ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ՄԵԶ ՏԱՐԱՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՕՃԱԽ

0 0
Read Time:3 Minute, 19 Second

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆՏԱՂԼԵԱՆ

Ախր ես ինչպէ՞ս վեր կենամ գնամ,
Ախր ես ինչպէ՞ս ուրիշ տեղ մնամ:
Ախր ուրիշ տեղ հայրէններ չկան,
Ախր ուրիշ տեղ հորովել չկայ….


Համօ Սահեան

Վերջին տարիներուն, քրիստոնէական տօները առաւել մեծ շուքով կը նշուին Հայաստանի մէջ: Նախապէս չյիշուող Ծաղկազարդը շատ տարածուած տօն է այսօր: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ծաղկազարդը  հռչակած է, իբրեւ երեխաներու օրհնութեան օր եւ այդ առիթով, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի մանուկներու օրհնութեան յատուկ արարողութիւն:
Ինչպէս անցնող տարիներուն, այս տարի նոյնպէս Ծաղկազարդին (Ապրիլ 5) Երեւանի եկեղեցիները շատ խճողուած էին, ուստի որոշեցինք երթալ մօտակայ գիւղերէն մէկը՝ տեսնելու թէ այնտե°ղ ինչ մթնոլորտ կը տիրէ: Մեր ընտրութիւնը Աշտարակի Մուղնի գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցին էր, ուր իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ ներկայ էր երջանկայիշատակ Մեսրոպ Արք. Եպիսկոպոս Աշճեանի հոգին ու շունչը… Իր խնամակալութեան տակ գործող եկեղեցին էր Ս. Գէորգը. մաքուր ու վարդաշատ: Հաւատացեալներու կիրթ ու հոծ բազմութիւնը ուշադրութեամբ կը լսէր Աշճեանի շունչով քարոզող Տէր Եղիշէի խօսքերը:
Ի տարբերութիւն քաղաքի, այստեղ ձիթենիի ճիւղերուն փոխարինող ուռենիի ճիւղերն ու պսակները չէին վաճառուեր, որովհետեւ անոնք կտրուած էին եկեղեցւոյ բակի մէջ գտնուող ծառերէն: Տէր հայրը ճիւղերը օրհնելէն ետք, դպիրները զանոնք բաժնեցին կանոնաւոր շարք կազմող հաւատացեալներուն: Քարոզի ընթացքին ուշադրութիւնս գրաւեց երեխաներու տաս հոգինոց խումբ մը, որոնք եկած էին մօտակայ Ուշի գիւղէն՝ ընկերակցութեամբ Գանատահայ Տէր եւ Տիկին Մարգար եւ Էլիզ Շարապխանեաններու: Այդ երեխաները ակնյայտ տարբեր էին իրենց հասակակիցներէն, տարբեր էր նոյնիսկ անոնց արտաքինը:
Պատարագի աւարտէն յետոյ Պրն. Մարգար առաջարկեց երեխաներուն հաւաքուիլ եկեղեցւոյ կանաչապատ բակին մէջ, որպէսզի լուսանկարէ զիրենք, ու մենք բաւական երկար զրուցեցինք՝ սփիւռքահայու մտահոգութիւններու, Հայաստանի եւ յատկապէս ժողովուրդի դժուարութիւններու եւ շատ այլ խնդիրներու շուրջ: Աւելի ուշ ընդունեցինք Շարապխանեան ընտանիքի սուրճի հրաւէրը, ու մեր մեքենան հետեւեցաւ տաս երեխաներու խանդավառութեամբ համակուած Պրն. Մարգարի մեքենային:
Ծուռումուռ ու անխնամ ճամբաներէն անցնելով մտածեցի թէ ինչ բան կրնար ստիպել Գանատայի ճոխ ու հանգստաւէտ կեանքին վարժ այս զոյգին՝ հրաժարիլ այդ բոլորէն եւ տարուան մեծ մասը ապրիլ Հայաստանի գիւղական կեանքով, եթէ ոչ նուիրումը հայրենքի հանդէպ:
Վերջապէս հասանք գիւղի ամենագեղեցիկ եռայարկ բնակարանին, որուն վրայ կը ծածանէր հայոց եռագոյնը: Տարիներ շարունակ եռագոյնը իր սրտին մէջ պահող սփիւռքահայը միայն կը մտածէր՝ Հայրենիքի մէջ կառուցած իր տան վրայ ծածանել եռագոյնը:
Մեզի հետ ներս մտան նաեւ տաս երեխաները. Տիկին Շարապխանեան՝ երեխաներու օրհնութեան օրուան առիթով՝ ճաշի հրաւիրած էր զանոնք: Այստեղ պարզ դարձաւ, թէ ինչ կապ ստեղծուած է երեխաներու եւ այս ընտանիքի միջեւ:    
Տիկին Շարապխանեան Հայաստան եղած ժամանակաշրջանին իր ժամանակի մեծ մասը կ’անցնէ երեխաներու հետ, դպրոց եղած օրերուն անոնց կ’օգնէ իրենց տնային պարտականութիւնները կատարելու, ամրան անգլերէն կը սորվեցնէ անոնց, այս բոլորին զուգահեռ աղջիկները նաեւ տնարարութիւն կը սորվին: Ծնողները գոհունակութեամբ կը նշեն, որ իրենց 1314 տարեկան աղջիկները սկսած են աման լուալ, տունը կարգի բերել եւ այլ գործեր կատարել:
Տիկին Էլիզը շատ համբերատար է, »Բարկանալու ալ պատճառ չունիմ«, կ’ըսէ ան, »որովհետեւ Ուշի գիւղի երեխաները շատ հնազանդ են, անհամեմատ աւելի հնազանդ քան քաղաքի երեխաները:
Պրն. Շարապխանեան տարիներու վաստակ ունեցող մանկավարժ է, մանկավարժութիւնը կոչում մըն է իրեն համար, որմէ հեռանալ չի կրնար: Ան երեխաներու մէջ հայրենասիրական ոգի կը ջամբէ, հոգ կը տանի, որ երեխաները օտար բառեր չգործածեն եւ ճիշդ հայերէն խօսին:  Ան երեխաներուն կ’ուսուցանէ նաեւ ազգային երգեր, եւ երբ երեխաները իրենց խոստումին համաձայն նոր երգ մը կատարեալ սորվին, Տէր եւ Տիկին  Շարապխանեանները 1214 տարեկան տաս երեխաները կը լեցնեն իրենց մեքենայի մէջ եւ կ’երթան նոր երգի հերոսին հետ կապ ունեցող վայր մը. օրինակ »Դրոյի Յիշատակին« երգը սորվելու ժամանակ անոնք գացած են Ապարան եւ այցելած ազգային հերոսի գերեզմանը, եւ այսպէս շարունակ…
Նուիրումի այս օճախը ունի իւրայատուկ ննջարաններ՝ մէկուն լուսամուտէն կ’երեւայ Արարատ լեռը, երկրորդէն՝ Արագածը, իսկ երրորդէն՝ Արայի լեռը: Պատշգամէն կախուած եռագոյնը պատահական չէ դրուած. Մայիս 28ին Պրն. Մարգարը դրացիները կը հաւաքէ ծածանուող եռագոյնի տակ դասաւորուած սեղաններուն շուրջ նստելու, ուտելու, խմելու, երգելու եւ ըստ արժանւոյն նշելու անկախութեան տօնը:
Սուրճ խմելու ընթացքին, երեխաները ի պատիւ հիւրերուն խումբով երգեցին »Երազ Իմ Երկիր Հայրենի« երգը….Տէր եւ Տիկին Շարապխանեաններու երազն էր այդ: Երկու տարի է, որ անոնք կ’ապրին հայրենի հողի վրայ կառուցած իրենց տան մէջ, սակայն այդ մասին անոնք երազած են ամբողջ կեանք մը…»Ո՞վ կը մտածեր, որ այս օրը պիտի տեսնենք« կ’ըսէր Պրն. Մարգարը….    
Վերադարձի ճանապարհին անցանք Երեւանի եկեղեցիներու կողքով, երեխաներ, երիտասարդներ ուռենիի պսակներ կրած կը ճեմէին փոցոցներով: Ուռենիի ճիւղերը նոսրացած էին, բայց դեռ բազմաթիւ կոյտեր կը սպասէին իրենց նոր տէրերուն:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles