Հայ Մարտիկին Հաւատամքը. «Կարկուտ»ը՝ Թշնամիի՛ն Գլխուն

0 0
Read Time:3 Minute, 20 Second

p3 proudian

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
«Հայրենիք»

Մեր մատենագիրներէն Փաւստոս Բիւզանդի պատումներէն մէկուն համաձայն, 4րդ դարու հայ ֊ պարսկական կռիւներուն ընթացքին, հայոց զօրքին ձեռքը գերի կ’իյնայ պարսից Շապուհ Բ. թագաւորին… ամբողջ կանանոցը։ Հայոց սպարապետ Մուշեղ Մամիկոնեան կը հրամայէ ազատ արձակել Շապուհի կիները։
Մինչեւ այսօր չեմ հասկցած, թէ պարսից Շապուհ թագաւորը ինչո՞ւ իր հետ պատերազմի ճակատ պիտի բերէր իր կանանոցը։ Այդ խեղճերը ի՞նչ գործ ունէին քաղաքական ֊ զինուորական խնդիրներու մէջ…։ Սակայն հիմա մեզի համար էականը Փաւստոսի երկին քննական վերլուծումը կատարելը չէ։ Այլ այն, որ Փաւստոս հայ զէնքի ուժի թէ՛ քաջութիւնը եւ թէ՛ վեհանձնութիւնն է, որ կը նկարագրէ։ Փաւստոս նաեւ ունի ուրի՛շ պատում մը՝ դարձեալ մեզմէ շատերուն ծանօթ. այդ ալ Տիզբոնի արքայական պալատի գորգերուն տակ Հայաստանէն բերուած հող ցանելու ու ատոր վրայ կանգնող հայոց Արշակ Բ. թագաւորին կեցուածքին մասին է։
Տարբեր խօսքով, երբ հարցը կը վերաբերի հայրենիքի ազատութեան ու պաշտպանութեան, հայկական զինուժը անխնայ է. բայց անխնայ՝ ոչ թէ անմեղներու, այլ՝ միայն թշնամիին նկատմամբ։
Փաւստոսի նկարագրած դէպքերուն նման ուրիշ պարագաներու կը հանդիպինք նաեւ նոյնինքն Փաւստոսէն 1600 տարի ետք, ուր հիմնական դերակատարը դարձեա՛լ հայկական զինուժն է, այս անգամ մարմնաւորուած՝ Օսմանեան բռնատիրութեան դէմ զէնք վերցուցած հայ ֆետայիի կերպարով։
Արդէն հասանք Խանասոր։
Վանի հայութեան միացեալ ինքնապաշտպանութիւնը ողբալի վախճանի մը ենթարկուած էր։ Արմենական Աւետիսեանի, հնչակեան Մարտիկի եւ դաշնակցական Պետոյի միացեալ խումբերը ինկած էին թրքական պետութեան լարած ծուղակին մէջ՝ հակառակ օտար հիւպատոսարաններու միջամտութեան եւ երաշխիքներուն։ Վանի ինքնապաշտպանութեան այս միացեալ խումբերէն միայն ափ մը մարտիկներ ճողոպրեցան ջարդէն, որ կատարուած էր թրքական կառավարութեան ձեռքին գործիք դարձած քրտական ցեղախումբի մը (Մազրիկ) կողմէ։
Հայկական նորաստեղծ ազատագրական պայքարին համար, այս հարուածը ծանր էր։ Յուսալքումը եւ բարոյալքումը՝ աւելի՛։
Ի տես այս կացութեան (եւ ինչպէս երգը կ’ըսէ), «Դաշնակցութիւնը ժողով արեց»։ Որոշուեցաւ պատժել Մազրիկ ցեղախումբը։ Այս որոշումը գործադրուեցաւ Խանասոր կոչուած դաշտավայրին մէջ, ուր կը գտնուէին նշեալ ցեղախումբին վրանները։ Թուականը՝ Յուլիս 25, 1897։
Հարուածը եղաւ խիստ ու անխնայ։ Խիստ ու անխնայ՝ բուն յանցաւորներուն դէմ, Վանի հայ ֆետայիներու խումբի կոտորածին մասնակից քիւրտ տղամարդոց դէմ։ Շապուհի կանանոցի պատմութեան մէկ նմանակին կ’ակնարկէ Գալուստ Ալոյեան, երբ իր յօրինած երգին մէջ «կը պատմէ». ֊
«Աման Աստուած, ֆիդան եկաւ, ո՞ւր փախչեմ,
Ասաց որդւոյն կրծքին սեղմած լեղապատառ քրդուհին։
Մի՛ վախենար, հանգիստ կեցիր բաջի ջան,
Կանանց երբե՛ք ձեռք տալու չէ վրիժառու քաջ ֆիդան»։
Այդ գիշեր, Խանասորի դաշտին մէջ, հայ ֆետայիներու «Մոսին» հրացաններէն կարկուտի պէս գնդակ տեղաց։ Միայն խոյս տուողները փրկուեցան։ Իսկ պատժիչ արշաւախումբէն 19 հոգի, իրենց կարգին, միացան նահատակներու փաղանգին. ներառեալ Կարօ Արիստակէսեանը, Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի եղբայրը։
Մազրիկ ցեղախումբը ֆիզիքապէս պատժուած էր։ Առնուած էր նաեւ հոգեբանական նոյնքան կարեւոր քայլ մը. այս արշաւանքը ազդարարութիւն մը եղաւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից էին հայութեան դէմ ֆիզիքական կամ այլ ձեւի ճնշումներուն, հարստահարումին ու հալածանքին։ Անոնք հասկցան, թէ անպատիժ պիտի չմնան. հայ ժողովուրդին վրայ ձեռք բարձրացնողները այլեւս անպատիժ պիտի չմնան։
Խանասորով, սկսաւ բիւրեղանալ Հայ Ֆետայիի, հայ ազատամարտիկի զուլալ կերպար մը։ Այն կերպարը, որ արդար է, հարստահարող չէ, անխնայ է թշնամիին դէմ եւ միաժամանակ հոգածու՝ արենակիցներուն նկատմամբ, անոնց ապահովութեան համար իր արիւնը թափելու գնով։ Նոյն այս կերպարն էր, որ Խանասորէն 8 տարի ետք, այս անգամ Կարսէն մինչեւ Երեւան, ու այնտեղէն մինչեւ Արցախ ու…Պաքու, անգամ մը եւս հրապարակ իջաւ, պատժելու համար հայ ժողովուրդին դէմ ձեռք բարձրացուցած թշնամի թաթարները (այսօրուան ազերիները), դարձեա՛լ «կարկուտ» տեղացնելով բոլոր անոնց գլխուն, որոնք կը սպառնային հայ ժողովուրդի ազգային ապահովութեան։
Հայկական զինուժի նոյն այս կերպարն էր, որ 1918ի Մայիսին զսպեց թրքական բանակները։ Նոյն այս կերպարն էր դարձեալ, որ այդ ձեւով յենարանը դարձաւ Հայաստանի՝ Մայիս 28, 1918ի անկախութեան։
Գաղափարական այս նոյն հիմքին վրայ կազմաւորուած հայ երիտասարդներն էին, որոնք 1975էն ետք (եւ գրեթէ տասնամեակ մը ամբողջ), հարուածներ հասցուցին թրքական պետութեան քաղաքական ներկայացուցիչներուն դէմ, Վիեննայի կամ Լիզպոնի մէջ, հայ ժողովուդին համար արդարութիւն պահանջելով։
Ներշնչումի նոյն աղբիւրն էր, որ 1988էն ետք սնուցանեց Արցախի համար մղուող արդար պայքարը, որուն արդիւնքը եղաւ նոյնինքն Արցախի ազատագրումը թշնամիի լուծէն։ Ներշնչումի նոյն աղբիւրն էր, որ անցնող Ապրիլի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին ստեղծեց միասնակամութեան ու մարտունակութեան օրինակելի մթնոլորտ մը ամբողջ Հայաստանի մէջ։
Խանասորը մեր պատմութեան մոխիրներէն դուրս բերաւ Հայաստանի ու հայութեան ապահովութեան համար պայքարող, «կարկուտը» թշնամիի՛ն գլխուն տեղացնող հայ ազատամարտիկին կերպարը եւ զայն վերածեց կենդանի իրականութեան։
Այս գաղափարական ներշնչումի աղբիւրին եւ անոր ամենամեծ նուաճումին՝ հայկական պետականութեան վրայ գուրգուրալու պարտաւորութեան տակ ենք բոլորս, յատկապէս փորձութիւններով լի ներկայ օրերուն։

vproodian@gmail.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles