էՐՏՈՂԱՆ ԼՈՒՌ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ Կ’ԱԿԱՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 59 Second

Մարք Յարութիւնեան

Փարիզ

Մոլեռանդը ճարտասան մըն է,  կուժի մը նման խուլ:

Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան, Լիբանանցի բանաստեղծ

 

            Լիբանանի դժուարութիւններու ցանցին մէջ, Էրտողան, առանց բրտութեան, առաջ կը տանի իր տիրակալական խաղը: Թուրքիա Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ զինուորական ներկայութիւն է: Լիբանանը հակակշռելու համար, փոխան զէնքի եւ զինուորի, ան կը ներկայանայ բարեսէրի թաւշեայ ձեռնոցներով: Միշտ շահագործելով կրօնական ազդակը, համայնքներու խճանկար Լիբանանի մէջ, Էրտողանի յատուկ ուշադրութեան առարկայ է իսլամ սիւննի համայնքը: Լիբանանի Սայտա քաղաքին մէջ, Թուրքիոյ յատկացումներով կառուցուած է հիւանդանոց մը: Ի հարկէ, ոչ ոք կրնայ դատապարտել նման բարեսիրութիւն: Բայց երբ բարեսէրը Էրտողանն է, պէտք է երկու անգամ մտածել:

            Ինչո՞ւ այդ բարեսիրութիւնը ընելու ցանկութիւն ունեցած է Լիբանանի տագնապալի օրերուն:

            Լիբանանի հանդէպ Էրտողանի հետաքրքրութիւնը բարեսիրութեամբ չ’աւարտիր: Լիբանանեան խճանկարը բարդ է: Երկրի կեանքին մէջ ընդունուած դերակատար տասնեակ մը գլխաւոր համայնքներէն զատ, կան բազմաթիւ փոքրեր: Փոքրաթիւ են թիւրքմէնները եւ Անգարայի յատուկ ուշադրութեան առարկայ: Սուրիոյ մէջ անոնք կարեւոր թիւով համայնք են, եւ Թուրքիա, միշտ օգտագործելով կրօնական ազդակը եւ մոլեռանդութիւնը, զանոնք հաւաքագրած է եւ դարձուցած զինեալ ջոկատներ, որոնք ներկայ են Սուրիոյ հիւսիսը, Իտլիպի մէջ, որպէս կռուող ուժ քիւրտերուն դէմ: Լիբանանի փոքրաթիւ թիւրքմէններուն Անգարա անմիջապէս հպատակութիւն կու տայ, երբ անոնք դիմում ներկայացնեն: Արդէն շուրջ տասը հազար թիւրքմէններ ստացած են թրքական քաղաքացիութիւն:

            Թրքական այս խուլ թափանցումը անմեղ չէ: Ան կը միտի ցեղասպանութենէ ճողոպրածներու հայ սերունդներու քաղաքական-քարոզչական գործունէութիւնը չէզոքացնելու: Փաստ է, որ հայկական ցոյցերուն դէմ կ’ելլեն թրքական դրօշներով հակացուցարարներ, որոնք չեն վարանիր սպառնալիքներով հանդէս գալ: Թրքական կազմակերպուած հակահայկական սպառնական աշխատանքներ են ասոնք, քիչ մը ամէն տեղ, ինչպէս Լիբանան, Ֆրանսա (Փարիզ եւ Լիոն), Սան Ֆրանսիսքօ…

            Անգարայի քաղաքականութիւնը հեռանկարային է, առանց ուշադրութիւն հրաւիրող նախաձեռնութիւններու եւ յայտարարութիւններու: Ինչպէս կ’ըսեն, դիւանագիտական դիմակի ետին կանգնած, Թուրքիա պղտոր ջուրի մէջ լայն եւ բազմերես տարածումով ձկնորսութիւն կ’ընէ:  Սիւննի ուսանողներուն կրթաթոշակներ կը տրուին, ապագան պատրաստելու համար, Լիբանանի մէջ հաւատարիմ եւ երախտապարտ համակիրներ ունենալու համար:

            Միաժամանակ, Էրտողան կը փորձէ Լիբանանէն հեռացնել ուրիշ երկիրները: Այսպէս, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած պայթումէն վերջ, բուռն կերպով քննադատած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի այցելութիւնը, այն ամբաստանութեամբ, որ ան կ’ուզէ նոր ձեւով վերահաստատել անցեալի գաղութարարութիւնը:

            Էրտողան ուրիշներու կ’ըսէ, թէ իրենց պատմութիւնը չեն գիտեր: Օսմանի կայսրութիւնը վերականգնելու փառասիրութիւնը հետապնդող Էրտողան մոռցա՞ծ է, որ բազմաթիւ այլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու պէս, Լիբանանն ալ սուլթանի տիրապետութեան տակ էր, Լիբանանի մէջ մարդիկ սովի մատնուած էին, կախաղան բարձրացուած: Հիւանդանոց կառուցելով կը կարծէ՞ մարդոց յիշողութենէն ջնջել պատմութիւնը:

            Էրտողանի ծաւալապաշտութեան պատկերը աչքի առջեւ պէտք է ունենալ:

            Ան զինուորական ներկայութիւն է Լիպիոյ մէջ, իր բանակով եւ վարձկան զինեալներու խումբերով, այլեւս անթաքոյց կերպով գրաւած է Սուրիոյ հիւսիսի Իտլիպի շրջանը, ճզմելու համար քիւրտ ազատամարտիկները, Քաթարի եւ Սոմալիի մէջ կը պահէ ռազմակայաններ, կը փորձէ զինու զօրութեամբ տէր ըլլալ Կիպրոսի ծովային տարածքի ուժանիւթի հարստութիւններուն:

            Էրտողանի փառասիրութեան դաշտը ընդարձակ է: Նաեւ՝ Կովկասը: Անվարան կը յատարարուի, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մէկ ազգ են, բայց երկու պետութիւն: Միացեալ ռազմափորձերէ ետք, ոչ պատահական կերպով, Ատրպէյճան նախայարձակում գործեց Արցախի հայկական հանրապետութեան դէմ:

            Էրտողանի բարեսիրութիւնները Լիբանանի հանդէպ անմեղ չեն կրնար ըլլալ: Ի հարկէ, կը միտին, ինչպէս ըսի, հայկական քարոզչութիւնը խափանելու, բայց նաեւ ստեղծելու իր նոր-օսմանական քարտէսը:

            Եթէ այսքան բան մենք գիտենք, գիտեն նաեւ արդարութեան, աշխարհի հաւասարակշռութեան եւ խաղաղութեան կոչուած իրաւարարները, անոնք ըլլան Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդը, Եւրոմիութիւնը, Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Չինաստանը, թէ ուրիշներ:

            Բոլորի այսօրուան հանդուրժողութիւնը եւ լռութիւնը մեղսակցութիւն է վաղուան աղէտին:

            Իսկ վաղուան աղէտը անխուսափելի է, եթէ չսրբագրուին անցեալի ծանրակշիռ սխալները եւ անարդարութիւնները:

            Մարդկութիւնը իրատեսութիւն եւ քաջութիւն կ’ունենա՞յ սրբագրելու եւ սրբագրուելու:

            Catharsis ընելու: Ինքնամաքրուելու:

            Այս ցանկութիւնը ցնո՞րք է, թէ աղէտներու հանխարգիլման ուղի:

            Պատմութիւնը պիտի ըսէ եւ դատէ:

            Մինչ այդ, լիբանանցի մեծ բանաստեղծ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի խօսքով պէտք է դիտենք եւ դատենք ներկան, այն, որ՝

            Մոլեռանդը ճարտասան մըն է,  կուժի մը նման խուլ:

            Այսինքն ան կը լսէ միայն ինքզինք եւ կը հետապնդէ իր շահը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles