Երեւանեան «Անմոռանալի» Կիրակին

0 0
Read Time:7 Minute, 30 Second

Գէորգ Պետիկեան

bedig43@aol.com

Իրականութիւն է, որ աւելի քան կէս տարիէ ի վեր այս անիծեալ քորոնան, մեզ` ոչ միայն ձեւով մը «բանտարկած» կամ ինքնամեկուսացած պահած է, այլ` իր օրէնքներուն պարտադրանքով, նաեւ մեր սովորական ժամանցներէն ալ զրկած: Այս ձեւով նոյնիսկ, իբրեւ հաւատացեալներ, Կիրակի օրերը, հեռու մնացած ենք եկեղեցի երթալու մեր փափաք-սովորութիւնէն: Սակայն միւս կողմէ ալ, պէտք է ըսել, որ շնորհիւ արդի «թէքնոլոճիա»-ի մատուցած առաւելութիւններուն՝ մանաւանդ այս վերջինի պարագային, քորոնային դէմ մենք «յաղթական» դուրս եկած ենք: Որովհետեւ, ամէն Կիրակի օր, մեր ուզած եկեղեցին կրնանք մեր տունը «բերել»: Նիւ Եորք, Տիթրոյթ, Մոնրէալ, Սիտնի եւ կամ Կլէնտէյլ, Պէյրութ եւ կամ ալ՝ Էջմիածին, ոչ մէկ հարց: Համակարգիչի կոճակներէն մէկուն ճշդուած մատնահարումով, արդէն մեր ցանկացած եկեղեցիի Կիրակնօրեայ արարողու-թեան կրնանք տեսակ մը «ներկայ գտնուիլ եւ կամ՝ հետեւիլ: Պատարագ: Քարոզ: Խոստովանանք: Հարց չէ: Մեր աչքին եւ քիթին տակ են այդ բոլորը:

Բայց, կայ նաեւ դրամին միւս երեսն ալ: Եկեղեցիները, մեծ ու փոքր՝ «պարապ» են: Դատարկ: Միայն համակարգիչի պաստառին վրայ միշտ տեսանելի են պատարագիչն ու իր դպիր-սարկաւագները: Լսելի է նաեւ դպրաց դասը: Այսչափ: Մարդ-մարդասանք՝ այսինքն հաւատացեալ չկայ: Օրէնք է: Արգիլուած: Եկեղեցիի նստարանները՝ անմարդ: Բացառիկ պարագային, ըստ օրուան իշխանութիւններու թելադրանք-արտօնութեան, կրնայիր հանդիպիլ տասը կամ առաւելագոյն քսան ներկաներու, որոնք բոլորն դէմքերնուն դիմակներ դրած, անկարգ «ցանուած» են նստարաններու վրայ: Ի՞նչ կրնաս ընել: Այս այսպէս է, կը համոզես դուն քեզ: էականը ժամերգութիւնն է, ո՛չ թէ նստարաններ գրաւող հաւատացեալներու թիւը: Ու մտքէդ «հարկաւ այս օրերն ալ օր մը պիտի անցնէին» ըսելով, հաւատքով եւ յոյսով կը հետեւիս ժամերգութեան:

Ու Կիրակի մը, երբ դարձեալ ականատես կ’ըլլայի այդ ամայի նստարաններով եկեղեցիի մը արարողութեան, յանկարծ միտքս դէպի հեռուները գնած: Այսպէս, տակաւին տարի մը առաջ էր, երբ Երեւանեան Կիրակիներէս մէկուն, գրեթէ «պարապ» եկեղեցիի մը մէջ պատահած միջադէպ մը յիշեցի, որ բաւականին ծանր «նստած» էր վրաս:

Ըսեմ, որ այդ օրերուն տէր եւ տիկին շաբաթներու համրանքով Հայաստան եկած էինք:

Մինչեւ հիմա մեծ յուսախաբութեամբ՝ կը յիշեմ: Յուլիսեան վերջին եւ տաք Կիրակի օր մըն էր: Կինս, հայրենի Հ.Օ.Մ.-ուհի իր ընկերուհիներուն հետ, ծրագիր մը պատրաստելու համար, կանուխէն ձգած էր յարկաբաժինը: Իմ կարգիս, մինակ մնալով, իբրեւ սովորական հաւատացեալ եւ մանաւանդ քահանայի թոռ, որոշած էի անպայման եկեղեցի երթալ եւ անպայման մեր բնակած շրջանէն դուրս գտնուող եկեղեցի մը: Տեսակ մը նորութիւն: Այս մասին, շէնքի պահակ՝ Սերկէյին հարցուցած էի: «Սուրբ Սարգիս»-ը թելադրած էր ու տեղն ու ճամբան բացատրած: Ու մտադրեցի չորս կողմս դիտելով, կամաց -կամաց երթալ, «մէյ մըն ալ ա՛յս եկեղեցիի պատարագը լսեմ»-ով մը, ինքզինքս համոզելով:

Այդ առտու իսկապէս որ ինծի Երեւանը շատ գեղեցիկ թուացած էր: Թէեւ օդերեւութաբանները շատ «շոգ» օրուան մը գալուստը կանխատեսած էին, բայց տակաւին արեւը կարծես քէն ըրած էր եւ ամպերուն ետեւ ինքզինք պահած: Արթնցող փողոցներէն քալած պահուս, կը զգայի, որ հոս եմ, սեփական հողիս վրայ, եւ մտած եմ երազներուս աշխարհը եւ ամէն ինչ պատմութիւն էր: Ինծի համար դարձեալ յուզիչ բան մը կար օդին մէջ, հանդարտ, համով ու խորունկ կեանք: Շուրջս ալ, ոչ մէկ աճապարանք: Ուրախ-ուրախ եկեղեցի կ’երթայի: Հաւատքիս ակ եւ նոյնպէս՝ փնտռտուք: Հո՛ն, Աստուծոյ շունչ եւ կարեւորը՝ Անոր հետ ի խորոց սրտէ, մտերիմ զրոյց:

Ու նման մտածումներս շալկած, վերջապէս հասած էի Սուրբ Սարգիս: Դրան մուտքին մուրացիկ երկու մայրիկներ ողորմութիւն կը խնդրէին: Հեռուէն արդէն երգեցողութիւնը լսելի էր: Ներս-դուրս, եկող-գացող հաւատացեալ չտեսայ: Դէմս կեցող եւ ճամբաս կտրող առաջին մուրացիկին, շուտով գրպանէս միակ մանրուք մետաղէ հարիւր դրամնոցս հանելով, կամաց մը իր ափին մէջ դրի:

-Է՛ս ի՞նչ ա՜.- յանկարծ պոռացած էր.- էս փո՞ղ ա… ըսելով շպրտած էր լումաս:

Հաստատօրէն իմ հագուստէս կամ չեմ գիտեր «ինչէս» կռահած ըլլալու էր, իմ ոչ «հայաստանցի» ըլլալս: Այնպէս կ’երեւէր, թէ ինծի «Սփիւռքցի» մեծահարուստ մը կարծած էր: Անոր համար իր ակնակալութիւնները «լայն» բացուած էին:

Չպատասխանեցի: Քաղաքավար, գլուխս աջ ու ձախ տարի ու գետնէն դրամս վերցնելով, այս անգամ միւս մուրացիկին տուի, եւ որուն բարի մաղթանքները լսելով, հասայ եկեղեցիի դրան մօտ: Երկու մուրացիկ եւ երկու նկարագիր: Ահա քեզի նաեւ հայ տեսակաւոր մուրացկաններ: Ապա իբրեւ հաւատքիս կանչին արձագանգ, բանկալէն պզտիկ տոպրակ մը խունկ եւ քանի մը մոմեր գնելով, առանց զանոնք վառելու, ձեռքիս մէջ ամուր մը բռնած, մտայ եկեղեցի:

«Հաւատամքը» նոր վերջացած ըլլալու էր: Գիտէի: Չէ՞ որ ես ալ տարիներով, մեր այդ հին քաղաքի, հին ու պատմական եկեղեցիէն ներս, տարիներով «շապիկ» հագած էի, մոմ ու խաչ բռնած, «Դանիէլ»-ի գիրք կարդացած:

Հոգեկան անդորրութիւն եւ պայծառութիւն, մտովի ըսելով գրաւեցի գրեթէ ամայի նստարան-ներէն երրորդ շարքինը: Խորանին դիմաց եւ նոյնքան ալ մօտիկ: Ոտքի «Հայր մեր»-ս ըսելէս ետք, նստեցայ: Եկեղեցւոյ մէջ «Կոմիտաս» կը պատարագէր: Այդ պահուն ինծի համար տարբեր հոգեկան կայք մը կար, անյայտ՝ եւ նոյնքան ալ ներկայ: Հարազատ: Իսկապէս, որ ինքզինքս նորոգուած կը զգայի: Կարծես կրկին ծնած ըլլայի: Չէ՞ որ, ասոր համար եկած էի: Ու այսպէս, երբ ես ինծի հազիւ ամփոփ վայրկեաններուս մէջը ծուարած էի, յանկարծ ականջիս անօրինակ ձայներ հասան:

-Արա~, տեսնես ո՞վ ա նստել ի՛մ տեղը:

Խանգարուեցայ: Փորձեցի հետեւիլ արարողութեան, բայց չեղաւ: Ձայնը աւելի մօտեցած էր:

-Բարեկա՛մ, ես այս եկեղեցին եմ գալիս, եւ այս նստարանի վրայ՝ հենց ա՛յս տեղն եմ նստում:

Նստած տեղէս դարձայ ձայնին կողմը, դէմքիս զարմանք մը բռնած: Հազիւ վաթսունի սահման-ներուն մէջ մարդ մը, նիհարակազմ եւ դեղնած պեխերով, շատ ինքնավստահ ինծի կը խօսէր:

Ուրեմն հարցը «իրաւունք»ի մը հետ կապուած էր: Սխալմամբ իր տեղը «գրաւած էի»: Որպէսզի գոհացում տայի եւ «առաջքը» առնէի զանազան անպատեհութիւններու, կամաց մը մէկ մարդա-չափ անդին, դէպի աջ սահեցայ: Տեղս տուի: Բայց…:

-Է՛դ տեղն էլ, կի՛նս է նստում.- ըսաւ համարձակ եւ աւելի բարձր ձայնով: «Խնդալս եկաւ»: Չէի կրնար երեւակայել, որ հազիւ տասը հաւատացեալներով «լեցուն» այս գեղեցիկ եկեղեցիին մէջ, անպայման ա՛յս տեղը պէտք էր, որ նստէր: Շատ զարմացայ: Դարձեալ անդին սահեցայ:

-Մնացածն էլ՝ ընտանիքիս անդամները.- ըսաւ ծանր ժպիտով ու թաւ ձայնով եւ աւելցուց.-

-Լաւ կը լինի, որ դո՛ւ ուրիշ տեղ նստե՛ս.- ըսաւ տիրական ու ծանր շեշտով մը, կարծես աչքերուն մէջ կայծակ ըլլար եւ ռունգերէն մուխ՝ իսկ գլխուն մէջ ալ՝ հրաբուխ:

«Հարցը» իսկապէս ծանր եւ բաւական լուրջ կ’երեւէր: Մէկ խօսքով արժանապատուութեան մը խորտակումը: Նշմարելի էր: Ուստի ոտքի ելայ: Պատարագ-մատարագ շատոնց շոգիացած էր: Մէյ մը վերէն վար իրեն նայեցայ: Հաստատապէս, հիմա «ազգային» կարեւոր հարց մը կար: Ըլլալու էր եւ պէտք էր այս մէկը շուտով մը լուծուէր, որովհետեւ ե՛ս «օտար» մը, «մեծ» յանցանք մը գործած էի, այսքան «պարապ» նստարաններով լեցուն եկեղեցիին մէջ, մէկու մը անձնական տեղը «գրաւելով»: «Յանցաւոր» մըն էի: Անոր համար այս մարդուն յօնքերը վեր վար սկսած էին ցատկել: Երեսը կծու ու կաս-կարմիր: Նաեւ զգալի էր, որ անհամբեր ու «կատղած», իմ առնելիք քայլիս կը սպասէր: Մտածեցի պատասխանեմ ըսելով.-

-Հէ՜յ բարեկամ ջան, հէ՜յ հայրենակից ջան, տե՛ս, լիքը պարապ տեղեր կան…: Բայց առիթ չտուաւ: Դարձեալ տեսակ մը սարսափով մկրտուած՝ խօսեցաւ.-

-Արա՛, լա՛ւ կը լինի… վեր կա՛ց, գնա՛, գնա՛…է՜հ….- ըսաւ, աչքերուն մէջ բռնած մեծ եւ խիստ բարկացոտ հարցականով մը: Հասկնալի էր: Պէտք էր տեղի տայի, պարզապէս անհամ իրավիճակի մը ծնունդէն խուսաբելու:

Մարդը՝ մտքին մէջ շարած էր խնամքով եւ քով քովի իր բոլոր արդարացուցիչ փաստերը:

Մէկ խօսքով, առարկայական պատճառ: «Չօճուխութիւն», պիտի ըսէր ողորմած հայրս: Բայց իսկապէս հազուագիւտ ու տարօրինակ երեւոյթ մըն էր:

Յիշեցի, որ ծնողքս փոքր տարիքիս, ինծի միշտ ըսած էին, թէ ես տեսակ մը «բախտաւոր» զաւակ մըն էի, որովհետեւ «նոյնիսկ մեծ բազմութեան մը մէջ, եթէ երկինքէն քարի պզտիկ կտոր մը իյնալու ըլլար, անպայման, իմ գլխուս կ’իյնար»: Տեսակ մը «ծուռ» բախտ: Ահաւասիկ՝ փաստը: Ուստի որոշեցի «նահանջել»: Զիջիլ: Ու տեղս տուի: Ինք՝ կարծես զգաց իր յաղթանակը եւ բաց բերանով եւ երկարօրէն միայն ինծի նայեցաւ ու քայլերուս հետեւեցաւ:

Ամէն սրտի չէ տրուած ամբողջ խորութեամբ յայտնել մտածածը: Ահա իմ պարագաս: Անձայն փորձեցի հեռանալ: Բայց զգացի, որ սիրտս բռնուած աղաւնեակի նման կը թփրտար: Քալեցի դէպի դուռ: Դուրս: «Պատարագս» մնաց ներսը: Մոմերս ափիս մէջ բակ ելայ: Պէտք էր առաջին վայրկեանին իսկ ճանչնայի այս «մարդը»: Վերջապէս, ի՜նչ մարդ:

Իմ կարծիքով, այս մէկը ատելութիւն էր, ուրիշ ոչինչ: Ուժի անիմաստ սակայն յստակ ցուցադրութիւն՝ իր կնոջ եւ ընտանիքի անդամներու ներկայութեան: Խաւարամիտ մարդ: Տակաւին սովետական տարիներէն մնացած՝ ախտ:

Ահա այսօրուայ մեր ներկայ նկարագրէն, հարազատ օրինակ մը: Տխուր եւ իրաւ:

Պատմութեան ընթացքին շատ յաճախ կորսնցուցած ենք թագաւորութիւններ, պետականութիւն, հող եւ տարածքներ, մշակութային արժէքներ, տուած ենք մեծ թիւով զոհեր եւ նահատակներ, իսկ հիմա ալ կանգնած ենք «աշխարհի» առջեւ, եւ եկեղեցիի մը չոր ու ցամաք նստարանին վրայ, մեր «տեղը» եւ կամ «իրաւունքը» կը պահանջենք՝ յամառօրէն: Նոյնիսկ, յանուն ամէն ինչի, պատրաստ ենք ուժ ցուցադրելու: Այսպէս՝ «քաջաբար» ե՛ւ «զոհուելու» ե՛ւ «յաղթանակելու»: Մէկ խօսքով, ամէն գնով վերատիրանալու մեր «ես»-էն ծնած, այս չնչին սակայն «մեծ» իրաւունքին: «Մարտունակութիւն»: Վրաս գրէ՛:

Ահա, հո՛ս է մեր մարդկային այն սխալ բազկերակը, որ մեզ յաճախ յուսախաբ ըրած է եւ կ’ընէ: Հակառակ այս օրերուն մեր ներքին ու արտաքին ծանրակշիռ պայմաններուն եւ իրավիճակնե-րուն, հաւանաբար եւ վստահաբար այս «մարդուն» նման տակաւին շատեր ալ կան, որոնք ուրիշ «գործ» չունին եւ միշտ կը պտտին տափակ հարցերու եւ խօսքերու վրայ: Անհամ պատկեր: Ամօթալի եւ նոյնքան ալ՝ ցաւալի: Բա՛ց…:

-Ե՞րբ պիտի «մեծնանք».- անդադար հարց կու տար մտահոգ ուղեղս: Ե՞րբ մեր «ես»-ը պիտի փոխարինէինք մեր «մենք»ով: Ե՞րբ քաջութիւնը պիտի ունենայինք նման «բաներ» իրարմէ զանազանելու: Ե՞րբ էականը, անհեթեթութենէ զանազանել պիտի գիտնայինք: Ե՞րբ պիտի սորվինք քիչ մը աւելի անձնուէր, բարեկիրթ ու մանաւանդ համբերատար եւ շնորհապարտ ու հանդուրժող իրարու հանդէպ եւ ապա՝ հայրենիքին: Դո՛ւք ըսէ՛ք: Ես չեմ գիտեր:

Անոր համար էր, որ այդ վայրկեանին, այդ անմոռանալի Կիրակի օրը, նոյն այդ եկեղեցիին մէջ, տեղս տուած էի, արձանացած լռութեանս հետ, անտեսելով ամէն «մանրուք»:

Բայց իմ այդ որոշումովս՝ իբրեւ հայ մարդ, իրապէս այդ օր ինքզինքս «յաղթանակած» զգացած էի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles