ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայ Օգնութեան Միութիւնը, համագործակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Մ.Ա.Կ.-էն ներս մնայուն ներկայացուցչութեան, կազմակերպեց Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովի 60րդ նիստի (CSW60) կապակցութեամբ ձեռնարկ մը Գործակցութիւններու միջոցով կանանց կարօտեալ իրավիճակի յառաջդիմութիւնը («Uplifting Women from Poverty Through Partnerships») խորագրով, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 14-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիէն ներս։
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Մ.Ա.Կ.-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, Դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, որ շեշտեց Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովի եւ անդամ երկիրներու յանձնառութիւնը տեւական զարգացման (Sustainable Development Goals (SDG) առընչուող նպատակները իրագործելու կարեւորութիւնը։ Ապա բարի գալուստի խօսքը շարունակեց, իր ոգեւորութիւնը յայտնելով Հ.Օ.Մ.-ի հետ շարունակական համագործակցութիւնը Հ.Հ. Մ.Ա.Կ.-էն ներս մնայուն ներկայացչութեան հետ, մասնաւորաբար Մ.Ա.Կ.-ի օրակարգներու վրայ եղող տեւական զարգացման հարցերու վերաբերեալ։
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ-ատենապետուհի, դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան հանդիսավարեց օրուայ ծրագիրը։ Ընկերուհին խօսեցաւ Տավուշի Մարզէն ներս նոր ծրագրի մը մասին, որուն կը գործակցին Հ.Օ.Մ.-ը, Ռուսաստանը, Հայաստանը եւ Մ.Ա.Կ.-ի Զարգացման Ծրագիրը (UNDP)։ Այս ծրագիրը կը միտի չքաւորութենէ դուրս բերել կանաց, կեդրոնանալով հետեւեալ նպատակներուն վրայ.- SDG 1՝ աղքատութիւնը արմատախիլ ընել, SDG 2՝ անօթութիւն, SDG 5՝ սեռային հաւասարութիւն, SDG 8՝ աշխատանք եւ SDG 17՝ գործընկերութիւններ։
Հետեւեալները տեղեկութիւններ ներկայացուցին իրենց աշխատանքներուն արդիւնաւորմանմասին՝
– Մայքըլ Հըրմըն՝ Մ.Ա.Կ.-ի Բնակչութեան Հիմնադրամի (UNFPA) աւագ խորհրդատու.
– Պատրիկ Սարգիսեան՝ Մէկ-Հայաստանի (ONEArmenia) հիմնադիր.
– Սիլվիա Թիրաքեան՝ գիւղական պահածոներու արտադրութեան (Harvest Song Artisanal Preserves) համա-հիմնադիր.
– Թալին Գեւոնեան՝ Մելինէի Պարտէզի (Meline’s Garden) բնական միջոցներով սագախոտի արտադրութեան հիմնադիր.
– Էնն Ֆալթ՝ Մ.Ա.Կ.-ի Կիներ-Կիներու Հզօրացման (UN Women/Empower Women) կազմակերպութեան վարիչ-տնօրէն.
Դասախօսութիւններու աւարտին, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին։ Ձեռնարկին ներկայ եղան Մ.Ա.Կ.-ի անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ, Մ.Ա.Կ.-ի բաժանմունքներու ներկայացուցիչներ, Հ.Օ.Մ.-ի եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ անդամներ։ Ձեռնարկի նպատակն էր մէկտեղել բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են տեւական զարգացմամբ եւ ծրագիրներ մշակելով կիներու հզօրացումը իրականացնել։ Հ.Օ.Մ.-ը պատիւ կը զգայ իր մասնակցութիւնը բերելով իբրեւ Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովի անդամ եւ պիտի շարունակէ կիրներու հզօրացման իր աշխատանքը Հայաստանի մէջ եւ այլուր։
Այս ձեռնարկը կարելի է դիտել Մ.Ա.Կ.-ի համացանցի վրայ հետեւեալ հասցէով.- http://webtv.un.org/meetings-events/watch/uplifting-women-from-poverty-through-partnerships-csw60-side-event/4801920201001
Read Time:1 Minute, 48 Second