ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՄԷՋ.- ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԱՊՐԻԼ 1- ԷՆ 30

0 0
Read Time:4 Minute, 47 Second

Ստորեւ, թարգմանաբար լոյս կ’ընծայենք, Նայոմի Քուրոյիմայի մէկ յօդուածը (Ապրիլ 1, 2010), »Gallery Z«ի մէջ կատարուող, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Ցուցահանդէսին մէջ: Նշենք թէ այս յիշատակելի ձեռնարկին ծրագրող մարմինը հաստատած է յատուկ կայք մը www.armeniangenocide95years.com անուան տակ, ուր կարելի է տեսնել բոլոր մանրամասնութիւնները յաջորդող շաբաթներու ընթացքին: Facebookի վրայ եւս էջ մը բացուած է Armeniangenocide Ninetyfiveyears խորագրով, ուր կարելի է կապ պահել ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն հետ: Իսկ եթէ կը փափաքիք գրաւոր հաղորդակցիլ, կրնաք գործածել հետեւեալ հասցէն armeniangenocie95years@gmail.com. Իսկ անոնք որ կը փափաքին նիւթապէս օգտակար ըլլալ այս լայնածաւալ եւ ծախսալից ցուցահանդէսին, կրնան իրենց նուիրատուութիւնը յղել հետեւեալ հասցէինZobian, 17 Ahmerst St. Providence, RI, 02909. Memo:Genocide Exhibition: Այս ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան անուրանալի իրականութիւնը, միաժամանակ պիտի հաստատէ վերապրող եւ վերածաղկող հայ ժողովուրդին մշակոյթը ներկայիս եւ իր ապագայով: Կը սպասուի որ Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած այս ցուցահանդէսը աւարտի յաջողութեամբ ի նպաստ հայ պատմութեան եւ մշակոյթի յաւերժացման:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին 1915-1918, ու դարձեալ 1920-1923 տարիներուն մէկ ու կէս միլիոն հայեր զոհ դարձան քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, կազմակերպուած Օթոման կայսրութեան կողմէ: Թրքական կառավարութիւնը իր ծածուկ բնաջնջման ծրագիրը ի գործ դրաւ հայ փոքրամասնութիւնը ուրիշ տեղ վերահաստատելու պատրուակով: Տեղահան եղած հայերը ենթարկուեցան չարչարանքի , անօթութեան, հիւանդութեան, ջարդի ու կալուածներու բռնագրաւման : Փոքր թիւով վերապրողները դարձան գաղթականներ դրացի երկիրներուն մէջ:
Հայ Ցեղասպանութիւնը կը յիշատակուի ամէն տարի Ապրիլ 24ին, քանի որ 1915ին այդ նոյն օրին, Պոլսոյ մէջ հարիւրաւոր հայ մտաւորականներ ձերբակալուեցան ու սպաննուեցան տարագրութեան ճամբուն վրայ: Այս տարի նշելու համար ցեղասպանութեան 95–ամեակը, Կալէրի Զիի տէր եւ տնօրէն՝ Պերճ Զօպեան կազմակերպած է սքանչելի ցուցադրութիւն մը, թէ պատմական եւ թէ արուեստի գետնի վրայ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը 95 Տարիներ ԵտքՄեր Յիշողութեան Մէջ» խորագրով: Տիար Զօպեան այս ցուցադրութիւնը կազմակերպած է Ռոտ Այլընտ նահանգի համալսարանի (Urban Arts and Culture) մշակութային յանձնախումբի համագործակցութեամբ:
Այս պատմական հարուստ լայնածաւալ տեղեկութիւններով լեցուն արուեստի ցուցադրութիւնը բաց է հանրութեան Ապրիլ 1էն մինչեւ Ապրիլ 30, 2010: Երկու յատուկ հիւրասիրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Առաջինը՝ Ապրիլ 15ին երեկոյեան ժամը 59, երբ ցուցադրութեան հեղինակ արուեստագէտներէն մեծ մասը անձամբ ներկայ պիտի ըլլան: Երկրորդ յայտագիրը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 17ին կէսօրէ ետք ժամը 35, աւելի ճոխ յայտագրով: Սոյն հիւրասիրութիւնները տեղի պիտի ունենան Րոտ Այլընտի Համալսարանի Փրովիտէնսի մէջ գտնուող Ֆայնսդայն Կալէրիին մէջ, 80 Washington Street:
Ապրիլ 17ի յայտագիրը պիտի սկսի ճիշդ ժամը երեքին: Ուրեմն կը թելադրուի որ ժամանակէն առաջ հասնիք քաղաք եւ ինքնաշարժները տեղաւորելէ ետք հասնիք կալէրիի քովի սրահը, ուր բոլոր ներկաները պիտի դիմաւորուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներով, որոնք յատուկ կապեր պիտի անցընեն հիւրերուն ձեռքերուն վրայ:
Ներկաները պիտի վայելեն հայկական տուտուքսրինգի նուագը, Երեւան ծնուած հայ երիտասարդներու՝ Մհեր Սարիպէքեանի, Դաւիթ Գէորգեանի եւ Աբեր Պալասանեանի կատարողութեամբ : Քալիֆորնիայէն Տակ Ճէյմզ եւս պիտի դիմաւորէ հիւրերը իր նուագով:
Մասնաւոր արձանագրութեան սեղան մը պիտի յատկացուի այն ուսուցիչներուն համար որոնք վարկանիշ կ’ուզեն ստանալ (CE credit): Տիկիններ Փօլին Կեցոյեան եւ Եսթեր Գալայճեան կրթական նախարարութեան հետ սոյն կարգադրութիւնները ըրած են: Յատուկ սեղան մը եւս պիտի յատկացուի պատմական գիրքերու եւ խտասալիկներու վաճառման համար:
Ժամը ճիշդ երեքին,հանդիսավար՝ Պրն. Կրէկ Չօփուրեան, 2002–ին պատրաստուած «Արարատ» շարժանկարի դերասան եւ պատմական խորհրդատու, ամփոփ ձեւով պիտի ներկայացնէ յայտագիրը, նահատակներու յիշատակին մէկ վայրկեան լռութենէ ետք: Սբ.Սահակ Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հոգշ. Հայր Սիմէոն Օտապաշեանի բացման աղօթքէն ետք, քէմանչիստ Դաւիթ Այրիյեան պիտի նուագէ հայկական կտորներ, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Մայէսթրօ Կոստանդին Պետրոսեանի: Ապա Տիար Լեւոն Աթթարեան ամփոփ պատմական մը պիտի ներկայացնէ, լուսաբանութիւններ տալով ներկայ իրադարձութիւններու մասին:
Րոտ Այլընտի «Յիշելով Մեր Անցեալը, Դաստիարակելով Մեր Ապագան» (Remembering Our Past, Educating Our Future) ծրագրի պատասխանատուներէն՝ Տիկին Եսթեր Գալայճեան եւ Տիկ. Փօլին Կեցոյեան պիտի ներկայացնեն Ռոտ Այլընտի դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութեան նիւթի ուսուցման լաւագոյն ուսուցիչի մրցանակը: Ապա, Րոտ Այլընտի ազգայիններէն եւ ճանչցուած դերասան Արմէն Կարօ պիտի ներկայացնէ Փրովիտէնսի Ճանսըն էնտ Ուեյլզ համալսարանի դասախօս եւ թատերագիր Տօրօթի Ապրամի գրած թատրոնը «Յիշատակի Վերադարձը – Խորհրդածութիւններ Հրէական եւ Հայկական Ցեղասպանութեանց Մասին» խորագրով: Ներկայացումէն ետք հեղինակն ու հանդիսավարը ներկաներուն, մանաւանդ ուսուցիչներուն, հարց ու պատասխանի առիթ պիտի տան:
Յայտագրի վերջին բաժնով, Արփի Տատոյեան պիտի երգէ երկու երգեր իր նոր հաւաքածոյէն (Sandplay): Տիար Չօփուրեանի եզրափակիչ շնորհակալական խօսքերէն ետք, հիւրերը դարձեալ կրնան դիտել ցուցադրութիւնը, վայելելով քամանչայի եւ տուտուքի ուրիշ երաժշտական կտորներ հիւրասիրութեան ատեն:
Այս ցուցադրութեան հարուստ բովանդակութիւնը կը պարտինք զանազան կազմակերպութիւններու մասնակցութեան, յատկապէս Ուաթըրթաունի մէջ գտնուող բոլորիս քաջածանօթ Ամերիկայի Հայ ԳրադարանԹանգարանը (ALMA), որ իր հարուստ հաւաքածոյէն տասէն աւելի կտորներ յատկացուցած է այս ցուցահանդէսին : Նոյնպէս պիտի ցուցադրուի ԱԼՄԱյի շարժուն հաւաքածոյէն «Մինչեւ Հիմա Շարունակուող Ցեղասպանութիւնը – Մահ , Ուրացում, եւ Սրբապղծում » խորագրով, պատրաստուած ԱԼՄԱյի ատենապետ՝ Հայկ Տէր Մանուէլեանի, Առաքել Ալմասեանի եւ Եղիսաբէթ Գինօսեանի կողմէ: Հայկ, Ատէլ, Լիւսի եւ Վիգէն Տէր Մանուէլեաններու սրտաբուխ այս նուիրատուութիւնը ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Մանուէլ եւ Արմէնուհի Տէր Մանուէլեաններու, կը ներկայացնէ իւրայատուկ գանձ մը, ուր կը գտնենք 730է աւելի ջարդէն վերապրողներու բերանացի վկայութիւններ: Այս հաւաքածոն կարելի պիտի ըլլայ ցուցադրել Փրովիտէնսի մէջ , շնորհիւ Պրն. Արտաշէս Նահապետեանի նուիրատուութեան, ի յիշատակ իր սիրելի ծնողաց՝ Մարինօս եւ Սարգիս Նահապետեաններու:
Երեւանի Հայկական Ցեղասպանութեան Թանգարանը իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս ցուցահանդէսին զանազան յարգի եւ հազուագիւտ լուսանկարներով: Րոտ Այլընտի Հայոց Պատմութեան Կազմակերպութիւնն ալ զանազան հին պատմական առարկաներ պիտի ցուցադրէ իր հաւաքածոյէն: Սոյն ցուցահանդէսը կը վայելէ Նարեկացի Արուեստի Հիմնարկին, Արարատ Կազմակերպութեան եւ Րոտ Այլընտ Նահանգի Արուեստի պահպանման կազմակերպութեան նիւթական օժանդակութիւնը:
Մեծ հպարտութեամբ կ’ուզենք տեղեկացնել թէ 47 արուեստագէտներու, եւ 100է աւելի 616 տարեկան հայ պատանիներու գծագրութիւնները պիտի ցուցադրուին: Ուաթըրթաունի Սբ. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նախակրթարանէն, Փրովիտէնսի Մուրատ Ազգային Վարժարանէն, եւ Սբ.Սահակ Սբ. Մեսրոպ արուեստի եւ Կիրակնօրեայ դպրոցէն խումբ մը աշակերտներ գծագրութեամբ փորձեցին պատասխանել հետեւեալ հարցումին «Ինծի համար ի՞նչ կը նշանակէ Հայ ըլլալ», որ իրենց ուղղուեցաւ Ցեղասպանութեան 95ամեակի առթիւ:
Ցուցադրութիւնը բաց է Երկուշաբթիէն մինչեւ Հինգշաբթի, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9, իսկ Ուրբաթ օրերը ժամը 9էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմեցէք հաստատուած յատուկ կայքին՝ www.armeniangenocide 95years.com, ինչպէս նաեւ Ֆէյսպուքի վրայ Armenian genocide Ninetyfiveyears հասցէին: Իսկ եթէ կը փափաքիք գրաւոր հաղորդակցիլ, կրնաք գործածել հետեւեալ հասցէն armenian genocide95years@gmail.com.
Այս ցուցահանդէսին ամենակարեւոր նուաճումը պիտի ըլլայ այն իրականութիւնը որ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, եւ անոր յաջորդող ցեղասպանութիւնները վերաքննութեան ենթարկելով, նման վայրագութիւններու վերջ կը տրուի: Անհրաժեշտ է որ միշտ վառ պահենք անցեալի յիշատակը, արժեւորենք մեր ներկայի գոյութիւնը ու նայինք դէպի փայլուն ապագան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles