«ԱՐԻ ՏՈՒՆ»
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ
Քո հայրենիքը Հայաստանն է նոր,
Ուր ամուլ ժայռն էլ ծաղիկ է ծնում,
Ուր թաղուած Մեսրոպ Մաշտոցն ամէն օր
Ինձնով քո բախտի մասին է հարցնում
Յ. Շիրազ
Սփիւռքի մէջ Ապրող բազմաթիւ պատանիներ միշտ երազած են սեփական աչքերով տեսնել իրենց հայրենիքը, որուն մասին լսած եւ կարդացած են միայն: Ահա կարծես եկած է պահը, որ սփիռքը իր հոգատար թեւերուն տակ առնող ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, հոգայ նաեւ այդ հարցի մասին՝ մշակելով եւ իրագործման հանգրուանի մէջ դնելով «Արի տուն» խորագրով «Սփիւռքի երիտասարդութեան այցելութիւններ Հայաստան« ծրագիրը, որուն նպատակն է Հայաստանը ճանաչելի դարձնել աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան:
Հայրենիք այցելող սփիւռքահայ երիտասարդները պիտի ապրին Հայաստանի ընտանիքներու մէջ, շփուին բնակչութեան առօրեայի հետ, ծանօթանան տեղի աւանդոյթներուն ու սովորոյթներուն: Երիտասարդները շփուելով իրական հայրենիքի հետ, իրենց մէջ կը ձեւաւորուի հայրենիքի նկատմամբ պատասխանատուութեան եւ իրաւունքի գի-տակցութիւնը:
«Արի տուն« ծրագիրը նախատեսուած է իրականացնել 2009 թուականի ՄայիսՀոկտեմբեր ամիսներուն: Հրաւիրուող Սփիւռքի տարբեր գաղթօջախներու 14-25 տարեկան հայ երիտասարդներու այցելութիւնը պիտի տեւէ երկու շաբաթ՝ տարբեր հանգրուաններով: Իւրաքանչիւր ամիս տարբեր գաղթօճախներէն պիտի ձեւաւորուի մինչեւ 50 հոգիէ բաղկացած երիտասարդական երկու խումբ, որոնք ծրագրի ծիրէն ներս պիտի կատա-րեն ճանաչողական այցեր դէպի պատմամշակութային յուշարձաններ, թանգարաններ, տեսարժան վայրեր, պիտի մասնակցին ուսուցողական ծրագրերու՝ յաճախելով հայոց լեզուի եւ գրականութեան, Հայաստանի աշխարհագրութեան, հայ ժողովուրդի եւ եկե-ղեցւոյ պատմութեան, հայկական ազգային երգի եւ պարի խմբակներու, ինչպէս նաեւ ճանաչողական հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի պետական հասարակական այրերու հետ:
Ծրագիրը պիտի իրականացուի պետական, մասնաւոր եւ հասարակական հատ-ուածներու սերտ համագործակցութեամբ:
Հիւրընկալ ընտանիքներու ընտրութեան գործընթացը կազմակերպուած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու միջոցով: Աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած են տեղական ինքնակառավարման մարմինները, Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի, Արարատի, Արմաւիրի, Արագածոտնի մարզպետարանները եւ անոնց կողմէ նշանակուած կրթական հաստատութիւնները:
Սփիւռքահայ ծնողները պէտք է լիովին վստահ ըլլան, որ իրենց զաւակները պիտի ըլլան ապահով ձեռքերու մէջ, որովհետեւ հիւրընկալուողները ՀՀ Սփիւռքի նախարարու-թեան՝ այլ խօսքով պետութեան հիւրերն են, ուստի նախարարութիւնը ուսումնասիրած է ծրագրի բոլոր ծալքերը եւ հնարաւորինս ապահով ու յարմարաւէտ պայմաններ պիտի ստեղծէ մասնակիցներուն համար: Նախարարութիւնը մեծ բծախնդրութեամբ ընտրած է այն ընտանիքները, որոնց պիտի վստահուի հիւրընկալութիւնը սփիւռքահայ երիտասարդներուն: Ընտանիքներու նախնական ցուցակը կազմած են դպրոցներու տնօրէնները, ապա այդ ցուցակը ուսումնասիրած են թաղապետերը եւ յանձնած Սփիւռքի նախարարութեան, որուն աշխատակիցները նոյնպէս ուսումնասիրած ու վերջնական տեսքի բերած են այն, ապա անձամբ այցելած այն ընտանիքները ու ստուգած, որ արդեօք անոնք կ’ամբողջացնե՞ն պահանջուած չափորոշիչները: Հիւրընկալ ընտանիքը պէտք է ըլլայ բարեկեցիկ, ունենայ կենցաղային անհրաժեշտ պայմաններ, ունենայ հիւրընկալող սփիւռքահայ երիտասարդ կամ պատանիին հասակակից երեխաներ, թոռներ, ապահովէ ջերմ, ապահով ու առողջ մթնոլորտ, իր հիւրի հետ վերաբերի իբրեւ ընտանի-քի լիիրաւ անդամի:
Մասնակիցներու վրայ պարտք դրուած է ապահովել՝ միայն իրենց ուղեւորութեան տոմսերը, թէեւ նախարարութիւնը յոյս ունի, որ համայնքներու մէջ գործող կազմակերպութիւնները, միութիւններն ու անհատ բարերաները իրենց նիւթական ներդրումը կ°ունեան այդ գործին մէջ, որպէսզի մանակիցներուն համար ստեղծուին նիւթական առաւել յարմարաւէտ պայմաններ: Մասնակիցները զերծ պիտի մնան մուտքի վիզայի, ելքի տուրքի եւ կեցութեան ու սնունդի ծախսերէն:
«ԱՐԻ ՏՈՒՆ« ծրագրի իրականացման գործընթացի կազմակերպման ու իրականաց-ման համար յառաջացած է յատուկ համակարգող խորհուրդ, որ կը բաղկանայ 34 ան-դամներէ՝ գլխաւորութեամբ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի, որ ինքնիրեն վերապահած է ծրագրի հսկողութիւնը:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը համոզուած է, որ «Արի տուն« ծրագիրը պիտի իրակա-նացնէ հայազօրացման առաքելութիւն՝ նպատակ ունենալով ձեւաւորել սեփական ար-մատներով զօրաւոր եւ հպարտ հայ սերունդ ուծացումի վտանգներէն ծնած, բայց մկրտուած սեփական ինքնութեամբ եւ ոգիով, իսկ այդ բոլորը պիտի նպաստէ Հայաս-տան-Սփիւռք բարոյահոգեբանական եւ կրթամշակութային միասնութեան եւ հայադարձութեան: