Շնորհաւո՛ր Մայիս 28

0 0
Read Time:5 Minute, 49 Second

Վաչէ Ծատուրեան

Պէյրութ – Լիբանան

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Վաչէ Ծատուրեանի արտասանած խօսքը՝ Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան կազմակերպած Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 102-ամեակի նուիրուած առցանց ձեռնարկի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 30 Մայիս 2020-ին։

«Ցոյց տանք աշխարհին, որ Հայը ազատ, անկախ ապրելու իրաւունք ունի։ Այժմ կամ երբէ՛ք»։ Ահաւասիկ Արամ Մանուկեանի պատասխանը թրքական բանակի յարձակումներուն։ «Երեւանը չենք դատարկի» գոչելով Արամը կրցաւ կազմակերպել Հայկական բանակի ինքնապաշտպանութիւնն ու հակայարձակողականը։ Մնացածը արդէն իսկ պատմութեան մաս կը կազմէ։ Սարդարապատ, Ղարաքիլիսէ, Բաշ Ապարան. անուններ, որոնք  մեր հաւաքական յիշողութեան առանցքը կը կազմեն, մանաւանդ դարերու վրայ երկարող ստրկամտութենէն ետք։

Մայիս 28, 1918. Տակաւին շաբաթ մը առաջ Մայիս 21ին թրքական զօրքերը կը գտնուէին Երեւանէն 30 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Ի՞նչ ըսել, ինչպէ՞ս բացատրել հրաշքի համազօր իրողութիւնը։ Մարդկային պատմութիւնը լեցուն է ժողովրդային սխրանքներով. Կայսրութիւններ եկած ու գացած են, յաղթած ու ապա՝ պարտուած։ Ժողովուրդներ եկած ու գացած են, մնացած են անոնք, որոնք ազատ, անկախ ապրելու հրամայականը վերածած են գործի ու կենարար էութեան։ Մայիս 28, 1918ին հիմնուեցաւ Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութիւնը, իսկ Մայիս 30ին, Հայոց Ազգային Խորհուրդը Թիֆլիսէն ինքինք կը հռչակէր նորանկախ Հայաստանի գերագոյն իշխանութիւն եւ կ՛անցնէր պետականաշինութեան հանգրուանին։ Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ, առաջին անկախ կառավարութիւնը շուտով պիտի ժամանէր Երեւան։

Շատ արագ ձեւաւորուեցան Հայաստանի հանրապետութեան խորհրդանիշն ու ազգային դրօշը՝ Եռագոյնը, որ պիտի վերածուէր ապագայ սերունդներուն միակ մխիթարութեան, յատկապէս Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ Առաջին Աշխարհամարտի թոհուբոհի մէջ, ծանր պայմաններու տակ՝ բազմահազար գաղթականներու ու սովի մղձաւանջով։ Մարտահրաւէրները բազմաթիւ էին, սակայն ապրելու կամքը աւելի ամրակուռ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ Հայ ժողովուրդի ամբողջական մասնակցութեամբ, անսակարկ զոհողութեամբ ու հայրենակերտ մարտնչումին։  Հայ ժողովուրդի բոլոր դասարակարգներն ու խաւերը, ծերերն ու երիտասարդները, տղամարդիկն ու կիները, անխտիր լծուեցան հայրենաշինութեան աշխատանքին, իսկ Դաշնակցական ղեկավարները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ զինուած, անցան բազմակողմանի զարգացման ու հայրենիքի պետական ու կառավարական հաստատութիւններու ստեղծումին, առաջնորդուելով ժողովրդավարական ու ընկերավարական սկզբունքներով։ Այսպէս, կը հաստատուին ու կը կազմակերպուին Լուսաւորութեան, Կրթական, Արդարադատութեան, Ֆինանսական, Առեւտրական, Արդիւնաբերական, Գիւղատնտեսական, Խնամատարութեան, Աշխատանքի, Առողջապահութեան, Ներքին Գործոց Ապահովական ու Ռազմական Նախարարութիւնները։ Այլ խօսքով՝ ոչինչէն ծնունդ կ՛առնեն հսկայական իրագործումներ։

Ինչպէ՞ս չհպարատանալ ու չսքանչանալ, երբ կը տեսնենք 1919ին տեղի կ՛ունենային խորհրդարանական ազատ ընտրութիւններ եւ երեք կիներ մաս կը կազմէին ընտրուած խորհրդարանին։ Ինչպէ՞ս չուրախանալ, երբ հեռաւոր Ճափոնի մէջ Տիանա Աբգար կը նշանակուէր Հայաստանի դեսպան, երբ Եւրոպական եւ Արեւմտեան շարք մը երկիրներ չէին հաւատար կիներու քաղաքական կեանքին մասնակցութեան։ Ինչպէ՞ս չերջանկանալ, երբ Ֆրանսան 1945ին իրաւունք կու տար կիներուն մասնակցիլ ընտրութիւններուն, իսկ Հայաստանը 1918ին ամրագրած էր այդ իրաւունքը։

Հայրենակերտումի աշխատանքը կանգ չառաւ երկուք ու կէս տարիներու կեանք ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Կը հաստատուին արհեստանոցներ, գորածարաններ, կը հիմնուին աւելի քան քսան նոր հիւանդանոցներ ու յատկապէս Երեւանի Պետական Համալսարանը, որուն հիմնական դերակատարներէն էր Նիկոլ Աղբալեան։ Ինչպէ՞ս չխոնարհիլ Շանթի ու Աղբալեանի նման մարդակերտ փիլիսոփաներուն առջեւ, որոնք կրթութիւնն ու մարդակերտումը կը սէպէին սրբութիւն սրբոց։

«Երգը չի թողեց, որ մարտիկ դառնամ, սուրը չի թողեց, որ երգիչ դառնամ»։ Իր իսկ վկայութեամբ Աղբալեան համադրումը կը կատարէ խառնուածքի մը, որ կ՛ենթադրէ մէկ կողմէ մարտական զինուորին եւ քաղաքական գործիչին մարտունակութիւնը, իսկ միւս կողմէ գրագէտին եւ մտաւորականին՝ Հայ մտաւորականին բոլոր տուեալները։ Կեանքի դաժան պայմանները զինք ու իր նմանները մղեցին զէնք կրելու՝ ի խնդիր Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսալականին, իսկ գրիչը՝ ի խնդիր տիպար հայ մարդու կազմաւորման։ Աղբալեանը ու իր ընկերները եղան ուսուցիչներ ու դասատուներ, Հայաստանի ամողջ տարածքին հասնելով մինչեւ՝ Շուշի։  Աղբալեան, Շանթ, Մանուկեան, Խատիսեան, Վրացեան, Օհանջանեան, Քաջազնունի ու բազում ուրիշներ կերտեցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ցեղասպանութենէն միմիայն երեք տարիներ ետք։         Առասպելական պատմութիւն մը, այնպիսի մարդոց, որոնք միշտ հաւատարիմ «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» Զաւարեանական կարգախօսին, եղան զուգահեռաբար խօսքի ու գործի մարդիկ, քաղաքական գործիչներ ու մարտական պատասխանատուներ։ Վերոյիշեալ տիպարը մարմնացնողն էր Աղբալեան, որուն մասին կ՛ըսէին թէ «Իր մէկ գրպանին մէջ կը պահէր ատրճանակ մը, միւսին մէջ որեւէ գիրք…»։ Աղբալեանին պիտի վիճակուէր նաեւ կարդալ հռչակաւոր յայտարարութիւնը. «Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջական լուծումով եւ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի անկախութեան հռչակումով ստեղծած նոր դրութեան հանդէպ, Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է Հայկական գաւառների գերագոյն ու միակ իշխանութիւն։ Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարութեան բոլոր ֆունկցեաները՝ Հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»։ Աղբալեան մաս կը կազմէ առաջին կառավարութեան։ Հայաստանի տարածքին գոյութիւն ունէին 133 դպրոցներ, 383 ուսուցիչներ, եւ 11.136 աշակերտներ։ Աղբալեանի բծախնդիր ու հոգածու աշխատանքին շնորհիւ, դպրոցներուն թիւը կը հասնի 456ի, ուսուցիչներուն թիւը 1047ի, իսկ աշակերտներունը՝ 41.188ի։ Անոր օրերուն հիմը դրուեցաւ մասնագիտական, երկրագործական, մանկավարժական, դեղագործական եւ զինուորական դպրոցներու։

Դժբախտաբար Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքը երկար չի տեւեց։ Ուրիշներու նման, Աղբալեանը եւս բանտ նետուեցաւ, բայց բարեխտաբար Փետրուարեան ապստամբութիւնը զինք ու իր ընկերները ազատեց բանտէն։ Սեւրի դաշնագիրը, որ կ՛ամրագրէր Հայաստանի սահմանները շուտով պիտի մոռցուէր տխրահռչակ Լոզանի դաշնագրով։ Այսուամենայնիւ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտող հիմնադիրները հասան սփիւռք ու իրենց հետ բերին հոգեկան Հայաստանը՝ իր ոգեղէն էութեամբ։  Շանթ, Աղբալեան, Նժդեհ, Օհանջանեան, Վրացեան եւ շատ ու շատ ուրիշներ Հայաստանի Հանրապետութեան ոգին ու շունչը փոխանցեցին սփիւռքահայ գաղութներուն։ 1918 Մայիս 28ով, Եռագոյնով ու Հայաստանի խորհրդանիշով վառ պահեցինք Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի վախճանական նպատակը։ Սերունդներ երգեցին Սարդարապատ, ու իրենք զիրենք «Ճանաչեցին Սարդարապատից» մօտաւորապէս եօթանասուն երկար տարիներ։ Շատեր փորձեցին փոշոտել Եռագոյնը, շատեր փորձեցին պատմութեան դարաններուն մէջ պահել Մայիս 28ը, շատեր ուրիշ դրօշներ պարզեցին, սակայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մասունքի նման զանոնք պահեց ու պահպանեց, եւ երբ ժամանակը հասաւ զանոնք վերադարձուց վերանակախացած Հայաստանին, որ գոյութիւն պիտի չունենար, առանց 1918 Մայիս 28ի պատմական աքթին։ Հայ ժողովուրդի ճակատագիրն էր …

Բռնկեցաւ Արցախի գոյապայքարը ու ամբողջ Հայութիւնը վերյիշեց Սարդարապատը, Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսէն. Շուշին դարձաւ նոր Սարդարապատ, Ստեփանակերտը նորօրեայ Բաշ Ապարան ու Ղարաքիլիսէ։ Հայ ժողովուրդի ազատատենչ մարտիկներն ու զինուորները վերակազմեցին կամաւորական գունդերը, Կանայեան, Բէկ Փիրումեան, Նազարբէկեան յարութիւն առին ու սաւառնելով մարմանաւորուեցան ազատամարտիկներուն մէջ, թափ տալով անոնց սխրագործութիւններուն ու փառապանծ Արցախի փառաւոր յաղթանակին։ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականը իրականութիւն պիտի դառնար Արցախի յաղթանակով, գէթ մասամբ։

Մայիս 31, 2020. Քսանինը տարիներ արդէն անցած են Հայաստանի վերանկախացումէն։ Քսանինը տարիներ, որոնց ընթացքին ականատես եղանք հսկայական վերիվայրումներուն, խայտառակ քաղաքականութիւններուն, սփիւռքը ներգրաւելու ու ապա Սպիտակ ու սեւ շերտաւորումներ յառաջացնելու փորձերուն, համահայակական խնդիրներուն շուրջ անլուրջ մօտեցումներուն, Արցախեան թղթածրարի թոյլ ընտրանքին, ընկերային ու տնտեսական հարցերու բարդացումին, մարդակային իրաւունքներու ոտնակոխումին, եւ վերջապէս խոհրդարանին մէջ անթոյլատրելի ու անընդունելի ծեծուրտուքին։ 1918ին Հայաստանի խորհրդարանը կ՛ընդունէր Հայրերէնը  իբրեւ Ազգային լեզու, իսկ այսօր հարիւր տարիներ ետք, խորհրդարանէն ու կառավարական շէնքերէն կը հնչեն օտարալեզու բառեր, ու օտարամիտ գաղափարներ։ 1919ին կ՛որդեգրուէր Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականը, իսկ այսօրուան իշխանութիւնները իրենք զիրենք կը թաղեն զանազան արկածախնդրական դիւանագիտական խաղերու մէջ։ 1918ին կը մշակուէր ընկերային արդարութեան ընդհանուր օրինագիծերը, իսկ այսօր վկաներն ենք սակաւապետութեան «Oligarchy»ի ու յատկապէս վայրագ հարստապետութեան «Plutocracy»ի, որոնք կ՛անդամալուծեն բազմակողմանի զարգացման որեւէ ճիգ ու կը հարստացնեն միմիայն ղեկավարներուն «գրպանները»։ Ու տակաւին, ի՞նչ ըսել նորօրեայ իշխանութիւններուն ժողովրդապաշտական «Փոփուլիստական» առօրեայ ելոյթներուն մասին, որոնք միմիայն հաճոյապաշտութեան դրսեւորումներն են ու խորթ՝ ժողովրդավարական սկզբունքներուն։

1918ի Մայիս 28ի խորհուրդը կու գայ մեզ յուշելու Նիկոլ Աղբալեանի այնքան այժէմական ու այնքան անհրաժեշտ հետեւեալ մտածումը՝ «Երբ գիշերը գայ, մտնէք ձեր հոգու սենեակը, խօսէ՛ք ձեր խղճի հետ ու ասէք, արդեօ՞ք աշխատել էք Հայ ժողովուրդի համար այնպէս, ինչպէս Արամը, եղել է՞ք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը, տուել է՞ք ձեր ամբողջ կեանքը Հայ ժողովուրդին, ինչպէ՛ս Արամը»։ Ու մենք կ՛աւելցնենք՝ Արդեօ՞ք արժանի ու արժանաւոր ժառանգորդներն ենք Արամի նման քաղաքական գործիչին ու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրին։

Փա՛ռք ու պատիւ Մայիս 28 կերտած գործիչներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի նահատակներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ժողովրդավարական ու ընկերվարական կարգերու վրայ հիմնած՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:

Շնորհաւո՛ր Մայիս 28։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles