Ներքին Հակառակորդի Ձեռքը Դարձեալ Հասած է Մեր Արժէքներուն, Մեր Սրբութիւններուն

0 0
Read Time:1 Minute, 22 Second

Ներքին հակառակորդի ձեռքը դարձեալ հասած է մեր արժէքներուն, մեր սրբութիւններուն:

Այս գիշեր վանդալի, ներքին թշնամիի թունաւորուած ու մթագնած ուղեղն ու ձեռքը չեն երերացած` պղծելու Կոտայքի մարզի Պռոշեան համայնքի Պանթէոնը:

Ասիկա այն Պանթէոնն է, ուր կը հանգչին մեր հերոսները. մեր արժանապատիւ գոյութեան, մեր ազգային հաւաքական իղձերու, մեր անվտանգութեան ու անխտիր բոլորի խաղաղ երկնքի համար, մեր արդար պայքարի համար նահատակուած հերոսները՝ Պետոն, Հրաչը, Ազնաւուրը….

Ասիկա այն Պանթէոնն է, յիշատակի ու յանձնառութեան ուխտավայրը, ուր երիտասարդ սերունդը կ՝երդուի՝ խոստանալով ոչ միայն չուրանալ ազգի հերոսներուն յիշատակը, այլեւ ըլլալ անոնց ուխտի ժառանգորդն ու շարունակողը:

Բայց, աւաղ, մեր սեփական հողին վրայ կան նաեւ այլ «արժէքներով» սնուած ու առաջնորդուող ճիւաղներ, ժամանակին ախտորոշուած՝ ազգային տականքը:

Այդ տականքի ձեռքը հասաւ Եռաբլուր՝ չխնայելով անգամ Ապրիլեան հերոսները, հասաւ Արագածի փէշեր՝ պղծելով Հ.Յ.Դ. Շուշիի գումարտակին եւ Լէոնիտ Ազգալդեանին նուիրուած յուշատախտակները:

Այս տեսակի ի յայտ գալը, որքան ալ ցաւալի է, բայց պատահականութիւն չէ:

Ամիսներ շարունակ մոլեգնող ատելութեան, անհանդուրժողականութեան, հասարակութիւնը սեւերու եւ սպիտակներու, յեղափոխականներու եւ հականերու, Հայաստանը` հննի ու նորի, անցեալը հրէշայնացնելու, մերժելու եւ պիտակաւորելու, բանակը, անոր հերոսները, ազգային եկեղեցին, դպրոցն ու ընտանիքը մերժող այս ինքնակործան ընթացքը պիտի յանգեցնէր հոգեւոր ու մարդկային այս վանդալիզմին, այլասերումին:

Ազգային համերաշխութիւնը ջլատող, մեր ներքին դիմադրողականութիւնն ու ոգին կոտրող ու սնանկացնող այս արգահատելի դրսեւորումները, որոնք յղի են անկանխատեսելի հետեւանքներով, արգասիքն են հանրապետութեան մէջ տիրող բարոյահոգեբանական մթնոլորտի, մեր ազգային արժեհամակարգը խաթարող քաղաքական արշաւի:

Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը դատապարտէ Պռոշեանի պանթէոնին մէջ տեղի ունեցածը, զայն կը գնահատէ իբրեւ վանդալիզմ եւ հարուած՝ ուղղուած մեր հաւաքական ազգային արժէքներուն, պետականութեան մարտունակութեան ու ազգային համախոհութեան:

Միաժամանակ կը պահանջենք, որ ՀՀ իշխանութիւնները քաղաքական գնահատական տան կատարուածին, հանրապետութեան մէջ տիրող բարոյահոգեբանական մթնոլորտին, իսկ մեղաւորները պատասխանատւութեան ենթարկուին օրէնքի ողջ խստութեամբ:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմին

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles