ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ «ԿՈՄՒՏԱՍ-150» ՀԱՏՈՐԸ

0 0
Read Time:43 Second


Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5-ին, տեղի ունեցաւ նորատիպ «Կոմիտաս-150» երկլեզու գիրքին ներկայացումը՝ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ:
«Կոմիտաս-150» Առաջնորդարանի հրատարակութիւնն է, որ կ՚ընդգրկէ Հայ Երաժշտութեան Հօր մասին յօդուածներու, նամակներու եւ յուշերու կոկիկ հաւաքածոյ մը՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Այս նիւթերը մեծ մասամբ առաջին անգամն է որ կ՚ամփոփուին գիրքի մէջ եւ անգլերէնով։ Նիւթերու ընտրութիւնը, ծանօթագրումն ու անգլերէնի թարգմանութիւնը կատարած է Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ ․ Վարդան Մատթէոսեանը, որ նաեւ ներկայացուց գիրքն ու Կոմիտաս Վարդապետի կեանքն ու վաստակը: Երգիչ Վաղարշակ Օհանեան մեկնաբանեց կոմիտասեան երեք երգեր՝ «Անտունի», «Կռունկ» եւ «Հայաստան»։ Փակման խօսքը կատարեց թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան։
Գեղարուեստական յայտագրով, մաէսթրօ Վաղարշակ Օհանեան Կոմիտասեան փունջ մը երգեր հրամցուց։ Երեկոյեան աւարտին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ նորատիպ հատորի կարգ մը հատուածներուն եւ փակման աղօթքը կատարեց։
Գիրքէն օրինակներ տրամադրելի են Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն, հեռաձայնելով (212) 689-7810 թիւին, տիկին Ռիթա Կիրակոսեանին, կամ գրելով books@armenianprelacy.org հասցէին։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles