Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը եւ «Երկիր» հիմնադրամը կը նախաձեռնեն «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» աջակցութեան ծրագիրին: Այս առիթով հրապարակուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք իրավիճակը Լիբանանի մէջ կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր: Համասփիւռքեան կեանքին մէջ անուրանալի դերակատարութիւն ունեցած, մայր հայրենիքի հոգերը մշտապէս կիսած Լիբանանի հայ համայնքը այսօր դժուար ժամանակներ կ՛ապրի: Սփիւռքի ամէնէն կենսունակ համայնքը, Լիբանանի մեր քոյրերն ու եղբայրները այսօր աւելի քան երբեւէ մեզմէ իւրաքանչիւրին օգնութեան կարիքը ունին:
«Ստեղծուած իրավիճակին մէջ համազգային համախմբումը անհրաժեշտ է: Իւրաքանչիւրիս պարտքն է սատարել Լիբանան ապրող մեր հայրենակիցներուն` դիմագրաւելու Լիբանանը պատուհասած ճգնաժամը:
«Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը եւ «Երկիր» հիմնադրամը կը նախաձեռնեն դրամահաւաքի, որուն հիմամբ 1000 ընտանիքի համար նախատեսուած մէկ օդանաւ սննդամթերքը պիտի տեղափոխուի Լիբանան:
«Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն ներդրում ունենալ ծրագիրին մէջ, կը խնդրենք փոխանցումներ կատարել «Ամերիապանք»-ի մէջ բացուած հետեւեալ նպատակային հաշուեհամարներուն` իբրեւ փոխանցման նպատակ պարտադիր նշելով «Նուիրատուութիւն «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրին»:
Փոխանցումներ կրնաք կատարել մինչեւ 1 սեպտեմբեր 2020-ը:
1570066450530200-AMD
1570066450530201-USD
INTERMEDIARY CITIBANK NA, NEW YORK
SWIFT (BIC) CITIUS33
BENEFICIARY’S BANK AMERIABANK, YEREVAN SWIFT (BIC) ARMIAM22
BENEFICIARY’S NAME – YERKIR FOUNDATION
«Որեւէ հարցումի պարագային կրնաք հեռաձայնել +374-93-56-85-06 հեռաձայնի թիւին»:
ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ
«ԵՐԿԻՐ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ