Հեղձուցիչ վայրկեաններ…անծայրածիր ու անաւարտ կարծիքներու փոխանակումներ…ժամեր խլող վիճաբանութիւններ:
Այսպէս, հակառակ թափուած բոլոր ճիգերուն եւ նոյնիսկ մետասաներորդ պահուն Սպիտակ Տան միջամտութեան, 22-ի դէմ 23 ձայնով որդեգրուեցաւ բանաձեւ թիւ 252-ը: Երեք թիւեր, որոնք կրնան աննշան սեպուիլ եւ թուագրութիւն ու թուա-բանութիւն կոչեցեալ ,անգիր ու անգրագէտ աշխարհեին մէջ, նկատուիլ իբրեւ թուային ներկայութիւն: Սակայն, այս պարագային, այդ երեք թիւերու ետին կանգ-նած բանաձեւը՝ եզրակացումն ու խտացումն էր գրեթէ դարաշրջանի մը պատմու-թիւնը ունեցող Եղեռնի մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչման:
Արդարութեան եւ ճշմարտութեան ձայնի բանաձեւն էր թիւ 252-ը, որուն դէմ բուռն պայքար կը մղէր թրքական լոպպին, ինչպէս նախանցեալ տարիներուն, նոյ-նանման միտք բանին ամբողջացնող այլ թուագրուած բանաձեւերու դէմ:
Մարտ 4-ին կատարուած քննարկման ընթացքը, երբ խոշորացոյցով դիտենք, շուտով կրնանք եզրակացնել թէ ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան դէմ քուէարկող ծերակուտականներուն մեծամասնութիւնը շեշտած էր թէ նմանօրինակ բանաձեւ կրնար վնաս հասցնել արձանագրութիւններուն: Շարունակ կրկնուած սոյն ,Այսպիսի օրերուն, նմանօրինակ բանաձեւի քուէարկում՝ մեծ հարուած մը կրնայ հասցնել արձանագրութիւններու գործընթացինե թութակաբանութիւն-արտայայտութիւնը, ցոյց կու տար թէ այդ ծերակուտականներուն տրուած էր յատուկ ցուցմունք, անգամ մը եւս հարցը ձգձգելու, յետաձգելու եւ շարունակ լուսանցքի տակ առնելով՝ մոռցնելու:
Բնական էր, իբրեւ այս բանաձեւին դէմ բողոք, թրքական արագ դիրքորոշում-պատասխանը՝ Անգարա կանչել Ուաշինկթընի մօտ, դեսպան Նամըք Թանը, խիստ խորհրդապահական եւ կարեւոր քննարկումներու համար:
Այս անգամ, Անգարան էր որ զայրացած կը յայտնէր թէ թուրք ժողովուրդը անարդարօրէն եւ անտեղիօրէն մեղադրուած էր: Կրկին հարցականի տակ կը դրուէր արձանագրութիւններու գործընթացը, քննադատելով Մ.Ն.-ի ռազմավարական տեսլա-կանը, եւ պատճառաբանելով թէ համագործակցութեան ծիրէն ներս շարունակուող աշխատանքներուն վրայ, բացասական ազդեցութիւն պիտի ձգէր այս բանաձեւին որդեգրումը:
Իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ, ամէնայն սեթեւեթաբանութեամբ յանդգնած էր պատմական իրողութիւններէն հեռու, միակողմանի որոշում նկատել պատահածը, եզրափակելով թէ այս որոշումը պիտի վնասէ Կովկասի մէջ բարեկամական մնայուն յարաբերութիւններու կառուցման ջանքերուն:
Մարտ 4, 2010-ին քուէարկուած ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ, դեռ շատ լուսարձակներու տակ պիտի իյնայ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Մարտ 8, 2010