ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը որոշող հանգրուան մը եղաւ 301 թուականը: Նոր սկիզբ մը, այս անգամ հոգեւոր զարթնութեան, Աստուածճանաչութեան ու լուսաւորութեան հանգրուան մը:
Հայոց պատմութիւնը այլափոխուեցաւ, դառնալով այնպիսի պատմական անկիւնադարձ, ուր մեր ժողովուրդի վարկը, ինքնակերտումը եւ ինքնիշխան նկարագիրը ի յայտ եկաւ: Հայ ժողովուրդը յայտնապէս եւ իրաւացիօրէն, ի տես համայն աշխարհի մկրտուեցաւ Քրիստոնեայ, իր վրան առաւ Քրիստոսի անունը ու կնքուեցաւ Քրիստոսի անուշաբոյր դրոշմով:
Հայ ժողովուրդը իր վաղեմի կենցաղով, միշտ հետամուտ եղած էր ճշմարտութիւնը գիտնալու, ճշմարտութեան հետեւելու ու զայն որդեգրելու որպէս ապրելաձեւ: Կռապաշտութիւնը պատած էր հայկազնեան ցեղը, հետեւելով այլոց, ազդուելով անոնցմէ ու յաճախ պարտադրանքներու ենթարկուելով:
Սակայն 301ը մեր ժողովուրդի զարթօնքին մասին վկայեց, մեր ժողովուրդի քաջութիւնը ի յայտ բերաւ, այն քաջութիւնը, որ Տէրը ընդունելու ու դաւանելու խիզախութիւնն էր, որուն պատճառով միշտ հալածուեցաւ, դժուարութեանց մատնուեցաւ, թալանուեցաւ, ջարդուեցաւ… վկայութեան ժողովուրդ ըլլալու իր կոչումը փաստեց ու զայն փորձարկեց: Սակայն այդ բոլորին յաղթելով, աւելի բարձրացաւ, մեծցաւ ու լուսաւորուեցաւ:
Մեր ինքնութիւնը որպէս հայ ժողովուրդ կը դրսեւորուի քրիստոնէական կրօնքով, մեր նկարագիրը գոյն կը ստանայ քրիստոնէական հաւատքի հետեւողութեամբ, մեր կեանքը կþերանգաւորուի քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքին հանդէպ բծախնդիր ու նախանձախնդիր դառնալով միայն:
Ժողովուրդներ ու ազգեր կÿանմահանան իրենց արժէքներով միայն, անոնք կը գոյատեւեն ու կÿապրին իրենց ունեցած մշակութային ու կրօնական պատկանելիութիւններով միայն, անոնք առաջ կþերթան ու կը զարգանան, այդ արժէքները վերակենդանացնելով ու անոնց հենելով միայն:
Հայ ժողովուրդը իր ազգով ու եկեղեցիով կրցաւ իր դիրքը որոշել ու իր ժողովուրդի ապագան կերտել իր իսկ ուժերով ու կարողութիւններով, այդ ուժը ըլլայ մտաւոր, հոգեւոր ու մարմնաւոր, կազմեցին կորիզը մեր ազգային իրականութեան:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ Հայոց, ճշմարիտ վկան դարձաւ Քրիստոսի, անվախօրէն յայտարարելով իր քրիստոնէական պատկանելիութիւնը, պահելով իր Առաքելական կոչման ու յաջորդականութեան ինքնութիւնը, շարունակել տալով Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ բարեզարդման, Հայաստան աշխարհ հաստատման, հզօրացման, կանոնաւորման ու մինչեւ այսօր Աստուծոյ բարձրեալ կամքով անոր շարունակման: Ան Տրդատ Հայոց Արքային հետ, միասնաբար՝ Եկեղեցի եւ Պետութիւն, անդուլ կերպով աշխատեցան ի խնդիր մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի լուսաւորութեան ու հոգեւոր վերանորոգութեան:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Անմահ Թագաւոր Քրիստոսի հետեւելու ու իր անուան համար նահատակուելու մեծագոյն օրինակը հանդիսացաւ եւ ցոյց տուաւ թէ արդարութեան բանալիները միայն Քրիստոսի ձեռքերուն մէջ կը գտնուին:
Ան իր դաւանութեան պատճառաւ տասէ աւելի տարիներ մեր Արարատ Հայկեան լերան դիմաց, խոր վիրապին մէջ աղօթեց մեր ազգին համար, Աստուածային կարողութեամբ դիմացաւ այդ խաւարին մէջ մնալու տանջանքին, որպէսզի հոնկէ դուրս գալով լուսաւորեր մեր ազգը, լուսազարդեր մեր Հայրենի հողը Քրիստոսի Լոյսով, անհատնում ու ճշմարիտ լոյսով , որուն վկաներն ենք մինչեւ այսօր:
Արարատ մեր լեռը, իր հովանիին ներքեւ պահեց մեր մեծ Սուրբը, իր ձիւնածածկ գագաթով զովացուց եւ սպիտակացուց Սուրբին կեանքը, յոյս ներշնչեց վաղուան ու ապագային… Արարատ մեր լեռը մինչեւ այսօր կը յուսադրէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, վաղուան պայծառ ու լուսազարդ օրուան, որուն վկաները պիտի դառնանք ազգով ու եկեղեցիով:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները, որոնք մինչեւ այսօր Հայ Եկեղեցին ու ազգը կը պանծացնեն ու իրենց պահած եւ ունեցած օրհնութեամբ մեր ազգը կþողողեն, ահաւասիկ վկաներն են մեր հաւատքին, բծախնդրութեան ու գիտակցութեան, որպէս լուսազարդեալ ժողովուրդ:
Քրիստոսի համբարձումէն մինչեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ 301 թուական, մեր ազգը գաղտնի կերպով պաշտեց զՔրիստոս, նահատակուեցաւ անոր անուան համար, քալեց ճշմարտութեան ուղիէն, մինչեւ հասաւ այն ժամանակը երբ ազգովին ու պետականօրէն ընդունեցինք քրիստոնէութիւնը մեր Հայրենիքէն ներս ու Քրիստոսի հանդէպ ունեցած մեր հաւատարմութիւնը այս անգամ սկսանք ազատօրէն ապրիլ, շէնցնելով մեր երկիրը Քրիստոսի ներկայութեամբ:
Քրիստոնէութեան դաւանանքը մեզի համար երբեք հանգստութիւն չպարգեւեց, այլ միշտ հալածուեցանք ու չարչարուեցանք այդ անունը կրելուն համար, հետեւելով, համոզուելով ու քաջ գիտնալով այն իրականութեան մասին որ Առաքեալը յայտարարեց թէ. »Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքները անպակաս են, բայց լքուած չենք: Շարունակ Յիսուսի մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի« (Բ. Կր 4.810):
Այս շաբաթ օր, հայ եկեղեցին պիտի յիշատակէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի խոր վիրապ մուտքի եւ անոր չարչարանքներուն յիշատակը: Այս օրը կը յիշատակուի, որովհետեւ խոր վիրապը, դժոխային վիճակը, չարչարանքի տարիները, ծնունդ տուին մեր ազգային ու կրօնական վերազարթօնքին եւ այդ վիրապը մեզի համար դարձաւ նուիրական ու յիշատակի վայր, որուն մէջ Սուրբ Գրիգոր մնալով, աղօթեց ու իր հոգիին մէջ անմար պահեց Քրիստոսի լոյսը, որ ի յայտ գալով լուսազարդեց մեր համակ ազգը: Հոն կառուցեցինք Եկեղեցի, ի նշան մեր եկեղեցական ինքնութեան զգենման:
Մեծ Պահքի Վեցերորդ Կիրակին ըստ Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին կը կոչուի »Գալստեան Կիրակի«, խորհրդանշելով Քրիստոսի գալուստը, թէ ինչպէս մարգարէներուն գուշակումը ու բոլոր աստուածային խոստումները իրականացան Քրիստոսին աշխարհ գալով:
Նախամարդ Ադամի անհնազանդութեամբ, մարդկութիւնը մեղքի մէջ ինկաւ, ապա Քրիստոս եկաւ որպէսզի այդ մեղքը իր վրայ առնէ ու մեզ բոլորիս յոյս տայ յաւիտենական կեանքին: Քրիստոս իր մարդեղութեամբ եկաւ մեզ պատրաստելու, յոյսով լեցնելու, ճշմարիտ ճանապարհը ցոյց տալու, որպէսզի երբ տեղի ունենայ իր երկրորդ գալուստը՝ աշխարհի դատաստանը, այն ժամանակ բոլոր արդարներուն հետ միասին մենք ալ ցնծանք եւ ուրախանանք Տիրոջ ներկայութեամբ ու մեզի շնորհուած փրկութեամբ:
Մեր երկիրը վայելեց Քրիստոսի ներկայութիւնը դարեր ի վեր, երբ տակաւին հզօր կայսրութիւններ չէին ճանչցած զՔրիստոս: Մեր երկիրը լեցուեցաւ Քրիստոսի շնորհքով եւ արժանացանք Քրիստոսի վկաները դառնալու, երբ տակաւին աշխարհ քաջութիւնը չունէր Տէրը ճանչնալու եւ դաւանելու: Քրիստոսի անուամբ դրոշմուեցաւ մեր ժողովուրդը, իր ողջ ազգով ու եկեղեցիով, որոնք կը խորհրդանշեն ու կը մարմնաւորեն մեր անքակտելի միութիւնը, որպէս մէկ Ազգ, մէկ Կրօնք եւ մէկ Հայրենիք:
Քրիստոս բնակութիւն հաստատեց մեր հայրենիքէն ներս, երբ մեր նախահայրերը կը նահատակուէին իր անուան ու հայրենիքի ազատագրման համար: Քրիստոսի Աւետարանին բերած քաջութիւնը եւ անոր կենարար Խօսքին ճշմարտութիւնը մեզ պահեցին անդուլ մեր հաւատքի կեանքին մէջ:
Սուրին ու երկաթեայ զէնքի կողքին ունեցանք Խաչը որպէս պահապան մեր ինքնութեան ու նկարագրին, միշտ հայցելով անոր ամենազօրութիւնն ու օրհնութիւնը:
Մեր ժողովուրդը արժանացաւ Աստուծոյ շնորհքին ու օրհնութեան, որպէս առաջին պաշտօնապէս ու պետականօրէն քրիստոնէութիւնը դաւանող ժողովուրդ, սակայն այսօր երբ կը գիտակցինք մեր իրականութեան եւ ներկայ մեր կրօնաազգային իրավիճակին, մենք մեզ կը գտնենք հսկայ դաշտի մը մէջ, այնպիսի դաշտ մը, որուն մէջ ամէն տեսակ ցանք ցանուած է… բայց հրամայականը ունինք մենք ալ հոն ցանելու այն հունտերը, որոնք դարերու պատմութենէն կու գան, արեամբ ու նահատակութեամբ ձեռք բերուած…:
Մեր նախահայրերը նահատակուեցան ու մարտիրոսացան, որպէսզի մենք այսօր ըլլանք ու ապրինք, եւ եթէ կ’ուզենք գոյատեւել, հարկ է որ անոնց յանձնած հունտերը ցանենք, ցանենք ու ցանենք… հունձքի օրը անպայման կու գայ…