ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆՄԱՀ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

0 0
Read Time:53 Second

Սեպտեմբեր 27-ի Արցախեան մեր հայրենիքին վրայ Ատրպէյճանի կառավարութեան շղթայազերծած պատերազմէն արդէն իսկ քառասուն օրեր անցած են, եւ մեր ժողովուրդը դիւցազնական ոգիով կը շարունակէ պայքարիլ այս ոտնձգութեան դէմ, որ կը վայելէ թրքական բանակի ամբողջական աջակցութիւնը, մասնակցութեամբ հազարաւոր ահաբեկիչ վարձկաններու։ Որքան որ դատապարտելի է մեր ազգի դահիճներուն երկրորդ ցեղասպանութիւն գործադրելու այս ծրագիրը, նոյնքան եւ աւելի ցաւալի է, ինչ ինչ պատճառներէ մղուած համայն աշխարհի լռութիւնը՝ ի տես 21րդ դարուն մարդկութեան դէմ գործադրուած սադայէլական այս ոճիրին։

Քառասուն օրերէ ի վեր իւրաքանչիւր օր եւ ժամ Հայ զինուորը կը պաշտպանէ Հա՛յ հողը, Հա՛յ հաւատքը, Հա՛յ ինքնութիւնը եւ Հա՛յ իրաւունքը իր ամենաթանկագին արիւնով։ Ծաղիկ հասակի թեւակոխած հազարէ աւելի խոստմնալից երիտասարդներ իրենց կեանքը նուիրեցին ազատութեան խորանին։ Բազմահարիւր երիտասարդներ իրենց վէրքերով կը տուայտին, իսկ ուրիշներ գերեվարուած՝ անգութ կերպով կը խոշտանգուին։

Առ այդ, յառաջիկայ Կիրակի, 8 Նոյեմբեր, 2020-ին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, քառասնօրեայ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։

Աստուածամօր նուիրուած աղօթքի բառերը կրկնելով կ՛ըսենք․- «Ո՛վ Սուրբ Աստուածամայր, աղաչէ՛ քեզմէ ծնած Աստուածորդւոյն որ պատերազմները լռեն, թշնամիի յարձակումները դադրին, եւ սէր ու արդարութիւն տնկուի երկրի վրայ»։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles