1920 Օգոստոս 10-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը, կարեւոր պատմական փաստաթուղթ մըն է, որ կը հաստատէ Թուրքիոյ և մեծ պետութիւններու կողմէ, ճանաչումը Հայաստանի Հանրապետութեան: Մինչեւ օրս, ան կը մնայ խորհրդանիշը մեր դատի պատմական արդարութեան, և հողային պահանջատիրութեան:
Նշելու համար այս անկիւնադարձային դաշնագրին հարիւրամեակը, և քննելու անոր առընչութիւնը ներկայ քաղաքա-իրաւաբանական պայմաններուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արմենական-Յովսէփեան ակումբը, և Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Դրօ կոմիտէն, միասնաբար կը կազմակերպեն, առցանց լսարան մը Zoom-ի միջոցաւ։ Այս լսարանը, պատրաստուած հայերէն և անգլերէն լեզուներով, տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 19 Սեպտեմբեր, 2020-ին:
Անգլերէն բաժնին մէջ ելոյթ պիտի ունենան՝ հռչակաւոր պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, և անուանի փիլիսոփայ Հէնրի Թէրիօն։
Իսկ հայերէն բաժնին մէջ ելոյթ պիտի ունենան՝ համբաւաւոր պատմաբան Թալին Տէր Մինասեանը, և հանրածանօթ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը:
Արձանագրութեան եւ կապը ստանալու համար սեղմել՝ ԱՅՍՏԵՂ
Կամ ձեր անունը եւ ելգիրի հասցէն ղրկել՝
garmir@verizon.net հասցէին