Մեղրի Ա. Պագարեան
Անսովոր երեւոյթ մը, որ կու գայ աչքերս շլացնելու իր անբիծութեամբ։
Սպիտակ փաթիլներով կը փորձէ խաղաղեցնել էութիւնս։
Բիբերէս գաղտնաբար ներս ցատկելով, կը շօշափէ մարմինիս իւրաքանչիւր ծակտիկը։
Կը փշաքաղուիմ, կը մսիմ այս տարօրինակ ունայնութենէն…
Սառած մատը կ՛երկարէ գրգռելու հոգիս։
Կը շրջապատէ զայն եւ կը փորձէ ջերմացնել անկէ բխող հրախաղերը։
Կ՛ուզէ յագեցնել հոգւոյս փոթորիկը…
Երկա՜ր կը հակաճառէ։
Սակայն դերձակը, որ նախապէս իր մկրատով բզկտած էր հոգիս ծածկող քօղը ՝ նետելով զայն այսդին անդին,
հոգիս կաղապարած էր իր հիւսած հին հագուստով…
կը հեգնէ…
Անցեալի երազները կը մխրճուին իր բամպակի փերթերուն հետ
Եւ միասնաբար՝ կոպերուս տակ, կը կազմեն բարձունք մը,
Որ արեւածագին կը ծծէ արեգակէն ճառագայթող շողերը եւ կը հիւծի։
Ի յայտ կը բերէ մաքրամաքուր հայելիս, որ ապակիին իսկ դիմաց կը թափանցէ հոգւոյս խորքերէն եկած անձայն երաժշտութեան…