ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԳՐԳՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՖՐԱՆՍԱ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ՄՍԿՈՏ ԵՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 59 Second

Մարք Յարութիւնեան

Փարիզ

Էրտողան կը հետապնդէ համիսլամական եւ նոր-օսմանեան ծրագիր մը, որուն դէմ պէտք է պայքարիլ շտապ:

Մեզրի Հատտատ

թունուզցի լրագրող, գրող, իմաստասէր եւ դիւանագէտ *

 

            Արաբ մտաւորականը հասկցած է. Թուրքիոյ նախագահին նպատակը. իսլամութիւնը շահագործելով օսմանի կայսրութեան վերականգնել է, իրականացնելու համար համաթրքականութիւնը, որ նախ ուղղուած պիտի ըլլայ արաբական աշխարհի ինքնուրոյնութեան եւ անկախութեան դէմ:

            Եւրոպայի քաղաքական կեանքին չափ տուող ճիպոտը կարծէք Ռեճէպ Էրտողանի ձեռքին է: Ան կը նախաձեռնէ, միջազգային համաձայնութիւններ կ’անտեսէ, կը մեկնաբանէ, կը սպառնայ: Ինչ որ չեն ըսեր արեւմտեան եւ արաբական թերթերը ու վերլուծաբանները, կ’ըսէ թունուզցի Մեզրի Հատտատ մտաւորականը: Ան կ’ընդգծէ Էրտողանի զէնք շանթաժի քաղաքականութիւնը: Կը գրէ. «Այն օրէն ի վեր որ ան կը հակադրուի եւրոպական կառավարողներուն, Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան կը ձգտի գործադրել իր սպառնալիքը եւ Յունաստանի հետ իր ցամաքային եւ ծովային ճանապարհները բանալ հազարաւոր սուրիացի, աֆղան, իրաքցի, փաքիստանցի եւ սոմալցի գաղթականական ալիքին առջեւ: Անոնց մէջ վստահօրէն սպրդուած կան իրենց մօրուքները կամ պուրքաները վերցուցած ահաբեկիչներ: Այս իր տարհամոզման հիւլէական զէնքն է, կամ խողովակաշարը, Եւրոմիութիւնը ենթարկելու համար իր համիսլամական եւ ծաւալապաշտական ուքազներուն (հրամանագրերուն)»:

            Եւ այդ շանթաժով Եւրոպայէն կը կորզէ միլեառներ:

            Էրտողանի ըմբռնումը այն է, որ բոլոր միւս պետութիւնները եւ ժողովուրդները միայն մէկ իրաւունք ունին. իրեն հետ համաձայն ըլլալու: Այս (չ)իմաստութեան ետին կայ թրքական աւանդական բարոյականը. ինչ որ իմս է, ինծի կը պատկանի, ինչ որ քուկդ է ան ալ ինծի կը պատկանի: Ան ուրիշ քաղաքակրթութիւն, պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդներու տարածքները բռնագրաւած է, ոտնակոխելով ազգերու իրաւունքը, նոյնիսկ՝ ապրելու իրաւունքը:

            Ինչ որ դեռ կը թաքցուէր դիւանագիտական ճապկումներով, հիմա բացորոշ է: 12 սեպտեմբերին, Էրտողան ազդարարեց Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին կռիւ չփնտռել Թուրքիոյ հետ: Այս ամբարտաւանութեան պատճառը արեւելեան Միջերկրականի մէջ թրքական նախաձեռնութիւններուն դէմ Մաքրոնի պարկեշտ կեցուածքն է, քանի որ ան զօրավիգ է Ատլանտեան Ուխտի իր դաշնակից Յունաստանին, երբ նոյն Ուխտի անդամ եւ կարծեցեալ դաշնակից Թուրքիա յարձակապաշտ եւ ծաւալապաշտ է ընդդէմ նոյն Յունաստանի:

            Նախագահ Մաքրոն առանձին չէ: Եւրոմիութեան հարաւի վեց երկիրներ կոչ ըրին Թուրքիոյ, որ ան դադրեցնէ առճակատման միտող քայլերը, սպառնալով դիմել պատժամիջոցներու, եթէ շարունակէ մերժել Յունաստանի եւ Կիպրոսի իրաւունքները յարգել, ինչ կը վերաբերի անոնց  ծովային սահմաններուն դէմ ոտնձգութիւններու, բնական կազի աղբիւրներ փնտռելու համար:

            Նախագահ Մաքրոն, բացորոշ կ’ըսէ, որ Թուրքիա այսօր անընդունելի ընթացք ունի, եւ կը պահանջէ, որ յստակացնէ իր միտումները: Էրտողան, իր կարգին, կ’ըսէ, որ նախագահ Մաքրոն բաւարար չափով պատմութիւն չի գիտեր, եւ Ֆրանսան չի կրնար մարդկայնութեան դասեր տալ Թուրքիոյ, կը յիշեցնէ Ֆրանսայի ալժերիական գաղութարար անցեալը եւ դերը՝ 1994ի Ռուանտայի ցեղասպանութեան մէջ:

            Անպատժելիութեան վարժ Թուրքիոյ նախագահը կը սպառնայ, ըսելով՝ Մաքրոն, ինծի հետ խնդիր ունենալէ պիտի չդադրիս:

            Եւրոմիութեան եւ Ատլանտեան Ուխտի միւս անդամները ի՞նչ կը մտածեն Էրտողանի ֆրանսայի ուղղած մարտահրաւէրին մասին: Կը լռե՞ն, կը հակազդե՞ն:

            Որպէս ռազմապաշտ կամ Արեւմուտքի պաշտպան համարուած Ատլանտեան Ուխտը (ՆԱԹՕ) հեռու կը մնայ ծագած վէճէն, իսկ Ֆրանսա կը հակազդէ: Արդէն Էրտողան թշնամական կեցուածք ունի Ֆրանսայի դէմ, քանի որ, ինչպէս կ’ըսէ նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Թուրքիա Եւրոպա չէ եւ տեղ չունի Եւրոմիութեան մէջ: Եւրոմիոթիւնը այս տագնապին մէջ մսկոտ է, հակառակ Լիզպոնի դաշնագրին, որ կը նախատեսէ փոխադարձ պաշտպանութիւն անդամ երկիրներուն միջեւ: Յունաստանի եւ Կիպրոսի դէմ նախայարձակման քայլերու կը դիմէ Թուրքիա եւ Եւրոմիութիւնը կը լռէ: Միայն Ֆրանսան է որ կը հակազդէ, կանխելու համար Թուրքիոյ նուաճողական-կայսերական փառասիրութիւնները:

            Կացութիւնը այն է, որ Ֆրանսան կը զօրացնէ իր օդուժը եւ ծովուժը շրջանին մէջ, յարգելով Յունաստանի հետ իր կնքած ռազմավարական համաձայնութիւնները, պաշտապանելու համար Յունաստանի եւ Կիպրոսի գերիշխանութիւնը, կ’ուզէ սահման դնել Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն, որոնք նախատեսել կու տան միջազգային մեծ տագնապ մը, որ կազ կը հոտի, որ Թուրքիոյ նախայարձակի քաղաքականութեան հիմքին է: Ամերիկան, յուլիսի վերջաւորութեան, Թուրքիոյ հետ կատարեց ծովուժի միացեալ ռազմափորձեր: Միւս կողմէ, զօրակցելով Կիպրոսի հանրապեսութեան, արտօնած էր զէնքի վաճառքը Կիպրոսի, նոյն ատեն դատապարտելով Թուրքիոյ հորահատումները Կիպրոսի ծովային սահմաններէն ներս:

            Միջոցին, ամիս մը կազ փնտռելէ ետք, թրքական նաւը վերադարձած է, ինչ որ տագնապի մեղմացում ենթադրել կրնայ  տալ:

            Յունաստան եւ Թուրքիա, 1952-էն ի վեր Ատլանտեան Ուխտի անդամ են:  Հիմա որ անոր հակադրուող Վարշաւիոյ Ուխտը չկայ, Կիպրոսի հիւսիսային շրջանի գրաւման խնդիրը եւ բնական կազի հորահատումները կրնա՞ն առաջնորդել պատերազմի: Յիշել, որ Թուրքիա իր զինարանը օժտեց ռուսական հթիռներով, սրելով տարակարծութիւնները Ատլանտեան Ուխտին մէջ: Էրտողան կ’ուզէ հզօրութիւն ձեռք բերել, եւ այդ ծառայացնել օսմանի կայսրութեան վերականգնումին՝ նուաճումներով:

            Ատլանտեան Զինակցութեան անդամներուն միջեւ պատերազմի մը սեմին ե՞նք:

            Գրգռութեան խօսքերու պատերազմ կայ. Թուրքիոյ նախագահութիւնը կը խօսի կարծեցեալ Նափոլէոնի եւ անոր միջերկրանեան արշաւանքին մասին, իսկ խորհրդարանի նախագահը՝ Մաքրոնի պատանեկան տագնապի եւ Ֆրանսայի կեղծիքի մասին: Էրտողան դիւանագիտական պատշաճութիւնը արհամարհելով կ’ըսէ, թէ Մաքրո՛ն, քեզի շատ քիչ ժամանակ մնաց, մօտ օրէն պիտի հեռանաս իշխանութենէ:

            Թուրքիա ջղագարութիւն կը դրսեւորէ քրտական եւ հայոց ցեղասպանութեան հարցերով Ֆրանսայի դիրքին պատճառով: Ֆրանսա մտահոգ է Թուրքիոյ Լիպիա միջամտութեամբ, ոտնձգութիւն՝ ֆրանսական ազդեցութեան գօտիէն ներս:

            Այսօր Էրտողան միջազգային բեմի վրայ պատերազմի հրձիգ է՝ կանխելու համար քրտական, հայկական եւ սուրիական հարցերով արդարութեան ոեւէ միտում:

            Եկա՞ծ է պահը Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին անթեղուած անարդարութիւններու թղթածրարը լրիւ բանալու եւ վերջ տալու Թուրքիոյ ինքնարտօնուած անտառի օրէնքին:

            Վաղը միշտ ուշ է: Ուշացման համար միշտ սուղ կը վճարուի:

 

* Նախագահ Ֆրանսայի Աշխարհաքաղաքական եւ նախատեսութիւններու վերլուծաբանական միջազգային կեդրոնին (Centre International de Géopolitique et de Prospective Analytique – CIGPA)

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles