ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 6 Second

Եր­կու­շաբ­թի, Փետր­. 1-ին, ԱՄՆ-ի նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա քոնկ­րէսին ներ­կա­յա­ցուց  2011 թուա­կա­նի պիւտ­ճէի նա­խա­գի­ծը, որուն մէջ մաս­նա­ւո­րա­բար առա­ջար­կած է Հա­յաս­տա­նին քա­ռա­սուն միլի­ոն տո­լա­րի օգ­նու­թիւն յատ­կաց­նել: Անց­եալ տար­ուայ հա­մե­մա­տած, գու­մա­րը յա­ւե­լում ար­ձա­նագ­րած է 25 առ հա­րիւր տո­կոս հա­մե­մա­տու­թեամբ: Նշենք թէ Օպա­մա առա­ջար­կած էր Հա­յաս­տա­նին երե­սուն միլի­ոն տո­լար տրա­մադ­րել, սա­կայն Քոնկ­րէ­սին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած քննար­կում­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք, այս գու­մա­րը հա­սած էր 41 միլի­ոն տո­լա­րի:

Յա­տուկ հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը, Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ այս տա­րի նոյն­պէս կը պահ­պան­ուի Հա­յաս­տա­նին եւ Ատր­պէյ­ճա­նին տրա­մադ­րուող ամե­րիկ­եան զի­նուո­րա­կան օժան­դա­կու­թեան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնը. եր­կու եր­կիր­նե­րուն ալ պի­տի յատ­կաց­ուի 3,5 միլի­ոն տո­լար: Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի վա­րիչ գոր­ծա­վար Արամ Համ­բար­եան ող­ջու­նեց Հա­յաս­տա­նին տրա­մադր­ուե­լիք տնտե­սա­կան նպաս­տը տաս միլի­ոն տո­լա­րով բարձ­րաց­նե­լու Օպա­մա­յի որո­շու­մը, ինչ­պէս նա­եւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յատ­կա­ցուող ռազ­մա­կան օժան­դա­կու­թեանց մէջ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնը պահ­պա­նե­լու քայ­լը: Ան նա­եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց այս որո­շում­նե­րը իրա­կա­նաց­նե­լու մէջ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած քոնկ­րէ­սա­կան­ներուն:

Քոնկ­րէ­սի Հայ­կա­կան հար­ցե­րու հա­մախմ­բու­մը, ինչ­պէս նա­եւ հայ­կա­կան շարք մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ կը յու­սան 70 միլի­ոն տո­լա­րի օժան­դա­կու­թիւն մը ապա­հո­վել Հա­յաս­տա­նի հա­մար, ամա­վար­կը վերջ­նա­կա­նաց­նե­լու ճամ­բուն վրայ:

Նա­խա­գա­հի ամա­վար­կի ծրա­գի­րին հա­մա­ձայն, Հա­յաս­տա­նին եւ Ատր­պէյ­ճա­նին ռազ­մա­կան հա­ւա­սար օժան­դա­կու­թիւն կը տրա­մադր­ուի: Անոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը այդ նպա­տա­կին հա­մար պի­տի ստա­նայ 3.5 միլի­ոն տո­լար: Սա­կայն հա­ւա­սա­րու­թեան սկզբուն­քը չէ պահ­պան­ուած ռազ­մա­կան մար­զում­նե­րու ու վե­րա­պատ­րաստ­ման հա­մար նա­խա­տես­ուած ամա­վար­կին մէջ: Ար­դա­րեւ, Ատր­պէյ­ճա­նին այդ նպա­տա­կով պի­տի յատ­կաց­ուի 900 հա­զար տո­լար, իսկ Հա­յաս­տա­նին` միայն 450 հա­զար տո­լար:

Օպա­ման 2011ի ամա­վար­կին մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար առա­ջար­կած է 22.12 միլի­ոն տո­լա­րի օժան­դա­կու­թիւն, ինչ որ 120 հա­զար տո­լա­րով աւե­լի է քան այն գու­մա­րը, զոր Քոնկ­րէ­սը հաս­տա­տած էր անց­եալ տա­րի: Ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի եւ Եւ­րաս­իոյ տրա­մադր­ուե­լիք օժան­դա­կու­թիւն­նե­րը նուա­զում կրած են 2011ի ամա­վար­կին մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles