Սօսի Միշոյեան – Տապպաղեան
Հալէպահայերուս համար կարծես լռելեայն ժամադրավայր եղած ըլլայ Օփերային կից գտնուող «Մեղեդի» սրճարանը: Կը բաւէ, որ ժամը որոշենք եւ մենք բոլորս հո՛ն ենք: Այնտեղ դուն քեզ քիչ մը Հալէպ կը զգաս, որովհետեւ բոլոր ծանօթներդ շուրջդ կը գտնես:
Ընկերուհիներով նստած ենք արդէն ու սպասեակին կ’ապսպրենք, որ մեզի պտուղով պաղպաղակ բերէ: «Պտուղո՞վ, թէ՝ մրգով» կը հարցնէ ան մեզի: Կը զարմանանք: «Ի՞նչ է տարբերութիւնը», կը հարցնեմ:
-Ելակը պտուղ է, իսկ նարինջը, խնձորը, քիուին… եւ այլն մրգեր են,- կը բացատրէ :
– Զարմացած իրարու կը նայինք, ու ՝ «Պտուղով, ուրեմն» կ’ապսպրենք:
Տուն գալէս վերջ, պարզել կ’ուզեմ ինծի համար այս նորութիւնը՝ բնականաբար Հ. Աճառեանին դիմելով: Նախ Պտուղ բառին կը նայիմ ու հաճելի անդաստան մը կը բացուի դէմս: Աճառեան, «պտուղ »ին որպէս նշանակութիւն «միրգ» բառը կու տայ այո՛ , բայց նաեւ ՝արդիւնք կամ բերք: Պտղաբեր- արդիւնաբեր, պտղալի, անպտուղ, պտղաքաղ, լիապտուղ, ձիթապտուղ, պտղատու: Կայ պտղի բառը, որ կը նշանակէ եկեղեցական հարկ տուող: Պտուղը իբրեւ իրաւագիտական բառ՝ մուտք, ստացուածք, տուրք: Պտուղը նաեւ ՝ խաղողի մէկ հատիկն է. «Հացն ի բազում ցորենոյ բաղկանայ եւ գինին ի բազում պտղոց խաղողոյ»: Պտուղը փոխաբերաբար կը նշանակէ նաեւ « աչքի բիբ», որմէ ալ ՝պտղիլ- աչքի պտուղը դուրս ելլել, աչքը պայթիլ: Չէի լսած նաեւ թէ մատի ծայրի փափուկ միսին պտուղ կ’ըսեն, որմէ ալ սերած է մեզի ծանօթ պտղունց բառը, այսինքն՝ մատի ծայրով առնուած քանակութիւն: Իսկ մատի ծայրով պտուղը ճզմելու գործողութեան (իմանալու համար հասունութեան աստիճանը) կ’ըսենք՝ պտղել:
Ըստ Աճառեանի թրքախօս հայերը գասնըպտուղ կ’ըսեն ձիթապտուղի նման պտուղի մը, որ իբր հինայ կը գործածեն:
Եւ ի վերջոյ, պտուլի, որ կը նշանակէ թաց պտուղ:
Բառերու աշխարհը շատ կը սիրեմ: Անմիջապէս անցայ «միրգ» բառի բացատրութեան: Հոն ալ որպէս նշանակութիւն պտուղ բառը դրուած էր: Միրգով ունինք մրգապահ, մրգաբեր, մրգաւէտ, մրգաթափ, մրգավաճառ, մրգաջուր, մրգաստան, իսկ մեր գիտցած լէպլէպուն՝ մրգասիսեռ:
Թէ ի՞նչ նրբութիւններով միրգն ու պտուղը իրարմէ տարբերեցան հո՛ն «Մեղեդի»ին մէջ, աս բոլորէն ետք անմիջապէս անդրադարձայ, որ սպասեակին պտուղ բառը հատապտուղը ըլլալու էր. այսինքն՝ berry-ն: Այնպէս ինչպէս մորին՝ raspberry, մոշը՝ blackberry-ն է, նոյնպէս ալ՝ ելակը ՝ strawberry-ն:
Սպասեակին կրճատ ձեւով արտայայտուիլը պատճառ դարձաւ, որ բառերու հաճելի պրպտում մը ընեմ՝ բառարանային աշխարհ տեղափոխուելով…