Read Time:22 Second
Ձօն՝ Քրիստափոր Արթինի, Գէորգ Հաճեանի եւ Մհեր Յարութիւնեանի
Վարանգաթաղի բարձունքը սրբացաւ,
Ձեր սուրբ կարմիրով մկրտուեցաւ,
Ձեր վերջին շունչերը արտաբուրելով՝
Հայն իր փառքին տիրացա՛ւ :
Համբարձա՛ք, դուք չինկաք,
Իբրեւ յաղթանակի նախերգակ,
հովիտներու քամիներուն հետ՝
Թէժ պայքարէն ետք, բարձրացա’ք:
Վարանգաթաղի արծիւներու երամ,
Սէգ բարձունքէն՝ Վասպուրական,
Չէք ննջեր, միշտ կը տքնիք արթո՛ւն,
Հաւատարիմ պահակներ դիւցազներուն:
Ձեր անունները յաւերժ, աղօթքի պէս՝
Սերունդներ կ’արտասանեն այնպէս,
Ինչպէս սուրբերուն միջնորդութեան.
Դո՛ւք առաքինի ընծաներ Հայութեան:
Ռաֆֆի Սարգիսեան
Թորոնթօ, Գանատա
2020