Քանի մը օրեր միայն, իրարմէ կը բաժնէ Արցախեան շարժումին սկզբնաւորութեան եւ վերածնունդի օրուան (Փետրուար 20, 1988) նշումն ու Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ, հազիւ շաբաթ մը ետք՝ Փետրուար 28, 1988ին տեղի ունեցած հակահայ ջարդերուն զանգուածային սպանդը:
Տարբեր տեսլական, եղելութիւն, իրողութիւն, իրադարձութիւն, դէպք, սպանդ…աւանդ:
1905-ի Հայ-թաթարական կռիւներու մէկ արդի հանգրուա՞ն, թէ այդ օրերուն՝ Խորհրդային Միութեան փլուզման սեմին կեղծ ու շինծու եղբայրական սկզբունքներու դէմ վրէժխնդրութիւն, կիրք ու մոլո՞ւցք:
Անտեղի եւ անընդունելի է ազերի հակաքարոզչական մեքենային կատարած մէկ բաղդատականը՝ պատերազմական գօտիէն հեռու գնուող Սումկայիթի սպանդին եւ այդ դէպքէն չորս տարի ետք, Արցախի Հանրապետութեան բանակի շղթայազերծած, զինուորական գօտիի մէջ գտնուող եւ ռազմական կարեւորութիւն ընծայող, Խոճալուի ազատագրման միջեւ:
Օրին, անցուդարձերուն ժապաւէնը կը մատնէ° եւ կը փաստէ° թէ այդ օր՝ Փետրուար 20-ին, Սումկայիթի մէջ կատարուած սպանդին, տեղւոյն ներքին ապահովութեան ուժերն ու երկրին ներքին խռովութիւնները զսպող յատուկ ջոկատները դիտմամբ աննկատ ու աննշմար, կարեւորութիւն չէին տար պատահած սարսափազդու դէպքերուն եւ այդ կեցուացքով կը հրահրէին եւ յաւելեալ առիթ կ°ընծայէին որպէսզի խուժան տնաւերներ դաշիւնահարէին, կացինահարեն, հրկիզեն եւ դեռ այլ բարբարոսային միջոցներով սպաննեն անմեղ հայորդիներ: Նոյնիսկ, այդ խուլիկան խուժանը, անխնայ եղած էր…արգելք հանդիսանալով դեռ աշխարհ չտեսած սաղմածինին:
22 տարի ետք, կարելի չէ այդ օրերու Խորհրդային Միութեան կառոյցները պատրուակ նկատել եւ այդպէս, այսօր չգոյութեան վերածուած հսկայութեան մը այպանել պատահածը: Ո°չ, մանաւանդ որ աւելի քան 48 ժամուան անտէր-անտիրականութիւնէ ետք, յանկարծ տեղւոյն ներքին ապահովութեան յատուկ ջոկատները մուտք գործեցին կռուադաշտ եւ շուտով վերահաստատեցին շրջանի անդորրութիւնը:
Ահաւասիկ, աւելի ծանր արխիւային փաստագրութիւն մը, որ հարցադրել կու տայ թէ արդեօք ժամանակը չէ՞ Պաքուն իր պատմական պատասխանատուութեան դէմ յանդիման դնելու:
…Պաքու մը, որ այդ օրերուն երկրպագուն էր բարեկամութեան, բարի կամեցողութեան եւ համերաշխութեան:
…Պաքու մը՝ որ քողարկած ու ծածկած էր պատահածը.- Սումկայիթեան սպանդ՝ Խժդժութեան աւանդ:
«Հայրենիք»
Փետրուար 26, 2010