Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ դոկտ. Մայքլ Փափազեանի նոր հրատարակուած “The Doctor of Mercy: The Sacred Treasures of St. Gregory of Narek”ի («Ողորմութեան վարդապետը. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի սրբազան գանձերը») գիրքին ներկայացումը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։
Դոկտ. Փափազեան խօսեցաւ հանճարեղ բանաստեղծին ու աստուածաբանին հանդէպ իր հետաքրքրութեան ակունքներուն մասին, որ յատուկ իմաստ ստացաւ՝ Փրանկիսկոս Պապի կողմէ անոր «Եկեղեցւոյ Վարդապետ» հռչակումէն ետք՝ 2015ին։ Նարեկացի միակ Եկեղեցւոյ Վարդապետն է՝ 36 դէմքերու շարքին, որ երբեւէ կապ ունեցած չէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ։ «Ողորմութեան վարդապետը» հատորը ներածութիւն մըն է անոր գրական գործերուն, աստուածաբանութեան ու հոգեկանութեան, միաժամանակ ցոյց տալով Նարեկացիի գաղափարներուն այժմէականութիւնը։ Բանախօսը ուրուագծեց Գրիգոր Նարեկացիի կեանքն ու ժամանակը եւ յատկապէս անդրադարձաւ անոր աշխարհահայեացքի երեք յատկանիշներու, զայն բնորոշելով իբրեւ վերանորոգիչ, աւանդապահ եւ համամարդկայնապաշտ (universalist)։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ աշխոյժ հարց ու պատասխանի բաժին մը։
Հեղինակին ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Երգչուհի Անահիտ Զաքարեան ճոխացուց երեկոյթը Նարեկացիի «Տաղ Աստուածածնայ» եւ «Տաղ Յարութեան» գործերու մեկնաբանութեամբ։ Թեմիս առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս փակեց ձեռնարկը անդրադառնալով Նարեկացիի խոհերուն այժմէականութեան։
Դոկտ. Փափազեանի այս նոր գիրքը, ինչպէս եւ անոր նախորդ գիրքերը տրամադրելի են Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։
Դոկտ. Մայքլ Փափազեան փիլիսոփայութեան դասախօս է Պերի Գոլէճի ն մէջ (Ռոմ, Ճորճիա) 1998էն ի վեր։ Հոն կը դասաւանդէ փիլիսոփայութեան տարբեր նիւթեր, ինչպէս եւ Նոր Կտակարանի յունարէն։ Ուսանած է Ճոնզ Հոփքինզ եւ Վըրճինիայի համալսարանները, վերջինէն ստանալով իր դոկտորականի տիտղոսը։ Յունարէն փիլիսոփայական գրութիւններու հայկական թարգմանութիւններն ու մեկնութիւնները ուսումնասիրելու համար, գրաբար սորված է Օքսֆորտ համալսարանին մէջ, ուր ստացած է գրաբարի մագիստրոսի տիտղոս՝ 1995ին։ Հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ հին յունական փիլիսոփայութեան եւ միջնադարեան հայկական աստուածաբանութեան մասին։