ՁԱՅՆԵՐ ՀՆՉԵՑԻՆ…ՏԷՐ ԶՕՐԷՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

Տէր Զօրի կիզիչ արեւն ու անծայրածիր անապատը այն վայրն էր, ուր յարութիւն պիտի առնէին ո°չ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն վերապրելու անմահ կամքն ու ոգին, այլ նաեւ զարհուրելի պայմաններու տակ դիմադրած ու պայքարած այն ճողոպրածները, որոնք կրկին շնչած, վերականգնած ու շինած էին եւ ապա փոխադրուելով զանազան գաղութներ, իրականացուցած էին Հայ Ազգի վերապրումը:
Դեռ վերջերս, «60 Minutes» (վաթսուն վայրկեան) յայտագրին մէջ, ներկայացուած էին…Թուրքիոյ սահմանէն 150 մղոն հարաւ-արեւելք գտնուող, այս անապատային քաղաքին եւ յատկապէս Մարկատէ քարայրին մէջ, դիւրութեամբ պեղուող եւ մեծ քանակով կուտակուած ու միաւորուած աճիւններու բեկորները, որոնց մասին հարցադրումներու ընթացքին, թուրք դիւանագէտներ պապանձած ու կակազած էին եւ նոյնիսկ դիմած էին «ջայլամի քաղաքականութեան»…իրենց գլուխն ալ խրելով հողին մէջ եւ մեղադրելով պատմագէտները, թէ այդ աճիւնները կրնային պատկանիլ այլ անձերու:
Այրող եւ հրկիզող աւազին վրայ կանգ առած, ՀՀ Նախագահ Սարգսեանի համար ուրուագծուած էր իւրայատուկ պատգամ մը:
Պատգամ մը՝ փոխանցուած տեղւոյն բնութենէն եւ անոր գրեթէ հարիւրամեայ թախծոտ պատմութենէն:
Հոն, արիւն եւ արտասուք կար նահատակներէն, պայքար ու վրէժ՝ վերապրողներէն:
Կար հոն, մոխի°ր…յիշատա¯կ: Վերածնած բեկորներ եւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն վերապրող աճիւններ: Համայն հայութեան նահատակները շատ բան պատմեցին, տեղեկացուցին եւ յատկապէս աղաղակեցին:
Դե’ռ աւելին, անապատային այդ շոգին, մօտակայ Եփրատի արիւնածածկ ջուրէն եւ ալեակներէն՝ անմեղ խեղդամահներ ու բռնի ուժով նետուած էակներ ժամանած էին պահանջելու արդարութիւն եւ պարտադրելու «…Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»:
Լոկ այցելութիւն մը չէր այս Տէր Զօր այցելութիւնը: Այլ ժամադրութիւն մը՝ այդ զարհուրելի անցեալին, այդ տարբեր տեսակի քարքարոտ, մահազդու եւ ահ ու սարսափ սփռող «ճամբու քարտէս»ին հետ:
Ձայներ հնչեցին, այդ օր Տէր Զօրի մէջ …արդարութեան, պահանջատիրութեան եւ հատուցման ձայներ:

«Հայրենիք»

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles