1939-ին, Բ Աշխարհամարտի առաջին օրերուն, Ալպէր Քամիւ գրած է Manifeste մը, ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ, որ լոյս չէ տեսած, գրաքննութեան պատճառով: Կը գտնուէր Ալժէ եւ կը խմբագրէր թերթ մը: Լրագրողներուն կոչ կ’ընէ մնալու ազատ: Լրատուամիջոցը միշտ կը փորձուի ըլլալ կողմնակալ եւ բացասական, լուսաբանելու փոխարէն: Իր խօսքը ուղեցոյց է մամուլին, նաեւ՝ հայ, Հայաստան եւ սփիւռք: Առանց մեկնաբանութեան Manifesteը, որմէ քաղելիք ունին լրագրող եւ ընթերցող, ագիտ-պրոպի եւ խմբակային մտայնութիւններու զոհ չըլլալու համար:
Այսօր դժուար է անդրադառնալ մամուլի ազատութեան, առանց չափազանցութեան վերագրումի, Մաթա-Հարի ըլլալու, կամ յայտնուելու Ստալինի եղբօրորդին ըլլալու վիճակին մէջ:
Մինչդեռ այս ազատութիւնը արտայայտութիւններէն մին է պարզապէս ազատութեան, եւ հասկնալի պիտի ըլլայ մեր յամառութիւնը զայն պաշտպանելու, եթէ ուզենք ընդունիլ, որ այլ կերպ չկայ իրապէս շահելու համար պատերազմը:
Ի հարկէ, ամէն ազատութիւն իր սահմանները ունի: Կրկնելով, որ եթէ անոնք ազատօրէն ընդունուած ըլլան: Ինչ կը վերաբերի այսօր մտածումի ազատութեան խոչնդոտներուն, այն ամէնը զոր կրնայինք ըսել եւ դեռ պիտի ըսենք, մինչեւ յագեցում, այն ամէնը որ մենք պիտի կարենանք ըսել: Մանաւանդ, երբեք բաւարար չափով պիտի չզարմանանք, գրաքննութեան սկզբունքը անգամ մը պարտադրուած, Ֆրանսա հրատարակուած եւ կեդրոնի գրաքննիչներու թիրախը եղած գրութիւններու վերարտադրութիւնը արգիլուած ըլլայ Soir Républicainի մէջ (այն ժամանակ Ալժէ հրատարակուող այս թերթին խմբագրապետն էր Ալպէր Քամիւ), օրինակի համար: Այս մասին իրողութիւնը այն է, որ թերթ մը կախում կ’ունենայ անձի տրամադրութենէն եւ կարողութենէն, ցոյց կու տայ առանց այլ նկատումի անգիտակցութեան այն աստիճանը՝ ուր կը գտնուինք:
Իր անուան արժանի իմաստասիրութեան մը մտածելու լաւ կանոններէն մին այն է՝ որ երբեք անօգուտ ողբերով չտարուիլ իրողական կացութեան մը դիմաց, որմէ չենք կրնար խուսափիլ: Ֆրանսայի մէջ հարցը բնաւ այն չէ, գիտնալ՝ թէ ինչպէս պիտի պահպանուին մամլոյ ազատութիւնները: Հարց է, թէ ինչպէ՞ս, այդ ազատութիւններու վերացման դիմաց, լրագրող մը կրնայ ազատ մնալ: Հարցը այլեւ բնաւ չի հետաքրքրեր հաւաքականութիւնները: Ան կը վերաբերի անհատին: Արդարեւ, ինչ որ պիտի ուզէինք սահմանել հոս, կը վերաբերի պայմաններուն եւ միջոցներուն, որոնցմով, պատերազմի ընթացքին անգամ եւ անոր պարտադրանքներուն տակ, ազատութիւնը կրնայ ըլլլալ, ոչ միայն պահպանուիլ, այլ նաեւ հանդէս գալ: Այդ պայմանները չորս են. յստակատեսութիւն, մերժում, հեգնանք եւ հաստատակամութիւն: Յստակատեսութիւնը կ’ենթադրէ դիմադրականութիւն ատելութեան եւ ճակատագրապաշտութեան պաշտամունքին: Մեր աշխարհի փորձառութեամբ, ճիշդ է որ կարելի է ամէն բանէ խուսափիլ: Նոյնինքն պատերազմէ, որ մարդկային երեւոյթ մըն է, ամէն պահու կարելի է անկէ խուսափիլ կամ կասեցնել մարդկային միջոցներով: Կը բաւէ գիտնալ վերջին տարիներու եւրոպական քաղաքականութիւնը, վստահ ըլլալու համար, որ պատերազմը, ինչպէս որ ալ ըլլայ ան, ակնյայտնի պատճառներ ունի: Իրերու այս յստակ պատկերացումը կը բացառէ կոյր ատելութիւնը եւ յուսահատութիւնը, որ թոյլ կու տայ այդ ընել: Ազատ լրագրող մը, 1939-ին, չի յուսահատիր եւ կը պայքարի այն բանին համար որուն ճիշդ ըլլալուն կը հաւատայ, այնպէս՝ որ իր արարքը կրնայ ազդել դէպքերու ընթացքին վրայ: Ան ոչինչ կը հրատարակէ ատելութիւն գրգռելու կամ յուսահատութիւն յառաջացնելու համար: Այս ամէնը իր կարողութեան մէջ է:
Տխմարութեան մակընթացութեան դիմաց, նոյնպէս կարեւոր է կարգ մը մերժումներ հակադրել: Աշխարհի բոլոր տեսակի պարտադրանքները չեն բաւեր, որ քիչ մը մաքուր մտածող ընդունի անազնիւ ըլլալ: Բայց, այնքան որ ծանօթ ենք տեղեկութիւններու ընթացքին, դիւրին է ապահով ըլլալ լուրի մը ճշգրտութեան: Այս կէտին վրայ է որ ազատ լրագրող մը պէտք է կեդրոնացնէ իր ուշադրութիւնը: Երբ ան չի կրնար ըսել այն ամէնը որ ինք կը մտածէ, իրեն համար հնարաւոր է չըսել ինչ որ ինք չի մտածեր կամ կը խորհի որ սխալ է: Եւ այսպէս է, որ ազատ թերթ մը կը չափուի նոյնքան իր ըսածով եւ իր չըսածով: Այս ամբողջովին բացասական ազատութիւնը, հեռուէն, ամենէն կարեւորն է, եթէ գիտնանք զայն պահել, քանի որ ան կը պատրաստէ յայտնաբերումը ճշմարիտ ազատութեան:
Հետեւաբար, անկախ թերթ մը կը յիշէ իր տեղեկութիւններու աղբիւրը, կ’օգնէ հանրութեան զանոնք արժեւորելու, կը խնայէ ուղեղներու խցկումը, կը ջնջէ լուտանքները, առաջքը կ’առնէ տեղեկութիւններու միօրինակացման, եւ պարզապէս կը ծառայէ ճշմարտութեան՝ մարդկային ուժերու ներած չափով: Այս միջոցը, որքան որ ալ յարաբերական ըլլայ, իրեն թոյլ կու տայ առնուազն մերժել ինչ որ աշխարհի ոչ մէկ ուժ իրեն չի կրնար պարտադրել. ծառայել սուտին:
Կը հասնինք հեգնանքին: Որպէս սկզբունք կրնանք ընդունիլ, որ միտք մը, որ ունի ճաշակը եւ միջոցները պարտադրանքին, անթափանց է հեգնանքին: Չենք տեսներ Հիթլէրը, օրինակ մը ուրիշներու շարքին, գործածել Սոկրատի հեգնանքը: Ուրեմն հեգնանքը կը մնայ աննախընթաց զէնք մը ընդդէմ շատ հզօրներուն: Այս իմաստով ան կը լրացնէ մերժումը, որ թոյլ կու տայ ոչ թէ մերժել ինչ որ սխալ է, այլ ըսել յաճախ ինչ որ ճիշդ է: Ազատ լրագրող մը շատ խաբկանքներ չունի զինք ճնշողներու ուշիմութեան մասին: Ան յոռետես է ինչ կը վերաբերի մարդուն: Վարդապետական ձեւով ըսուած ճշմարտութիւն մը իննիսուն տոկոսով գրաքննութեան կ’ենթարկուի: Այս դրութիւնը իրապէս կը պատկերացնէ մարդկային ուշիմութեան կարելիութիւնները: Կը բացատրէ միաժամանակ, որ ֆրանսական թերթեր, ինչպէս Le Merleou, Le Canard enchaîné, կրնան հրատարակել ծանօթ քաջ յօդուածները: Ազատ լրագրող մը, 1939ին, հարկադրաբար հեգնական է, ինչ որ յաճախ կ’ընէ ի գին իր ապահովութեան: Բայց ճշմարտութիւնը եւ ազատութիւնը երկու պահանջկոտ հոմանուհիներ են, քանի որ քիչ սիրողներ ունին:
Հակիրճ կերպով սահմանուած մտաւորական կեցուածքը կարելի չէր ազդու կերպով պաշտպանել առանց նուազագոյն յամառութեան: Արտայայտուելու ազատութեան առջեւ շատ մը խոչնդոտներ դրուած են: Ամենէն խիստերը չէ որ կրնան յուսահատեցնել միտքը: Քանի որ սպառնալիքները, առկախումները, հետապնդումները Ֆրանսայի մէջ կը յանգին առաջադրուածի հակառակ արդիւնքին: Բայց պէտք է ընդունիլ, որ կան յուսահատեցնող արգելքներ. տխմարութեան մէջ հաստատակամութիւնը, կազմակերպուած թուլամորթութիւնը, յարձակապաշտ ուշիմութիւնը, եւ դեռ ուրիշ բաներ: Հոն կը կայանայ մեծ արգելքը, զոր պէտք է յաղթահարել: Հոս յամառութիւնը առաջնակարգ առաքինութիւն է: Հետաքրքրական բայց ճշմարիտ յարակարծութիւն մը կայ. ան ինքզինք կը տրամադրէ առարկայականութեան եւ հանդուրժողականութեան:
Ուրեմն, ահաւասիկ օրինակ մը կանոններու, պահելու համար ազատութիւնը նոյնիսկ ստրկացման մէջ: Եւ յետոյ ի՞նչ, պիտի ըսեն: Յետո՞յ:
Շատ չաճապարենք: Եթէ միայն իւրաքանչիւր ֆրանսացի ուզէ պահել իր շրջապատին մէջ ինչ որ կը կարծէ թէ ճիշդ է եւ արդար, եթէ ուզէ իր համեստ նպաստով օգնել ազատութեան պահպանման, դիմադրել լքման եւ բացայայտէ իր կամքը, այն ատեն միայն այս պատերազմը կը շահինք, բառին խոր իմաստով:
Այո՛, յաճախ իր անձը ճնշման ենթարկելու գնով, ազատ մտածող մը կը զգացնէ իր հեգնանքը: Ի՞նչ հաճելի բան կարելի է գտնել այս բռնկած աշխարհին մէջ: Բայց մարդու առաքինութիւնն է կանգնիլ այն բոլոր բաներուն դէմ, որոնք զինք կը ժխտեն: Ոչ ոք կ’ուզէ, քսան հինգ տարի ետք, վերսկսիլ 1914ի եւ 1939ի զոյգ փորձերը: Հետեւաբար հարկ է փորձել բոլորովին նոր ձեւ մը, որ պիտի ըլլայ արդարութիւն եւ վեհանձնութիւն: Բայց ասոնք կ’արտայայտուին միայն արդէն ազատ սրտերու եւ արդէն յստակատես միտքերու մէջ: Պատրաստել այդ սիրտերը եւ միտքերը, նախընտրաբար զանոնք արթնցնել, այդ միաժամանակ համեստ եւ փառասիրական պարտականութիւնն է, որ կը վիճակուի անկախ մարդուն: Անոր պէտք է կառչիլ առանց աւելի հեռուն նայելու: Պատմութիւնը նկատի պիտի ունենա՞յ այս ճիգերը, թէ՞ ոչ: Բայց անոնք եղած պիտի ըլլան:
Ալպէր Քամիւ
Թարգմանեց՝ Յակոբ Պալեան