Յարուցեալը Գալիլեա է

0 0
Read Time:4 Minute, 15 Second

Թորգոմ Քահանայ Չորպաճեան

Ս. Յարութեան տօնը յաղթանակի տօնն է:
Յաղթանակ մեր մեծագոյն թշնամիին՝ մահուան դէմ:
Յարութեամբ Աստուծոյ Որդին ո՛չ ըսաւ մահուան իշխանութեան ու իր օրինակով ցոյց տուաւ, թէ մահն անգամ տկար է ու անզօր՝ տիեզերքի Արարիչին ու մարդկութեան փրկիչին դէմ դնելու:
Յարութեամբ ա՛լ մահէն ու անծանօթէն վախ չկայ:
Մեր Տիրոջ յաղթութիւնը յոյս մըն է տրուած մեզի, մահկանացուներուս, իր զաւակներուն, իր անուան հաւատացողներուն, թէ վերջնական խօսքը կը պատկանի միայն մեր Տիրոջ ու Աստուծոյն:
Քրիստոսի խաչելութենէն ետք, անոր աշակերտներն ու հետեւորդները դէմ յանդիման գտնուած էին կեանքի ահաւոր թնճուկին. մահէն ետք ի՞նչ: Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որ մեր Տէրն անգամ, որ ամէն բանի մէջ իւրայատուկ էր՝ իր կեցուածքով, իր նկարագիրով, իր քարոզներով եւ ուսուցումներով, իր հեղինակաւոր կարողութիւններով ու յայտարարութիւններով, զոհ երթայ մահուան ամենակուլ փոսին:
Այս պատճառով անոնք անյոյս էին եւ անօճան: Ուրախութիւնը այլեւս տեղ չունէր իրենց էութեան մէջ, այնպէս ինչպէս մեզի կը թուի, թէ պաղ ու անհաճելի եղանակի մը մէջ արեւն այլեւս գոյութիւն չունի: Անոնք «ընդմիշտ» կորսնցուցած էին իրենց ուսուցիչը, ընկերը, մեծ խորհրդատուն ու վարդապետը: Վերջապէս, կորսնցուցած էին Տէ՛րը:
Վախի մէջ էին: Շատ բնական է որ վախնային: Այն մարդիկը, որոնք ատելութեամբ ու մախանքով լեցուած էին իրենց Տիրոջ դէմ, անբան ամբոխին զգացումներն ու յոյզերն էին գրգռած, որպէսզի անոնք միայն սպանութիւն ու արիւն փնտռէին, Գողգոթա առաջնորդելով ու խաչ բարձրացնելով իրենց սիրելի Տէրը, կրնային նոյն ձեւով գալ, բռնել անոնցմէ իւրաքանչիւրը, ամբաստանելով թէ իրենք ալ հետեւորդներն էին խաչեալին ու արժանի՝ նոյն պատիժին:
Այս իմաստով, երբ կիները՝ Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, եւ Սողոմէն (Մր 16.1) գացին գերեզման ու ի զարմանս բոլորին, տեսան որ գերեզմանին իբրեւ դուռ ծառայող մեծ քարը գլորուած է, Տէրը՝ բացակայ, անոնք միաժամանակ ունեցան ե՛ւ ահ ու դողի, ե՛ւ ներքին ուրախութեան վիճակ: Ամէնէն կարեւորը, սակայն, երիտասարդին խօսքն էր անոնց ուղղուած՝ «մի՛ վախնաք, գիտեմ որ խաչուած Նազովրեցի Յիսուսը կը փնտռէք. բայց հոս չէ՛, յարութիւն առաւ» (Մր 16.6): Պատկերացուցէք ստանալ սուտ լուր մը, թէ ձեր զաւակը արկած մը ունեցած է եւ իր ֆիզիքական կացութիւնը պարզապէս յուսալի չէ: Կը նեղուիք, կը զայրանաք, ձեր ջիղերը կը թուլնան, լացն ու կոծը կ՚ըլլան ձեր միակ ապաւէնն ու հոգիի սպեղանին: Եւ յանկարծ ուրիշ լուր մը կու գայ հերքելու այդ մէկը: Կ՚ըսուի, թէ ձեզի ըսուածը սուտ մըն էր, ու եղածը՝ պարզապէս սխալ հասկացողութիւն: Ի՞նչ կ՚ըլլաք: Ձեր հոգիին կեանք կու գայ: Անձկութեան ամպերը ի սպառ կը հեռանան ձեր ներքին երկինքէն ու հոն կ՚ըլլայ միայն արեւ, յոյս, գարուն:
Ինչ որ պատահեցաւ այս կիներուն՝ էր ամէնէն զարտուղին: Անիկա բնաւ չէր պատահած ու չի պատահիր: Մեր գերդաստաններուն եւ ընտանիքներուն մէջ մահերը յաճախ կը պատահին: Յուղարկաւորութեանց մասնակցած ենք ու գերեզմանոց գացած: Երբ մեռնողը մեզի մօտ անձ մըն էր, փորձած ենք գերեզմանոց երթալ քանի մը օր ետք, շատերու պարագային՝ յաջորդ օրն իսկ: Տարբեր բանի չենք հանդիպած: Նոր հողաթումբ, տակաւին թարմ ու արդէն թօշնութեան հանգրուանը մտնող ծաղիկներ, յիշատակներ արթնցնող զգացումներու զեղում: Այս չէր ինչ որ պատահեցաւ կիներուն հետ: Այս այցելութիւնը իսկապէս զարտուղի էր: Անոր համար Աւետարանը կ՚ըսէ, որ անոնք «զարհուրած եւ ապշահար» էին (Մր 16.8):
Երիտասարդը, որ գերեզմանին մէջ աջ կողմը նստած էր, հետեւեալն ալ ըսաւ. «Այժմ գացէք, ըսէք իր աշակերտներուն եւ Պետրոսի, որ ահա ինք ձեզմէ առաջ կ՚երթայ Գալիլեա. հո՛ն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսած էր ձեզի» (Մր 16.7):
Ինչո՞ւ Քրիստոս Գալիլեա պիտի երթար: Միայն անո՞ր համար որ նախապէս ըսած էր աշակերտներուն: Գալիլեան այն վայրն էր, ուրկէ բաւական թիւով աշակերտներ միացած էին Քրիստոսի: Գալիլեան անոնց ծննդավայրն էր: Գալիլեան տան խորհրդանիշն էր: Գալիլեան անոնց բնական կեանքի իմաստը ունէր:
Ուրեմն, Քրիստոս ինչո՞ւ գնաց Գալիլեա: Քրիստոս գնաց Գալիլեա, որպէսզի Յարութեան աւետիսը տանէր հոն, աշակերտներուն ծննդավայրը, այն վայրը, որ տուն էր իրենց համար: Զատկուան կիրակին, մարդիկ կու գան եկեղեցի տօնելու համար Յարութիւնը: Մարդիկ կու գան եկեղեցի, որպէսզի տօնեն այս արտասովոր բանը, որ պահատեցաւ: Բոլորն ալ իրենց լաւագոյն հագուստները կը հագուին, կը զարդարուին, կը պատրաստուին: Սակայն ինչ որ Քրիստոս ուզեց իր աշակերտներուն եւ մեզի՝ իր հետեւորդներուն, սորվեցնել Գալիլեա երթալով՝ այն է, որ Զատիկը ու Յարութեան տօնը կը պատկանին մեր տուներուն, մեր ամէնօրեայ կեանքին:
Զատիկէն ետք իւրաքանչիւր ոք տուն պիտի վերադառնայ: Ամէն մարդ ունի իր տան պարտաւորութիւնները, մաքրութիւնը: Յետոյ, գործն ու դպրոցը: Գնումը, բժիշկի ժամադրութիւնը: Այլ խօսքով, կեանքի նոյն րութինը, նոյն մտահոգութիւններն ու սպասումները: Քրիստոս Գալիլեա երթալով ուզեց ըսել, որ Յարութիւնը միայն եկեղեցիին ու տօնական օրուան չի պատկանիր: Յարութիւնը եկեղեցիով ու սրբութեան վայրով չի պարունակուիր: Անիկա կը ճառագայթէ, դուրս կ՚ելլէ, ու կը հասնի մեր տուները, նախքան որ մենք հոն երթանք:
Եւ հո՛ս է Յարութեամբ փոխակերպում ապրելու ու փոփոխութեան մէջ մտնելու գաղտնիքը: Յարուցեալ Քրիստոսը միշտ մեզի հետ է, մեր տուներուն մէջ, մեր գործատեղիները, ուր որ երթանք, ինչ աշխատանք ալ ընենք: Յարութիւնը դէպք մը չէ, այլ ամէնօրեայ կեանք: Յարութեան զօրութիւնը, որուն կարիքը ունինք, ու որմով միայն մեր կեանքերուն մէջ Քրիստոսի ներկայութիւնը կը թափանցէ, թուականներու եւ օրացուցային շրջաններու չի պատկանիր, այլ անկէ դուրս կ՚ելլէ ու կը տարածուի մեր կեանքի բոլոր ժամանակներուն վրայ:
Յարութեան այս օրերուն, երբ տուն կը վերադառնանք, յիշենք որ Քրիստոս արդէն հոն է, գացած մեր անձնական Գալիլեաները: Եթէ կ՚ուզենք Յարութեան զօրութեան փորձառութիւնը ապրիլ, պէտք է որ ճանչնանք մեր Գալիլեան մեզմէ առաջ հասող Տէրն ու Յարուցեալ փրկիչը: Այն ատեն միայն, միա՛յն այն ատեն, մեր կեանքը կը ստանայ նոր որակ, մեր հաւատքի աճումը կ՚ըլլայ ամբողջական ու մեր սէրը ոչ մէկ արգելք կը ճանչնայ: Ո՛չ իսկ մահը:
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles