֆրանսայի մէջ «Գորշ գայլեր»-ու խափանարարական արարքներուն, եւ այս խմբաւորման գործունէութիւնը արգելքի տակ առնելու առաջադրանքին լոյսին տակ, ժամանակն էր Թուրքիոյ մէջ ճակատում մը ստեղծելու։
Ճիշդ տեղին բռնելով «թայմինկ»-ը, «սուլթան» Էրտողանի նախկին դաշնակիցներէն՝ Ահմէտ Տաւութօղլու, այս անգամ Թուրքիոյ մէջ արձակեց «ռումբ» մը, որ իր ծանրութեամբ եւ աւերումի տարողութեամբ, կրնայ նո՛յնքան քանդիչ ըլլալ, որքան «Սմերչ» մը, կամ նոյնիսկ հրկիզող «ֆոսֆորային» հրթիռ մը։
Տաւութօղլու, 2014-ին իր կազմած՝ «Ապագայ» (Gelecek) կուսակցութեան անդամները զգուշացուց, ըսելով, որ Եւրոպայի եւ աշխարհի մեծագոյն վտանգը բռնապետութիւնն է, բռնատիրական մշակոյթն ու գործելաձեւը, որուն աղաղակող օրինակը՝ Թուրքիոյ ներկայ ղեկավար Էրտողանն է:
…Խորամանկ եւ փորձառու դիւանագէտ Տաւութօղլուն էր, որ Հոկտեմբեր 10, 2009-ին, Ցիւրիխի մէջ գործի լծուած էր՝ Հայաստան-Թուրքիա հաշտութեան ծաւալուն դաշնագիրը (փրոթոգոլ) ստորագրելու եւ վաւերացնելու նպատակով, օրհնութեամբ տխրահռչակ Հիլըրի Քլինթընի։ Այդ օրերուն, անդամ էր «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան (AKP) եւ սերտ դաշնակիցը՝ անոր հիմնադիր Էրտողանի, հմտօրէն վարելով արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը։
Պատմութեան շարունակութիւնը տարբեր բան դուրս բերաւ։ Երկու բարեկամները հետզհետէ հեռացան իրարմէ, որովհետեւ Էրտողանի մէջ շեշտուեցան եւ բացայայտուեցան ծայրայեղական ազգայնամոլի գաղափարները, մինչդեռ Տաւութօղլու բեմին վրայ կը մնար համեմատաբար աւելի չափաւոր իր ընթացքով։ Տարակարծութիւնն ու անհամաձայնութիւնը արագօրէն խորացան, մանաւանդ երբ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութենէն Տաւութօղլուի հեռանալէն քանի մը տարի ետք, 2016-ին, նոյնինքն միապետական Էրտողան, յաւելեալ իշխանութիւն ձեռք ձգելու նպատակով, խորհրդարանական դրոյթը փոխարինեց նախագահականով:
Տաւութօղլու հաւանաբար քաղաքական կեանքի բազկերակը լաւապէս ստուգած էր եւ «հոտը առած», թէ իր նախկին գործընկերը ո՛չ միայն նախագահական ամբողջատիրական դրութիւն պիտի իրականացնէր, այլ նաեւ աւելի անդին երթալով՝ Օսմանեան կայսրութեան հետքերով, պիտի աշխատէր սուլթանութիւնը վերականգնել: Էրտողանի այս փառատենչութեան վկայութիւններէն մէկն ալ վերջին տարիներուն Անգարայի մէջ անոր կառուցած Սպիտակ պալատն է, իր հազար ու մէկ օսմանեան կառոյցներով…
Տաւութօղլու, որուն կուսակցութեան նշանակը կանաչ տերեւ մըն է եւ առաջին ակնարկով՝ կրնայ նկատուիլ կենսոլորտի պաշտպան կուսակցութիւն, այլ հետաքրքրական դիրքորոշում մըն ալ ունի. ան կ’աշխատի հեռու չմնալ քիւրտերէն, այլ ձեռք կ’երկարէ անոնց, ընթացք մը, որ կրնայ ըլլալ ի նպաստ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP)։
Տաւութօղլու թերեւս յառաջիկային շատ աւելի մանրամասնութեամբ անդրադառնայ նաեւ Արցախի մէջ կատարուածին, մանաւանդ որ անիկա ուղղակի մէկ շարունակութիւնն է Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ եւ Եգէականի անցուդարձերուն։ Ան քաջատեղեակ է, որ Ատրպէյճանն ալ վերածուած է թրքական նահանգի մը, որուն նահանգապետը՝ Էրտողանի հլու կամակատար Ալիեւն է (ցնոր տնօրինում):
Էրտողանէն հիմնովին տարբեր գործելաոճ ունեցող Տաւութօղլու գործած է «դրացիներու հետ զերօ հարց»-ի նշանաբանով: Անոր հետ շատ մը հայ դիւանագէտներ վիճաբանած են եւ հաւանաբար դեռ ալ կը վիճաբանին։
Այնպէս կ’երեւի, որ նոյնինքն թուրքը սկսած է մտահոգուիլ իր իսկ արժանապատուութեամբ. փաստօրէն, Տաւութօղլու, առանց պահուըտելու եւ բառերը ծամծմելու, կ՛ահազանգէ, թէ Թուրքիոյ մէջ խորացած են փտածութեան արմատները, եւ թէ թուրքեր հոգեպէս կը տառապին եւ կը վիրաւորուին. ուրեմն, ան կը մտածէ, որ ժամանակն է կանխահաս ընտրութիւններու:
Բնականաբար՝ հայութեան դիտանկիւնէն, Էրտողան-Տաւութօղլու կամ այլոց մրցակցութիւնները այնքան ալ շահեկան չեն, զանոնք կարելի է «ներքին հակամարտութիւններու» ծիրին մէջ յիշել, որովհետեւ պէտք չէ մոռնալ, որ հայութեան հանդէպ թուրքին թշնամանքը կրնայ արտայայտուիլ բիրտ՝ էրտողանական ոճով, կամ մեղրով օծուած թոյնով: Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնը վտանգաւոր է եւ պիտի մնայ այդպէս, այնքան ատեն, որ համաթուրանականութիւնն ու ազգայնամոլութիւնը կը մնան անոր հիմնական գիծը:
Ռազմաքաղաքական դաշտերուն դիմաց, գիտնականներ գործի լծուած են եւ շատ հաւանական է, որ քանի մը ամիսէն պսակաձեւ ժահրին (Քորոնա) դարմանը գտնեն։
Արար աշխարհն ալ յոյսով է, որ «Էրտողան ժահր»-ին դարմանն ալ գտնուի շուտով…