Դպրոցական Վերամուտ Եւ Ուրիշ Բաներ…

0 0
Read Time:4 Minute, 2 Second

Գէորգ Պետիկեան

Այս օրերուն ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբն ենք։

Մէկ խօսքով ՝ վերամուտ։ Դպրոցական վերամուտ, որ կը նշանակէ նաեւ նոր պատեհութիւն։ Այս բոլորը կը տեսնենք եւ կը զգանք։

Անոր համար իբրեւ մեծ կամ փոքր ծնողներ անպայմանօրէն եւ ինչու չէ նաեւ ինքնաբերաբար ու ինքնածին մեր խորհրդածութիւններու նիւթ կը դառնան եւ աւելի ճիշդ կ՚ուզենք դարձնել հայ վարժարանը, իր ընդհանուր եւ մասնակի գիծերով։

Որովհետեւ մենք բոլորս ալ հաւատացած եւ նոյնքան ալ զգացած ենք, թէ հայ դպրոցը կամ հայ վարժարանը հայ աշակերտին երկրորդ տունն է։ Հիանալի։

Մեզի համար հայ դպրոցը պատմական կառոյց ալ է։ Հայ ընտանիքը յիշեցնող համալիր մը։ Բացէ՛ք դարաւոր մեր պատմութեան էջերը եւ դուք այս բոլորը պիտի հաստատէ՛ք։

Ու զարմանալի է, թէ որքան ալ փոխուին մարդկային կեանքը իմաստաւորող արժէքները, որքան ալ աշխարհը «փոխուի», «յեղաշրջուի», կրթութիւնը ըսուածը կը շարունակէ մնալ հանրային կեանքի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը։

Աւելի ճիշդ՝ նոյնիսկ կարեւորագոյնը։ Առանց անոր աշխարհը չի զարգանար։

Իսկ մեզի, հայերուս համար, դարերէ ի վեր կրթութիւնը եւ անոր տիրանալը դարձած է մեր բոլորի բարձր ուշադրութեան գլխաւոր առարկան։

Նորութիւն մը չէ։ Թղթատեցէ՛ք մեր վանքերու եւ հոգեւոր համալիրներու պատմութեան էջերը եւ պիտի համոզուիք։

Իսկ հիմա… վերամուտ է։

Ինծի համար խանդավառիչ եւ մանաւանդ յուզիչ ու հպարտանք առթող երեւոյթ է նաեւ դպրոցներու վերաբացման առաջին օրն իսկ տեսնել եւ դիտել հայ աշակերտի կրկին ներկայութիւնը հայ վարժարնի սեմին։

Հաճելի իրարանցում։ Յուզումնալի  մթնոլորտ։ Մասնակի եւ եռակողմանի-ծնողք, աշակերտ- ուսուցիչ-ծանօթացման առիթ։ Ողջագուրում։ Տօնական շքերթ երեւոյթ եւ տակաւին շատ բաներ…։

Բոլորս ալ անկասկած անցած ենք այդ «ճամբէն»։ Ապրած ենք այդ սիրելի մթնոլորտը։ Ի տես այս բոլորին՝ վայրկեանին եւ ինքնաբերաբար յիշելով, իբրեւ զգայում մարդ կամ անհատ՝ «կը մանկանաս», ինքնածին կը փոխուիս։ Թերեւս կը յուզուիս ալ։ Որովհետեւ…հայ վարժարան… հայ աշակերտ…հոս ուրիշ աշխարհ է ուրիշ…։ Ժպիտ ե՛ւ յուզում, ե՛ւ հպարտանք։

Ահա թէ ինչու դպրոցական վերամուտը տարիքային սահմանափակում չունի։ Չի ճանչնար։ Այս ուրիշ հարց է։

Հայկական վարժարաններու վերամուտը խորքին մէջ գեղեցիկ երեւոյթ մը ըլլալով հանդերձ նաեւ ուրիշ «բաներ» ալ ունի պահուած իր ետին։ Երեւոյթ-թելադրանքներ։

Այսպէս առաջին իսկ հերթին, մեր աչքին առջեւ կը պարզուի մեր հայ ծնողներու գերագոյն զոհողութիւնը։ Եւ աւելին՝ տակաւին՝ ազգի ապագային նկատմամբ անոնց ունեցած գիտակցութիւնն ու բծախնդրութիւնը։ Իրենց զաւակները հայ վարժարան առաջնորդող հայ մայրերու ե հայրերու վարդագոյն երազներն ու սրտի գոհունակութիւնը։

Այս բոլոր տեսարանները հպարտանքի կողքին նաեւ մեզի կը նետեն անխուսափելի հարցերու գիրկը, որոնք կը սահմանափակուին հայեցի կրթութիւն եւ դաստիրակութիւն պիտակին տակ, մեր ազգային դարաւոր ինքնութիւնը պահելու մարտահրաւէրներով շաղախուած, մեր զաւակներուն եւ կամ թոռներուն նոր եւ արդի դասագիրքեր հրամցնելու եւ օժտելու անհրաժեշտութիւններու հրամայականներով եւ արդի մեթոտներով դասաւանդելու եւ ուսուցանելու էակութիւններով միատեղ։

Ասոնք անկասկած հարցեր են մտահոգութեան աստիճանի չափ, որոնք բացի անտարբերութիւններէ կարիքը ունին «ամէն» բանի։

Հարցեր…մատնանշեցի, որովհետեւ բոլորս ալ կը հաւատանք հայ վարժարանի սրբազան առաքելութեան, անոր իւրայատուկ եւ նոյնքան ալ ազգային ջիղին, որ ուրիշ վարժարաններէն ներս կարելի չէ նոյնիսկ հանդիպիլ, տեսնել եւ կամ ակնկալել։

Հայ դպրոցէն ներս է, որ հայ նոր սերունդը կամ պարզ խօսքով հայ աշակերտը պիտի պատրաստուի վաղուան գիտակից հայուն, տիպար եւ առաքինի քաղաքացիի եւ հայու ինքնութեամբ հպարտ հայորդիին։

Որովհետւ բոլորս ալ կը հաւատանք, որ հայ դպրոցը այն աւազանն է, կամ այն աւազանը պէտք է, որ ըլլայ որուն ջուրին մէջ ազգային ոգիով, մայրենիի եւ հայրենքի սիրով ու գուրգուրանքով կը մկրտուի հայ աշակերտը։

Ըսինք նաեւ, որ վերամուտը կ՚ենթադրէ նաեւ նոր շրջան եւ նոր առիթ՝ վերսկսելու հոգեկան եւ մտային նոր պատրաստակամութեամբ հունի մը մէջ մտնելու հրաւէրին կողքին։

Հայ դպրոցէն ներս է, որ հայրենքէն հեռու հայ աշակերտը հայրենիքով կ՚ապրի։

Այս բոլոր տողերը նորութիւններ չեն։

Յոգնած են հայ մամուլի սիւնակները ամէն վերամուտի նման պարբերութիւններ ընդունելով իր ճակտին։ Բայց եւ այնպէս պարզապէս յիշեցում մը կարծեմ աւելորդ պէտք չէ նկատել։

Ու պատիւ իրենց, հազարաւոր հայ ծնողներ սփիւռքներու տարածքներուն գիտակցելով հայ վարժարանի ընձեռած առաւելութիւններուն, իրենց զաւակները հայ վարժարանը կը ղրկեն, առանց անդրադառնալու որ միաժամանակ սատար կը հանդիսանան նոյն այդ հայ վարժարանի կեանքի «արեւշատութեան» եւ բարգաւաճման։ Հայ վարժարանի առաքելութեան հաւատացող եւ անոր ցաւերը մորմոքող հայ ծնողները ուրիշ անունով կարելի չէ որակել։ Անոնք բոլորն ալ մեզի համար մէկական ազգասէրներ են, որոնց կողքին անշուշտ կանգնած են միշտ այն «միւսները», որոնք անուանի եւ անանուն, յայտնի եւ անյայտ, հաւատացած են հայ վարժարանի մեծ առաքելութեան եւ նիւթապէս ու բարոյապէս իրենց նպաստը բերած։ Քաջալերած։ Անոր բարգաւաճման աշխատանքներուն սատարած։ Ոտքի եւ կանգուն պահած։ Որովհետեւ այս բոլոր բարերարները հաւատացած են, որ այն ինչ որ ազգին կու տան, ազգն է որ կը զօրացնեն։

Բայց, ինչպէս միշտ, կայ եւ եղած է նաեւ դրամին միւս կողմն ալ ։ Այսպէս տակաւին տխուր երեւոյթ է տեսնել հայ վարժարաններէն, հայ դպրոցի շունչէն, անոր ազգային ջերմութենէն, անոր տաքուկ շրջափակէն հազարաւոր հայորդիներու զանազան յարգելի եւ ոչ պատճառներով անոնց զրկուածութիւնը։ ։

Անոնք դուրս են ու կ՚ապրին դժբախտաբար մեզի համար անապահով նկատուած մթնոլորտի մը մէջ։ Տխուր երեւոյթ։ Այս մասին մտածելը լրջութեան կը կարօտի։ Ահազանգէ մը աւելի է։ Ձեռնածալ պէտք չէ մնալ։ Առաջնահերթ հարցերու կողքին պէտք է դասել։ Այս մէկն ալ Հայ դատին մաս կը կազմէ… եւ աւելին՝ Հայ դատ ալ է։

Բայց…այս օրերուն…

Ուսումնական կամ դպրոցական վերամուտ է եւ բոլոր վարժարանները լծուած են նոր թափով աշխատանքի ու սիրով հանդիպած՝ հին ու նոր աշակերտներու եւ սակայն անպայման ցաւելով՝ բացականերուն համար։

Արդ, սրտանց բարի երթ մը բոլորին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles