Պռոշեան Գիւղի Պանթէոնը Պղծուած

0 0
Read Time:43 Second


Դեկտեմբեր 2-ին, մութ ձեռքեր կոտրած են Պռոշեան գիւղի ազատամարտի նահատակներու պանթէոնի մուտքի ճանապարհին հաստատուած երկաթէ սիւները եւ պարիսպներուն ու սիւներուն վրայ տեղադրուած քանի մը լապտերները:

Կատարուած սրբապղծութեան եւ բարբարոսութեան մասին տեղեակ պահուած է ոստիկանութեան Կոտայքի մարզային վարչութիւնը եւ արդէն իսկ կը կատարուի ուսումնասիրութիւն:

«Ասիկա հաստատ բարբարոսութիւն է, մեծ ցաւ կ՛ապրին այս ամէնուն ականատես ըլլալով: Այս անգամ եւս այս սրբապղծութեան հեղինակները թաքնուած են, եւ յուսով ենք` ոստիկանութիւնը կը պարզէ այդ անձերու ինքնութիւնը, ե՛ւ, ամենակարեւորը, այն դրդապատճառները, որոնք կը ստիպեն նշեալ շրջանակներուն` ձեռք բարձրացնելու մեր արժէքներուն վրայ», – նշած է Հ․Յ․Դ․ Պռոշեանի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Էդուարդ Թովմասեանը` փաստելով, որ նախապէս եւս նոյն պանթէոնի նկատմամբ իրականացուած էր նմանօրինակ արարք:

Նման դէպք տեղի ունեցած է նաեւ 2013-ին, երբ կրկին անյայտ անձեր պղծած էին Պռոշեանի ազատամարտիկներու յուշարձանը, ինչպէս նաեւ գիւղի կեդրոնի պատերէն մէկուն վրայ յանցագործները անպարկեշտ գրութիւններ գրած էին, սպաննուած գիւղապետ, ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեանի հասցէին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles