ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՇԵՄԻՆ…

0 0
Read Time:3 Minute, 12 Second

Ամե­րի­կա­հա­յը ան­համ­բեր կը սպա­սէ Երեք­շաբ­թի Փետր­ուար 9, 2010 թուա­կա­նին:

Ո՛չ մէկ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին հա­ւաք, ընտ­րար­շաւ կամ ընտ­րու­թիւն, այլ պար­զա­պէս հան­դի­պում…կա­րե­ւոր հան­դի­պում: Այն­քան մը կա­րե­ւոր եւ տա­րօ­րի­նակ կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծած, որ նա­խօր­եակն ու գէթ մնա­ցած քա­նի մը օրերն ալ խիստ կա­րե­ւոր կը թուին ըլ­լալ:

Հարց տալ թէ ին­չո՞ւ է այս ստեղծ­ուած սպա­սու­մի, տա­տամ­սու­մի եւ ընդվ­զու­մի ալիքն ու մթնո­լոր­տը, մա­նա­ւանդ որ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար` Հի­լը­րի Քլին­թը­նը, յա­տուկ հրա­ւէր ուղ­ղած է ամե­րի­կա­հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, սրտբաց խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար, Հա­յաս­տան-Թուրք­իա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման նպաս­տող ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­սին եւ անոր յա­ջոր­դող, Հոկ­տեմ­բեր 10, 2009-ի Ցիւ­րի­խի (Զուի­ցեր­իա) մէջ կա­տար­ուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու ստո­րագ­րու­թեան առն­չու­թեամբ:

Ակն­թարթ մը կայ­ծակ­նա­յին ետ­դարձ մը կա­տա­րե­լով դէ­պի այդ պատ­մա­կան Հոկ­տեմ­բեր 10-եան թուա­կա­նը, դեռ հա­յորդի­ին յի­շո­ղու­թեան մէջ թարմ է թէ նա­խա­րար Քլին­թըն որ­քա՜ն աշ­խա­տանք տա­րած էր, նոյ­նիսկ ժա­մա­ցոյ­ցի դէմ մրցում կա­տա­րե­լով: Այս­պէս, շէն­քէ շէնք վա­զե­լով եւ իր հետ ալ գոր­ծի լծե­լով պե­տա­կան այլ օժան­դակ պաշ­տօն­եա­ներ, շա­րու­նակ բջի­ջա­յի­նի (նոյ­նիսկ մէ­կէն աւե­լի) մի­ջո­ցաւ զան­գե­լով եւ մերթ խրատ­ներ ու մերթ հրա­հանգ­ներ ուղ­ղե­լով, ան ամէն ճիգ թա­փեց որ­պէս­զի ժամ առաջ կա­տար­ուի փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագ­րու­թիւնը, հա­կա­ռակ անոր որ եր­կու կող­մերն ալ այդ մա­սին ոչ մէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րե­լու պատ­րաստ ըլ­լա­լու կա­ցու­թեան մէջ էին:

Թէ­կուզ բազ­մազ­բաղ, Քլին­թըն ցայ­սօր կը հե­տապն­դէ այս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հին քար­տէ­սը, վերջ­նա­կա­նա­պէս տեղ հասց­նե­լու:

Դեռ տա­րեշր­ջա­նի աւար­տին էր, երբ ան նկա­տե­լով որոշ տեղ­քայ­լու­թիւն մը, ան­գամ մը եւս դի­մած էր ըն­կա­լու­չին եւ կա­տա­րած քա­նի մը խիստ կա­րե­ւոր հե­ռա­ձայն­ներ,  յետ-ստո­րագ­րա­կան տա­րօ­րի­նակ սպա­սո­ղա­կան իրա­վի­ճա­կէն դուրս գա­լու հա­մար:

Յա­ռա­ջի­կայ Երեք­շաբ­թի օր­ուայ տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, կա­րե­լի է նկա­րագ­րել նմա­նօ­րի­նակ մթնո­լոր­տի մէջ, մա­նա­ւանդ որ դեռ պաշ­տօ­նա­պէս չէ յստա­կա­ցած (իսկ եթէ նոյ­նիսկ մե­տա­սա­նե­րորդ պա­հուն յստա­կաց­ուի, ար­դէն իսկ ուշ է) հրա­ւիր­ուած­նե­րու ցան­կը, հա­կա­ռակ անոր որ հա­ւա­նա­կան է որ կա­րե­լի ըլ­լայ յա­րան­ուա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը ապա­հո­վել:

Այ­լա­պէս…Ոչ մէկ նո­րու­թիւն կը սպաս­ուի այս տե­սակ­ցու­թիւ­նէն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles