Մարք Յարութիւնեան
Փարիզ
Արեւելեան Միջերկրականէն մինչեւ Կովկաս, թերեւս վաղը մինչեւ Չինաստան, հրձիգի թափահարումներու խաղին անձնատուր է Էրտողան:
Թուրքիոյ բնակչութեան ուշադրութիւնը շեղեցնելու համար երկրի տնտեսական դժուարութիւններէն եւ պառակտումներէն, այլախոհական շարժումներէն, մամուլի ազատութեան սահմանափակումներէն, անվերջանալի հետապնդումներէն, դատերէն եւ բանտարկութիւններէն, ան յաջողութիւններու պէտք ունի, ամբոխային տրամադրութիւնները բաւարարելու համար:
Էրտողանի արտաքին ճակատի վրայ ցուցաբերած ցուցական եւ իրաւ յարձակապաշտութիւնը հասկնալու համար պէտք է հետեւիլ Թուրքիոյ ներքին կեանքին: Հասկնալ ոչ միայն Էրտողանի հետապնդած ուշադրութիւն գրաւող նպատակները, այլ հասկնալ նաեւ այն ինչ զոր կ’ուզէ թաքցնել իր հանրային կարծիքէն եւ իր ամբոխավարութեան հետեւող երկրէն դուրս գտնուող զինք լսող ուժերէն:
Հակառակ տեսնուածին եւ մոլեռանդ ամբոխի ակնկալութիւններուն, Թուրքիա ներքին քաղաքական միասնութիւն չունի: Այս իրողութիւնը կը փաստուի անով, որ Էրտողան ստիպուած է մնայուն ճնշման տակ պահել լրատուամիջոցները, դատեր եւ բանտարկութիւններ, ունենալ ուշագրաւ նախաձեռնութիւններ: Այլ երկիրներ ապաստան կը գտնեն հրապարակագիրներ, գրողներ, արուեստագէտներ եւ այլախոհ քաղաքական գործիչներ, ինչ որ կը վկայէ ներքին անհանգստութեան մասին:
Հակառակ ըսուածներուն եւ մոլեռանդութիւն հրահրող ճառերուն, Թուրքիա ներքին ազգագրական միութիւն չունի: Յաճախ կը խօսուի այն մասին, որ երկրի մէկ երրորդէն աւելին ինքզինք թրքութեան մէջ չի տեսներ: Այդպէս է պարագան ոչ միայն քսան միլիոնէ աւելի քիւրտերուն, կան նաեւ ալեւիները, ակամայ իսլամացած յոյները, հայերը, հոն մնացածներու համար կ’ըսենք թաքուն, սփիւռքը կազմուած է հայրենահանուածներով: Նաեւ կան փոքրամասնութիւններ, ինչպէս յոյները, ոչ թաքուն հայերը, հրեաները, ասորիները: Այսինքն, հակառակ բրտութիւններու, Թուրքիան ազգային ինքնութեան եւ միութեան խնդիր ունի, հակառակ դպրոցներու մէջ ուսուցուած երանի թուրք եմ ըսողին կարգախօսին, հակառակ Թուրքիոյ եւ Ռեչէփ Էրտողանի կայսերական փառասիրութեան, Թուրքիա ներքին իրաւ միութիւն չունի: Այլ հարց է, թէ՝ կրնա՞յ ունենալ: Եթէ չունի, ի՞նչ կրնան ըլլալ հետեւանքները:
Երբ ուրիշներ կը մոռնան Սեւրի դաշնագիրը, Թուրքիա չի մոռնար, կը վախնայ, որ ան յանկարծ կրնայ վերյայտնուիլ քաղաքական վերադասաւորումներ երբ օրակարգ ըլլան եւ վտանգեն երկրի տարածքային այսօրուան ամբողջութիւնը: Սեւրի դաշնագրի (10 Oգոստոս 1920) ուրացումը պատճառ եղաւ առաջին աշխարհամարտէն ետք ստեղծուած քաղաքական մրցակցութիւններուն եւ ուժերու դասաւորման, եւ ան զեղծուեցաւ Լոզանի դաշնագրով (22 Յուլիս 2022), որ դրժումն էր Դաշնակից պետութիւնները առաջնորդած եւ անոնց դաւանած թեւաւոր սկզբունքներուն:
Այս պատճառներով, Թուրքիոյ համար ձեռնտու չէ խաղաղութիւնը, որ կը պայմանաւորուի խաղաղութեամբ, որ կ’ենթադրէ արդարութիւն եւ իրաւունք: Եւրոմիութեան դռներու փակման վիրաւորանքը եւ յուսախաբութիւնը կրնան զգուշութեան հրաւիրել Էրտողանը, եւ անոր ենթադրել տալ, որ Սեւրի դաշնագիրը կրնան վերակենդանացնել, կասեցնելու համար իր յարձակապաշտութիւնը: Այս կացութիւնը պատճառ է, որ Էրտողան փուլ չգալու համար ստիպուած է կանգ չառնել: Այսինքն, Էրտողան եւ թուրք ազգայնամոլ զանգուածը գիտեն, որ նստած են անարդարութիւններու դէզի վրայ, ինչ որ իրենց դէմ զէնք կրնայ դառնալ: Եւ բնական է, որ ունենան անապահովութեան զգացում, արտաքին այս ազդակներու եւ ներքին ընդդիմութեան պատճառներով: Եւ Թուրքիան մերժող Արեւմուտքը կը դիտուի որպէս թշնամի, զինք ապակայունացնելու միտող ուժ:
Ի հարկէ, միջազգային շրջանակները չեն անգիտանար այս բոլորը: Ինչպէ՞ս կը հակազդեն: Դէպքերու հոլովոյթի արդիւնքը ցոյց պիտի տայ ժամանակը:
Իսկ Թուրքիան կը շարունակէ չընդունիլ ճշմարտութիւն եւ պատմութիւն: Ան մշակած է իր հակաճշմարտութիւն քաղաքական ռազմավարութիւնը. քրտական հարց գոյութիւն չէ ունեցած եւ գոյութիւն չունի, հայկական ցեղասպանութիւն չէ եղած, չկայ, այս բոլորը արեւմտեաններու յերիւրանքներ են զինք ապակայունացնելու եւ տկարացնելու համար:
Այս ռազմավարութիւնը ունի իր տրամաբանութիւնը, ինչ կը վերաբերի առաջ տարուող քաղաքականութեան, որ կը ձգտի Թուրքիան դարձնել միջազգային ուժ եւ դերակատար: Գաղափարախօսութիւն՝ որ համաթրքականութիւնն է եւ այս անվարան պէտք է ըսել եւ կրկնել: Ծրագիր՝ որ կը միտի համախմբել եւ միացնել նախկին օսմանեան կայսրութեան եւ նախկին Խորհրդային Միութեան բոլոր թրքացեղ ժողովուրդները, տարածուիլ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի վրայ, հակադրուիլ Արեւմուտքի կայսերապաշտութեան եւ հաստատել թրքական գերակայութիւն:
Այս նպատակի իրականացման համար կ’օգտագործուին բանակը, ուժանիւթի աղբիւրներու անցքը Թուրքիայէն, ապաստան գտած միլիոնաւոր գաղթականները, որոնց առջեւ եթէ սահմանները բացուին Եւրոպան կ’ապակայունանայ: Իր ռազմավարական հակադրութիւնը Իրանի հետ փակագիծի մէջ դրած է եւ Միջին-Արեւելքի մէջ դերակատար կ’ըլլայ, օգտագործելով կրօնական ազդակը: Աւելցնել անբնական մերձեցումը Ռուսիոյ հետ:
Այս բազմաշերտ քաղաքականութիւնը հետապնդելու համար, Էրտողան կը պատերազմի Սուրիոյ դէմ, Եւրոպայի դէմ՝ գործածելով գաղթականութեան զէնքը, որ միլիոններով կրնայ խուժել:
Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, հակառակ իր ունեցած բանակին, վարձկաններու հաւաքագրման, ոչ կրցած է պարտութեան մատնել Պաշշար էլ Ասատը, ոչ ալ չէզոքացնել իր ոխերիմ թշնամի քիւրտերը: Բայց կը շարունակէ օգտագործել թուրք զանգուածի մոլեռանդութիւնը, ներկայութիւն փաստել ուժի ցուցադրութեամբ, որուն վերջին դրսեւորումն է իր լայն օժանդակութեամբ ատրպէյճանական նախայարձակումը Արցախի վրայ, որ թրքական եւ ատրպէյճանական ոչ բացայայտ տրամաբանութեամբ յարձակում է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայկական սփիւռքի վրայ, վերջ տալու համար հայկական ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ անոր բնական հետեւութիւնը ըլլալու կոչուած բռնագրաւեալ Հայաստանի ազատագրութեան:
Միշտ ախտաւոր յիշողութիւնը Սեւրի դաշնագրի վճիռի կենսագործման:
Կ’ենթադրեմ, որ ոչ Մ.Ա.Կ.-ը, ոչ Ռուսիան, ոչ Միացեալ Նահանգները, ոչ Չինաստանը եւ ոչ ալ արաբական աշխարհը միամիտ են: Կը տեսնեն Թուրքիոյ ցեղապաշտ, ազգայնամոլ եւ յարձակապաշտ քաղաքականութիւնը: Մանրուքներէ հրաժարելով, վերջ կը դնե՞ն աշխարհը աննախատեսելի աղէտի առաջնորդելու կոչուած Թուրքիոյ այլեւս անթաքոյց ռազմատենչ քաղաքականութեան: Հարցում էր:
Որպէսզի մարդկութիւնը կրկին սուղ գին չվճարէ չկանխուած պատերազմի մը համար: