Օրերը թաւագլոր անցան: Շուտով կը հասնի 2016ի Մարտ 21ը: Մարտ 21ը, թուականագէտներու բնորոշումով, գարնան առաջին օրն է: Չքնաղ ու դալար գարնան սկիզբը, երբ ծաղկած կ՛ըլլան ծիրանիները, սալորենիները, դեղձենիները… ճերմակ, վարդագոյն, կարմրաւուն ծաղիկներ, կանաչ սարերուն դիմաց, նորամշակ պարտէզներու հողին վրայ:
Այդ օրը մարդկային ընկերութեան ամենայիշատակելի օրերէն մէկն է նաեւ, երբ կը յիշենք մեր մայրերը, ողջ թէ ննջած:
Մայրերո՛ւ տօն:
Քանի-քանի բանաստեղծներ, գրագէտներ երգած ու գովերգած են մայրերու տօնը.
Պարոյր Սեւակ՝ Մօր ձեռքերը… Եղիշէ Չարենց՝ Գազէլ մօրս համար… Յովհաննէս Շիրազ եւ շատ-շատեր:
Քանի-քանի մանուկներ լսած են իրենց մայրերու շրթներէն հոսող, գլգլան զմրուխտեայ աղբիւրի նման… մանկան օրօրը:
Քիւրտը, պարսիկը (գուցէ նաեւ ուրիշ արիական ազգեր) կ՛երգեն Մարտի 21ը որպէս Նեւրուզի տօն:
Տակաւին չեմ մոռցած, 30-40 տարիներ առաջ, երբ Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտներ էինք, Մարտ 21ի օրը արձակուրդ ըլլալով՝ դպրոցական արշաւներ կը կազմակերպէինք դէպի Հալէպ նահանգի հիւսիսը՝ Աֆրին, Մետան-Քէյ, Պասութա կամ Սեն Սիմոն (Սիմոն Սիւնակիցի) ճգնաւորի նուիրական եկեղեցւոյ (այժմ քար ու քանդ) աւերակներուն շրջանը… տարածքը բնակուած ըլլալով մեծ մասմաբ քիւրտերով, անոնք այդ շրջանի դաշտերուն մէջ, ընտանիքներով, մեծով-փոքրով կը տօնէին Մարտ 21ի Նեւրուզի տօնը:
Սակայն, Սուրիոյ հնգամեայ տագնապի երրորդ տարեդարձին (Մարտ 14) յաջորդող 7րդ օրը քեսապահայութեան համար օրհասական օր մը եւ թուական մը եղաւ, երբ քեսապցիք, թրքաբոյր բարբարոսներու (նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ առաքուած) հրթիռներու եւ կրակոցներու ճնշումին տակ, հարկադրուած կը լքէին տուն ու տեղ, շէն ու գիւղ՝ գաղթի ճամբան բռնելով, հանգրուանելով Լաթաքիա (փոքր մաս մը՝ աւելի հեռու, Լիբանան, Հայաստան…), պարտադիր երրամսեայ տեղահանեալի, տարագիրի կեանք մը անցընելու համար:
Մեծ էր ցաւը: Մեծ էին բարոյական թէ նիւթական կորուստները: Պատմութիւն մը, աշխարհագրական հարազատ հող մը, փոքրիկ Հայաստան մը…
Հարկ չկայ վէրքը փորփրելու, գրգռելու… Թող չարայուշ սպի մը դառնայ ու մէյ մըն ալ չնորոգուի այդ վէրքը:
Քեսապի 3րդ տեղահանութիւնը՝ մէկ դարու ընթացքին:
Փոխանակ վէրքը լալու, հպանցիկ ակնարկ մը պիտի նետենք ներկայ իրավիճակին վրայ, որպէս երախտապարտութիւն Արարիչին, որ կամեցաւ, որ քեսապցին տունդարձ ունենայ, ամենակարճ ժամանակին, նուազագոյն վնասներով՝ 2014ի Յունիս 14ին:
Նախ հպարտութեամբ արձանագրենք, որ հակառակ 5ամեայ տագնապին, հակառակ հայութեան համար լարուած որոգայթներուն՝ Քեսապը իր հայութենէն պարպելու, այսօր, հակառակ շարունակուող պատերազմին, անապահովութեան, դռնամերձ (Թուրքիոյ) սպառնալիքներուն, համեցող տնտեսական տագնապին, քեսապահայութեան 85 առ հարիւրը վերադարձած է տուն ու կառչած իր գիւղին:
Նախապէս նշած էինք, որ համեստ թիւ մը կը բնակի Լաթաքիա, Լիբանան եւ Հայաստան, սակայն ափսոսանքով կ՛արձանագրենք, որ փոքր թիւ մը (երկու տասնեակի շուրջ) լքելով գիւղը՝ մեկնած է հիւսիս, յատկապէս Գանատա… ի՞նչ փնտռելու. (Ա՛յ գիժ հայեր, ի՞նչ էք փնտռում հիւսիսում…):
Խումբ մը երիտասարդներ ուսումի, զինուորութեան թէ այլ պատճառներով մեկնած են: Ոմանք՝ կարծես անվերադարձ:
Տնտեսական երկամեակը բաւական դժուար էր:
Վերադարձի ամիսներէն մինչեւ 2015ի Ամանորը, ժողովուրդին տրուած բարոյական, կենցաղային եւ այլ նպաստները ազդակ դարձան, որ յուսահատութիւնը բոյն չդնէ սիրտին մէջ: Գնուեցան սակաւաթիւ երկրագործական գործիքներ, որոնք ցարդ կը գործածուին համագործակցաբար, փոխն ի փոխ:
Այդ ամառը, վարակներէն վնասուած բերքը որոշ չափով առատ էր, ինչը նեցուկ հանդիսացաւ, որ կամքով լի մնայ ժողովուրդը եւ գիւղը չլքէ, այլ աշխատի զայն վերականգնելու: Սակայն այդպէս չեղաւ 2015ի բերքը, որ սակաւ ըլլալով՝ ենթարկուեցաւ բնութեան քմայքին: Սակայն այսօր, գարնան շէմին, ծառերուն, պարտէզներուն պատկերը յուսատու է, թէ՝ կամօքն Աստուծոյ, բեռքը բաւարար ըլլալու է:
Դպրոցները, 4 նախակրթարան եւ 2 միջնակարգ-երկրորդական, կը գործեն անխափան: Հաւատքի եւ լոյսի օճախները, որոնք փառքն են այս գիւղին, կը շողան հոգիի եւ միտքի լոյսերով:
Շուկան, որ բազկերակն է գիւղին, վերադարձի առաջին ամիսներուն կը հաշուէր քանի մը վաճառատուն։ Այսօր, աւելի քան տասնեակ մը (անցեալի հարիւրակին դիմաց) վաճառատուներ կը գործեն:
Նախկին արհեստանոցներուն հազիւ մէկ չորրորդն է որ կը գործէ։ Քանդուած բնակարաններուն մեծամասնութիւնը վերանորոգուած է. միաժամանակ նշենք, թէ քեսապցիք տակաւին շատ հեռու են իրենց կորսնցուցածը վերագտնելէն:
Քեսապի ժողովրդային սառնարանի ընկերութիւնը, ժողովուրդին եւ մեր հեռաբնակ եղբայրներուն նեցուկով, առաջին իսկ ամառը բանեցաւ՝ իր կողոպտուած գործիքները համալրելէ ետք, թէկուզեւ՝ բուն ծաւալին մէկ հինգերորդ համեմատութեամբ։
Երկրիս վատթար տնտեսութեան բերումով, Քեսապի գիւղատնտեսական կարգ մը արտադրանքներու գիները մեծ անկում կրած են, մինչ հակավարակային դեղերը եւ պարարտանիւթերը տարապայման սղած են: Սուղ գիներ կ՛արձանագրեն նաեւ կարգ մը այլ մթերքներ՝ ընդեղէն, հացահատիկներ, յատկապէս նահանգէ նահանգ փոխադրութեան գրեթէ անհնարութեան պատճառ:
Անշուշտ սուրիական դրամանիշին՝ թղթոսկիի, գնողական արժէքի անկումը կ՛անդրադառնայ Սուրիոյ ամբողջ բնակչութեան գնողական կարողութեան վրայ:
Անցեալին, Քեսապ, գիւղատնտեսութեան կողքին յենած էր զբօսաշրջութեան ոլորտին: Վարձու տրուած տուներուն ապահոված եկամուտը յաւելեալ նեցուկ մըն էր գիւղացիին:
Այժմ այդ կառոյցները պարապ կը մնան ամառ ու ձմեռ:
Նոյնպէս ամայի են հիւրանոցները, պանդոկները, իսկ ճաշարանները՝ փակ: Կը գործեն 1 հիւրանոց եւ երկու ճաշարան:
Վառելանիւթի եւ ներածուած ապրանքներու առասպելական գիները կը մաշեցնեն բնակչութեան քսակները:
Միայն մէկ օրինակ տանք՝ խոտ հնձելու «նայլոն»է շինուած թելի կծիկը 600 ս.ո.էն բարձրացած է 3000 ս.ո.ի, մինչ խնձորին (Քեսապի արտադրութեան 65 տոկոսը) արժէքը անկում արձանագրած է (միջին 125 ս. ոսկիէն՝ 85-90 ս. ոսկիի, արտածումի անհնարութեան պատճառաւ):
Հրաշքի համազօր է, որ տակաւին սուրիական թղթոսկին կը տոկայ, եւ պետութիւնը խաղաղ կամ նոր խաղաղած շրջաններուն մէջ կը պահէ ընկերվարական բնոյթ ունեցող տնտեսական ենթակառոյցները, քանդուածը վերաշինելով՝ իր նեցուկը տալով հացի, շաքարի, բրինձի, վառելանիւթի եւ կարգ մը այլ կենցաղային նիւթերու գիներուն եւ նոյնիսկ երբեմն տնտեսական նոր հաստատութիւններ հիմնելով:
Քեսապի մխիթարական միւս երեսը միութենական կեանքի պատկերն է:
Սկսած են անխափան գործելու յարանուանական կիրակնօրեայ վարժարաններն ու միութիւնները:
Կը գործեն Ս.Օ. Խաչի «Մեղր» եւ «Գետաշէն» մասնաճիւղերը:
Կը գործէ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը, որ շուտով իր թատերախումբով բեմ պիտի բարձրացնէ թատերական կտոր մը:
Կը գործէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղը: Կը գործեն Ս.Ե.Մ.ի երիտասրդական թէ պատանեկան մասնաճիւղերը: Կը գործէ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղը:
Մտաւոր, դաստիարակչական եւ հոգեկան կեանքի աշխուժութիւնը միայն կրնայ հոգիները խայտացնել:
Քեսապ կայք հաստատած զօրքը, որքան որ հպարտութիւնն է ժողովուրդին, իր զինուորագրուած զաւակներուն ի տես, սակայն նոյն ժամանակ մտահոգութիւն կ՛առթէ, հաստատելով, որ տագնապը ցարդ չէ աւարտած, հակառակ այն իրողութեան, որ նահանգը համարեայ վնասազերծուած է ահաբեկչական խումբերէն:
Վառելանիւթի գիներուն մագլցումին ի տես, գիւղացիք եւ զօրքը այս տարուան գաղջ եւ անցեալ տարուան ցուրտ ձմեռը տաքցուցին, տագնապի առաջին 3 տարիներուն՝ նենգաբար հրկիզուած անտառներու խանձուած փայտի օգտագործումով: Թէեւ գտնուեցան մարդիկ, որոնք իրենց «քիթերնուն չդրին» դիւրավառ ու խանձուած մայրիի անտառի փայտը եւ սղոցեցին կաղնի կամ փշկաղնի, երկարամեայ դալար ծառեր, բնութեան բաժին հանելով «Սուրիական տագնապ»ի ալեկոծած պատուհասներէն:
Քեսապցիք անցնող երկու տարուան ընթացքին արձանագրած են 10 ծնունդ, որուն դիմաց մօտ 30 մահ ու նաեւ 15 պսակ, ամուսնութիւն:
Սակայան այս բոլորին չափ եւ ա՛լ աւելի կարեւոր է ապահովութեան իրավիճակը:
Կրկնելու գնով կ՛ընդգծենք՝ Թուրքիոյ հարեւանութիւնը անապահովութեան իրողութեան փաստն է:
Հայութեան համար դարաւոր եւ դաւադիր թշնամի է անիկա, որքան ալ հայութիւնը, իմա քեսապահայութիւնը խաղաղասէր ըլլայ:
Վկա՛յ Ատանայի կոտորածը եւ քեսապցիներու աւելի քան 160 կորուստները, տեղահանութիւնը, թալանը եւ տուներուն հրկիզումը (1909ին):
Վկա՛յ Մեծ Եղեռնի կոտորածը 1915ին, որ (կուլ տուաւ) քեսապահայութեան 3/4ը (8500 միայն 2300ը վերապրեցաւ):
Վկա՛յ 2014 Մարտ 21ի տեղահանութիւնը, նիւթական կորուստները եւ մահերը:
Քեսապ, ժողովուրդի վերադարձէն ի վեր, քանիցս ենթարկուեցաւ զինեալ հրոսկային ջարդարար խումբերու արձակած հրթիռներու տարափին, որուն վերջինը՝ Յունուար 20ին, երկուքը պայթեցան գիւղին մէջ, իսկ մին՝ բնակարանէս 30 մեթր անդին, ջարդելով մեր դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները:
Բարեբախտաբար, հրթիռներուն մեծ մասը պայթեցաւ լեռներուն վրայ, առանց նիւթական եւ կեանքի վնասներ խլելու:
Շուրջ երկու տարիներ, գրեթէ ամէնօրեայ հերթականութեամբ ականջալուր եղանք գիւղիս բարձունքներուն տեղակայուած թնդանօթներու եւ հրասայլերու արձակած ռումբերու ձայներուն:
Մեր լսողական բնազդը «զարգացում» արձանագրելով՝ սկսանք կռահելու, թէ որ շրջանին վրայ կը տեղային այդ արկերը (րոպէները եւ ակնթարթները հաշուելով):
Վերադարձէն մինչեւ այսօր, ապրեցանք եւ կ՛ապրինք ջղապիրկ պահեր, թէ արդեօք այդ զինեալ վարձականներուն մէյ մը եւս թոյլ պիտի տա՞ր թուրք դաւադիր պետութիւնը՝ Քեսապը տեղահանութեան ու քանդումի ենթարկելու:
Սուրիական պետութիւնը եւ անոր դաշնակցող պետութիւններն ու ուժերը վճռակամ են արմատախիլ ընելու միջազգային ահաբեկչութիւնը, որուն նեցուկ կանգնած են Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ շարք մը խամաճիկ, վարձկան պետութիւններ:
Այսօր, արդէն քանի մը օրէ ի վեր իբրեւ թէ հրադադար է, սակայն ո՛չ ահաբեկչական կառոյցներուն հետ, որոնք դուրսէն եկած բազմացեղ ու մարդակերպ վարձկաններ են:
Սուրիոյ ազգային բանակը Քեսապի եւ Լաթաքիոյ նահանգի սահամններէն բաւական անդին շպրտեց այդ զինեալ խմբաւորումները:
Համարեա քանի մը փոքր, սակայն Թուրքիոյ սահմանամերձ բնակավայրեր մնացած են, զորս պէտք է վնասազերծել:
Այժմ թնդանօթը, հրասայլը մեր ականջին տակէն չէ որ կը գոռան, այլ աւելի անդինէն, հեռուէն, ռազմագիտական բարձունքներու կամ հովիտներու վրայ բազմած, կը հրակոծեն թշնամիին դիրքերը:
Վերը արդէն յիշեցինք, թէ Լաթաքիոյ նահանգը գրեթէ վնասազերծուած է զինեալ ահաբեկչական խումբերէն: Բայց մեր հոգիներուն մէջ փոթորիկ կայ: Մեր հոգիները ցնցուած են եւ վիրաւոր:
Թնդանօթը գոռաց (մօտ թէ հեռու). կը մտահոգուինք: Ո՞ւր կը հարուածէ: Որքա՞ն ծանր է մարտը…
Թնդանօթը լռեց… ինչո՞ւ… ի՞նչ պատահած է, արդեօք… արդեօք… ինչո՞ւ լռած է:
Կ՛ըսուի, թէ քանի մը օրեր ետք միջազգային գերպետութիւններու հսկողութեան ներքեւ վեհաժողով տեղի պիտի ունենայ սուրիացիներու, իշխանամէտ եւ իշխանամերժ հոսանքներու մասնակցութեամբ, քաղաքական պայքարով, ելք փնտռելու այս անօրինական տագնապէն:
Սակայն, տակաւին 10 օրեր առաջ թրքական եւ սէուտական խաւարային պետութիւնները սպառնալիք կը տեղացնէին Սուրիոյ գլխուն թէ ռազմական, ցամաքային միջամտութիւն պիտի կատարեն, առանց նոյնիսկ դոյզն ուշադրութիւն դարձնելու մեծ տէրութիւններու յորդորներուն եւ ապառնալիքներուն:
Ո՞վ կրնայ երաշխաւորել սատանային դաւերուն աւարտը:
Սակայն, ըլլա՛յ Սուրիան, ըլլա՛յ Քեսապը, ըլլա՛յ սուրիացին, սուրիահայը եւ մանաւա՛նդ քեսապահայը, պարատաւոր են լաւաատես ըլլալ:
Այդ լաւատեսութիւնն էր, որ «ազատագրեց» Քեսապը:
Այդ լաւատեսութիւնն էր, որ տուն դարձուց բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
Եւ այդ լաւատեսութիւնն է, որ կը կերտէ ու կը պահէ հայրենիքը՝ Սուրիան ու Քեսապը:
Read Time:7 Minute, 12 Second