ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 24 Second

 

Այսօր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնն է, որ կը նշուի Զատիկէն քառասուն օր ետք։ Տիեզերական եկեղեցին Համբարձումը տօնած է 4րդ դարէն սկսեալ։ Ըստ Ս. Գիրքին, Համբարձումը տեղի ունեցաւ Բեթանիա գիւղին մէջ, Ձիթենեաց լերան վրայ։ Աշակերտներուն Իր հրահանգներն ու օրհնութիւնները տալէ ետք, Տէրը «երկինք համբարձաւ եւ Հօրը աջ կողմը նստաւ» (Մարկ.16:19), եւ «ամպ մը ծածկեց զինք անոնց տեսողութենէն» (Գործ 1:9)։ Մարկոսի եւ Ղուկասի աւետարանները կ՚աւարտին Համբարձումով։

Քրիստոնէութեան առաջին դարերուն, Համբարձումը ամենէն ժողովրդական տօներէն մէկն էր, որ կը նշուէր ուրախութեամբ ու տօնախմբութեամբ։ Այս տէրունական տօնին հետ կապուած բազմաթիւ հայկական աւանդութիւններ կան։ Թերեւս ամենէն ծանօթը վիճակախաղն է, յատկապէս՝ երիտասարդ աղջիկներու համար, որոնք իրենց ապագան կը կանխատեսեն, ինչպէս այնքան յիշարժան ձեւով նկարագրուած է Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերային մէջ։

«Որ համբարձաւն այսօր աստուածային իշխանութեամբ ի հայրական ի կառս, սպասաւորելով ի հրեշտակական դասուցն, որք նուագէին ասելով, համբարձէք իշխանս զդրունս ձեր ի վեր, եւ մտցէ թագաւոր փառաց։

Հիացան վերնական իշխանութիւնքն եւ սոսկալի ձայնիւ աղաղակէին առ միմեանս, ով է սա թագաւոր փառաց, եկեալ մարմնով եւ սքանչելի զօրութեամբ. համբարձէք իշխանք զդրունս ձեր ի վեր, եւ մտցէ թագաւոր փառաց։

Եղանակէին ձայնիւ, երգէին երգ նոր ասելով. սա ինքն է թագաւոր փառաց, փրկիչ աշխարհի եւ ազատիչ ազգի մարդկան. համբարձէք իշխանք զդրունս ձեր ի վեր, եւ մտցէ թագաւոր փառաց»։

(Մեր Տէրը այսօր աստուածային իշխանութեամբ հայրական կառքին մէջ երկինք համբարձաւ սպասաւորուելով հրեշտակներու դասերէն որոնք կը նուագէին ըսելով՝ իշխաններ, վերցուցէք ձեր դռները, փառքի թագաւորը պիտի մտնէ։

Երկնային իշխանութիւնները հիացած՝ սոսկալի ձայնով իրարու կ՚աղաղակէին՝ ո՞վ է մարմնով եւ սքանչելի զօրութեամբ եկած այս փառաց թագաւորը. իշխաններ, վերցուցէք ձեր դռները, փառքի թագաւորը պիտի մտնէ։

Հրաշալի ձայնով նոր երգ կ՚երգէին ըսելով՝ սա ինքն է փառաց թագաւորը, աշխարհի Փրկիչը եւ մարդկային ցեղի ազատիչը. իշխաննե՜ր, վերցուցէք ձեր դռները, փառքի թագաւորը պիտի մտնէ)։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles