Թուրքիոյ մէջ Յուլիս 15-16-ին կատարուած զինուորական յեղաշրջումի փորձը անսպառ նիւթ ստեղծեց, եւ տակաւին կը շարունակէ զբաղ պահել միջազգային քաղաքական շրջանակներն ու մամուլը, մանաւանդ, որ Անգարա-Ուաշինկթըն գիծին վրայ »լարուած վիճակ« մը կը յամենայ՝ Միացեալ Նահանգներ ապաստանած թուրք ծանօթ կրօնաւորը՝ Ֆեթհուլլա Կիւլէնը Թուրքիոյ յանձնելու-չյանձնելու շուրջ »բանավէճ«ին պատճառով։
Յեղաշրջումի փորձին օրն ու անկէ ետք, նախագահ Էրտողանի վերագրուած-ապահոված յաղթանակին մասին տրուեցան բաւական հակասական տեղեկութիւններ, կատարուեցան խայտաբղէտ ու հաւատալի-անհաւատալի մեկնաբանութիւններ, որոնք, ի շարս այլ բաներու, լուսարձակները բաւական շեղեցին հարցերու էութենէն, սակայն նաեւ բացայայտ դարձուցին, որ Թուրքիոյ եւ դաշնակիցներուն միջեւ երբեմն դրսեւորուող հակադրութիւններն ու բանավէճերը երբեմն ունին գաւաթի մէջ բեմադրուող փոթորիկի երես մըն ալ, մինչդեռ էութեան մէջ, կապերը կը պահպանուին ամուր կերպով։
Լրատու աղբիւրներէ տրուեցան հակասական պատկերներ։ Մէկ կողմէ, պատմուեցաւ, որ բանակային կարգ մը հրամանատարներու կողմէ սարքուած փորձը չյաջողեցաւ, որովհետեւ Էրտողանի կողքին կանգնող բանակայինները գերակայութիւն կը վայելէին, անոնք նախօրօք տեղեկութիւն ունէին ըլլալիքին մասին եւ ընդհանրապէս պատրաստ էին, յեղաշրջական քայլին իբրեւ պատասխան՝ Էրտողանի կոչը զօրաշարժի ենթարկեց Թուրքիոյ ժողովուրդը, որ ոտքի կանգնեցաւ »ժողովրդավարութիւնը փրկելու«, այսինքն՝ ընտրութեանց ճամբով հաստատուած վարչակարգ մը պաշտպանելու դրօշը պարզած։ Միւս կողմէ, լուրեր »սպրդեցան«, որ յեղաշրջական փորձը առաջին ժամերուն յաջող ճամբու մէջ էր, բարձրաստիճան զինուորականներ ձերբակալուած էին յեղաշրջականներուն կողմէ, Էրտողան մինչեւ իսկ օդանաւով մը ճամբայ ելած էր՝ Գերմանիայէն, Իրանէն կամ Ատրպէյճանէն ապաստան խնդրելու, սակայն մերժումի հանդիպելով, փրկութիւն հայցած է Միացեալ Նահանգներէն, արտօնութիւն ստացած է էջք կատարելու Ինճիրլիքի օդակայականը, մինչ այդ, ամերիկեան օդուժը օգնութեան հասած է Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ յեղաշրջումը յառաջ տանողներուն դէմ, զուգահեռաբար, պատկերասփիւռի ամերիկեան ընկերութեան մը թրքական կայանը սփռած է Էրտողանի կոչը. Պոլիս հասնելով՝ Էրտողան դարձաւ հերոս-ղեկավարը ժողովրդային յիշեալ շարժումին. անկէ ետք, պատմութիւնը ծանօթ է։ Տակաւին, շշուկներ շրջան ըրին, թէ Էրտողան ու համախոհները իրե՛նք սարքած են այս արիւնալի բեմադրութիւնը, որպէսզի կարենան աւելի՛ եւս ամրապնդել իրենց բռնատիրական իշխանութիւնը։
Իրողութիւնը այն է, որ Էրտողան յաղթական դուրս եկաւ եւ անմիջապէս անցաւ հակայարձակողականի։ Բազմահազար դատաւորներ, զինուորականներ, պետական պաշտօնեաներ եւ ուսուցիչներ պաշտօնազրկուեցան, նախագահը ակնարկութիւն ըրաւ դաւադիրներու պարագլուխները մահապատիժի ենթարկելու մասին, պահ մը զայրացնելով արեւմուտքցի դաշնակից-բարեկամները, որոնք յիշեցուցին, որ մահապատիժ կիրարկող երկիր մը իրաւունք չունի մտածելու Եւրոպական Համայնք մտնելու մասին…։ Եւ, անշուշտ, յեղաշրջման փորձի առաջին օրէն սկսեալ, Էրտողան եւ իր լծակիցները այս փորձին ետին տեսան Ֆեթհուլլա Կիւլէնը եւ ահա՝ բանավէճ մը ծայր տուաւ Ուաշինկթընի ու Անգարայի միջեւ. Թուրքիա պնդեց, որ ընդդիմադիր կրօնաւորը պէտք է իրեն յանձնուի, որպէսզի »արդար դատաստանի ենթարկուի«, իսկ նախագահ Օպամա եւ այլ պատասխանատուներ բացատրեցին, որ նախ շօշափելի փաստ կþուզեն, յետոյ, նման քայլի մը համար, Միացեալ Նահանգներու մէջ կան օրէնքներ եւ դրութիւններ, զորս կարելի չէ շրջանցել։
Իրական պատկերին միւս բաժինը կազմուեցաւ Էրտողանին սպառնացող փորձին միջազգային հակազդեցութիւններուն համագումարով։ Ուաշինկթըն, եւրոպական մայրաքաղաքներ, մինչեւ իսկ Չինաստան եւ ՄԱԿը փութացին զօրակցութիւն ցուցաբերելու »ժողովրդավար« Էրտողանին ու ընտրեալ կառավարութիւն մը գլխաւորելու անոր հանգամանքին։ Ռուսիոյ լռութիւնը կրաւորականութիւն ու հանդիսատեսութիւն չի նշանակեր անշուշտ, մանաւանդ, որ Անգարա-Մոսկւոա գիծին վրայ քանի մը շաբաթ առաջ ձւինհալի նշաններ երեւցան, ի խնդիր Սուրիոյ սահմանային գօտիին մէջ ամիսներ առաջ վար առնուած ռուսական օդանաւի տագնապին լուծման (հոն ալ արձանագրուեցաւ ծիծաղելի զարգացում մը, երբ պաշտօնական Անգարան աշխարհին լսցուց, որ այդ արարքին ետին կը կանգնէին Կիւլէնի մարդիկը)։ Տակաւին, թէ՛ Անգարա եւ թէ բարեկամները, բացայայտ կամ քողարկեալ բառամթերքով, յառաջ քշեցին այն՝ որ Թուրքիա ի՛նք ալ զոհ է դաւադիր այն շարժումներուն, որոնք կը սասանեն Միջին Արեւելքը, այսինքն՝ եղածը մէկ տարբեր դրսեւորումն էր դրացի երկիրները ջլատող ոճրային ահաբեկչութեան… (նման պատառ կուլ տալու համար բաւական լայն կոկորդ պէտք է)։
Այս բոլորին մէջ, անտեսուեցան կամ »մոռցուեցան« երկու բան. նախ այն՝ որ Էրտողանի Թուրքիան միայն անունով եւ դիմակով ժողովրդավար է, մինչդեռ ընդդիմադիրներ ու անոնց մամուլը ամէն օր յարաճուն բռնադատութեանց ենթակայ են. երկրորդ, Թուրքիոյ իշխանութիւնները ուղղակի եւ անուղղակի կերպով կը գործակցին Սուրիան ու Իրաքը (ինչո՞ւ չէ նաեւ Եգիպտոսն ու այլ երկիրներ) պատուհասող ոճրային գործակալ խմբակներուն հետ, իսկ քիւրտերուն դէմ Թուրքիոյ հետեւողական յարձակումներն ու ոճրային արարքները երկար մեկնաբանութեան չեն կարօտիր, տարօրինակ այլ հակադրութիւն մը բեմադրելով Անգարայի ու անոր դաշնակիցներուն միջեւ. Թուրքիա »ոճրագործ ահաբեկիչներ« կը սեպէ քրտական ուժերը, որոնք անդին, կը ճակատին ծայրայեղականներուն դէմ ու աջակցութիւն կþընդունին Թուրքիոյ դաշնակիցներէն…։
***
Դէպքերուն ու յաջորդած իրադարձութեանց մեկնաբանութիւններու ծիրին մէջ, մատնացոյց եղաւ այն, որ զինուրական յեղաշրջումի այս փորձը բոլորովին տարբեր էր բանակայիններուն կողմէ նախընթաց գոնէ հինգ միջամտութիւններէն, որոնք արձանագրուած են հանրապետական՝ քեմալական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ, սկսելով 1960էն։ Հաւանաբար կþարժէ քանի մը բառով յիշեցնել, որ բանակին նախընթաց բոլոր միջամտութիւններն ալ յաջողութեամբ պսակուած են, առաջնորդուելով այն նշանախօսքերով, թէ բանակը պաշտպան է ու հետամուտ՝ քաղաքական կայունութեան, կրօնքն ու պետութիւնը իրարմէ անջատ տեսնելու քեմալական սկզբունքներուն եւ տնտեսական-ընկերային հաւասարակշռութեան, բարգաւաճումի։ Նախընթաց յեղաշրջումներու մէկ մասի օրերուն, կար նաեւ արեւելեան՝ կարմիր կայսրութեան ազդեցութենէն հեռու մնալու-պահուելու նշանախօսքն ալ, որովհետեւ Թուրքիա ՆԱԹՕի անդամ է ու երբեմն քաղաքական կարգ մը մարդիկ արտօնեալէն աւելի մեծ քայլեր առած են դէպի Մոսկուա (կամ՝ այդպէս ձեւացուցած. Արեւմուտքը այսօրուան Ռուսիան շատ ալ տարբեր աչքով չի դիտեր)։ Պատմական այս հանգրուանին, սակայն, նախկին երեւոյթները գոյ չէին ու չեն. կը մնայ Կիւլէնի դէմ պարզուած դրօշը, որ, յամենայնդէպս, անտեսելի չէ։
Ո՞վ է, ի վերջոյ, Կիւլէնը, որ երկար ատենէ ի վեր ինքզինք աքսորած է Թուրքիայէն, ապաստան գտած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, բարեսիրական-կրթական հաստատութիւններ կը հովանաւորէ Եւրոպայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ստեղծած է համակիրներու ընդարձակ փաղանգներ, մէկ խօսքով՝ կրօնական ներշնչումներով անտեսանելի կայսրութիւն մը, որ ունի հովանաւորներ…։ Առերեւոյթ, արեւմտեան երկիրներու մէջ անոր բոլոր գործերը օրինականի սահմաններուն մէջ մնացած են։ Ան ատենին սերտ գործակից մըն էր նոյնինքն Էրտողանի ու անոր համախոհներուն. չմոռնանք, որ Էրտողան եւս իսլամական ենթահողի վրայ կը գործէ, տասնամեակներ առաջ բանտ ալ մտած է իր կրօնամոլ գործունէութեան ու գաղափարներուն համար, բանակային ղեկավարներու եւ ընդդիմադիրներու կողմէ յաճախ մեղադրուած է, որ կը ձգտի իսլամական գաղափարներու հիմամբ վերակենդանացնել Օսմանեան կայսրութիւնը, եւ անով ալ կը բացատրուի ծայրայեղական զինեալ-ոճրագործ խմբաւորումներու նկատմամբ անոր իշխանութիւններուն բարի ու անտեսողի տրամադրութիւնները, անոնց հետ ուղղակի ու անուղղակի գործակցութիւնը։ Վերադառնալով Կիւլէնի, ան իր համախոհներուն ու հետեւորդներուն կողմէ կը նկատուի կրօնական այն առաջնորդը՝ Մեհտին, որ եկած է վերականգնելու իսլամական աշխարհը (կ՛ըսուի, թէ ան երբեմն երազին մէջ զրոյցներ կþունենայ Մարգարէին հետ ու անկէ պատգամներ կը ստանայ…)։ Վերջին աւելի քան 10 տարիներուն, անոր հետեւորդները ներթափանցած են Թուրքիոյ պետական վարչամեքենային մէջ, բանալի դիրքեր գրաւած են բանակին, պետական բանալի սպասարկութեանց, դատարանային համակարգին, դպրոցներուն ու ընդհանրապէս կրթական կեանքին մէջ, հետեւաբար, անոր ներշնչումով, եթէ ոչ՝ ուղղակի թելադրանքներով էր որ կատարուեցաւ այս փորձը, հետեւաբար, զայն կարելի չէ համեմատել նախորդ փորձերէն որեւէ մէկուն հետ, հոգ չէ թէ ամէն անգամ ալ, յեղաշրջումներէն ետք կատարուած են զանգուածային ձերբակալութիւններ, պաշտօնազրկումներ եւ մահապատիժներ։ Մենտերէս մը եւ իր նախարարները կախաղան հանուեցան, չէ՞…։
Վերջապէս, պէտք չէ մոռնալ, որ Էրտողան առաջին անգամը չէ, որ նման ամբաստանութիւններ կ՛ուղղէ Կիւլէնի ու անոր համախոհներուն դէմ։ Էրկենեքոնի նման ծայրայեղական խքբաւորումներու արարումն ալ անոր վերագրուեցաւ քանի մը տարի առաջ, թէեւ օր մըն ալ ըսուեցաւ, որ նման շարժում երբեք գոյութիւն չէ ունեցած Թուրքիոյ մէջ…
***
Բնականաբար կը ծագին »ասկէ ետք ի՞նչ«ի պէս հարցումներ։
Յայտնապէս, Էրտողան արեւմուտքցիներու կողմէ կը նկատուի աւելի վստահելի եւ ժողովրդավարական, քան զինք փոխարինելու միտքով ճամբայ ելածները, այսինքն՝ դաշնակիցները տրամադիր են հանդուրժելու թրքական այժմու իշխանութիւններուն բռնարարքները, հակաժողովրդավարական՝ ընդդիմադիրները ճնշելու վարքագիծը, քիւրտերը ահաբեկիչներ նկատելու եւ զանոնք անհակակշիռ կերպով ջարդելու քայլերը, մինչեւ անգամ դրացի երկիրները պատուհասող ոճրագործ ծայրայեղականներուն նկատմամբ անոր հանդուրժողական ու զօրակցական վարմունքները։ Եւրոպայի հզօրներէն՝ Մերքէլ, մինչեւ իսկ պատրաստ է ընդունելու էրտողանեան արհամարհանքը (չէ՞ որ Ցեղասպանութեան ճանաչման Գերմանիոյ որոշումէն ետք, Էրտողան քանիցս »բուռն հակադարձութիւններ« ցուցաբերեց, մինչեւ իսկ չարտօնեց, որ Մերքէլ ոտք դնէ Ինճիրլիքի խարիսխը, ուրկէ կը մեկնին արեւմուտքցի դաշնակիցներուն օդային յարձակումները՝ իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ…)։
Մէկ խօսքով, կրօնամոլութեան տարրերով զինուած Էրտողան մը կը մնայ լաւ դաշնակից։ Հետեւաբար, եթէ ան վաղը աւելի ծանր կերպով ճնշէ ընդդիմադիրները (ոչ միայն կիւլէնեան հոսանքը), շարունակէ անոնց լուծարքը եւ քիւրտերու դէմ արիւնալի արշաւանքներ՝ թուրք-պետական ոճիրներու նոր արարքներ իրականացնէ, այդ բոլորը պիտի դիտուին »ընտրեալ ժողովրդավարական կարգեր« պաշտպանողի հանգամանքով։ Հա՞րկ է արձանագրել, որ Սուրիան ու Իրաքը կողոպտող ոճրային խմբակները իբրեւ անմիջական գործակից ունին Թուրքիան, անոր ճամբով կը կատարեն սահմաններէն անդին՝ իրենց բուն տէրերուն թելադրանքները, օրինակ՝ քարիւղի ապօրինի առեւտուրը, որ արդէն ունի իր աղաղակող բայց քողարկուած պատմութիւնը…։
Այսուամենայնիւ, կարելի չէ անտեսել միւս հաւանականութիւնը. այն՝ որ էրտողանեան բռնութիւններն ու հակառակորդ-մրցակիցներուն դէմ կիրարկուող խստութիւնները կրնան ստեղծել հետզհետէ աճող հակադարձութիւններ, այնքան մը, որ Թուրքիա ու անով շահագրգիռները վերյիշեն քաղաքական անկայունութեան այն վիճակները, որոնք կանխած են (ՆԱԹՕի սերտ գործակից) զինուրականներու նախորդ միջամտութիւնները. այսինքն՝ Թուրքիոյ վիճակը դառնայ պայթուցիկ, ենթակայ՝ նա՛եւ արտաքին ազդեցութիւններու, համաձայն այսօրուան աշխարհի ծանօթ զարգացումներուն ու նոր դրուածքներուն։ Նորագոյն պատմութիւնը մեզ ականատես դարձուց Անուար Սատաթներու, Մուպարաքներու, մինչեւ անգամ Իցհաք Ռապինի նման բարեկամ-դաշնակիցներու լուծարքին, երբ անոնց վերապահուած դերակատարութիւնը վերջ գտաւ ու անոնք դարձան փոխարինելի։ Ալ ի՜նչ խօսք Լիպիոյ Քազաֆիին, Իրաքի Սատտամ Հիւսէյնին կամ Աֆղանիստանի Քարզային նման »նախկին բարեկամներ«ու վիճակուած տարբեր ճակատագիրներուն մասին…։
Եւ ահա թէ ո՛ւր կարել է գտնել ուսանելի դասեր՝ վերջին շարժումին լոյսին տակ։