Յ. Պալեան
Քաղքենիական նորոյթ նուաճում են մարզասրահները, ուր կան բազմատեսակ սարքաւորումներ ճարպակալած մարմինները նրբացնելու համար: Համեստ մարդիկ չեն յաճախեր այդ սրահները, անդամակցութեան համար վճարուելիք գումարը կը նախընտրեն հացի եւ իրենց զաւակներու ուսման յատկացնել:
Թող ներուի ըսել, որ «ցեղասպանութեան ճանաչման» դիպաշարները (ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն ցենարները, սենարիոները) կը նմանին մէկը միւսը կապկող ժապաւէններու (սերեալ), ձանձրացող եւ անմիջական յուզում փնտռող հեռատեսիլ դիտողներու հրամցուող կամ տեսակ մը յիշուած քաղքենիական մարզանքի, որուն մարզասրահը հայաշխարհն է: Այսինչ երկրի քաղաքական այնինչ կարեւոր,- եւ յաճախ անկարեւոր,- «քաղաքական» դէմքը ճանաչման յայտարարութիւն մը կ’ընէ, կամ կը կորզենք նման յայտարարութիւն, կը դիմենք յաջորդին նոյն խօսքը լսելու համար, եւ կը քնանանք մեր (չ)յաղթանակի դափնիներուն վրայ:
Ճանաչումներով հայոց իրաւունքի վերականգնումը մազաչափ կը յառաջանա՞յ:
Բոլոր հոգեպարար յայտարարութիւնները գումարած, բռնագրաւուած մէկ թիզ հող վերադարձուեցին հայ ժողովուրդին:
Ցեղասպանութեան ճանաչման անվնաս դարձած կրկնուող արշաւները հանդիսութիւններ դարձան, որոնք կը ծառայեն երեւելիութիւն ձեռք բերելու կամ եսեր (ego) շոյելու, եւ կը մոռցնեն հայրենահանումը եւ հայրենիքի բռնագրաւումը: Միշտ ալ մտածած եմ, որ եթէ հրաշքով մը Թուրքիան եւ համայն աշխարհը, ձեռքերը իրենց սրտին վրայ դնելով, յայտարարեն, թէ այո՜, քսաներորդ դարու սկիզբը Թուրքիոյ մէջ հայոց դէմ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ, ինչ պիտի փոխուի հայութեան կեանքին մէջ, Հայաստան եւ սփիւռքներ… Պիտի զրկուինք ամէն տարի յուզիչ հանդէսներ կազմակերպելէ եւ կարգախօսներ պոռալէ, սպասման սենեակներէ անցնելէ ետք մեծանուններու հետ լուսնկարուելով երջանկանալէ…
Հայոց ազգային դատը ցեղասպանութեամբ սահմանափակելով, տեսակ մը հիւանդագին գոհունակութիւն զգալով, որ ան դարու առաջինն էր, ո՞ւր հասանք, ո՞ւր պիտի հասնինք, ո՞ւր կ’ուզենք երթալ: Եթէ առաջինը չըլլար, ըլլար տասներորդը, բան մը պիտի փոխուէ՞ր մեր իրաւազրկումէն: Հայրենահանման էական խնդիրը չենք արծարծեր: Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզի շնորհուած բարոյամխիթարութիւն է օտարին համար, ինչպէս որ սովահարներուն սնունդ կը մատակակարուի խիղճ հանդարտեցնելու համար:
Հայրենահանման խնդիրը էապէս քաղաքական է, ե՛ւ արտաքին ե՛ւ ներքին ճակատի վրայ:
Օտարներ, անոնք ըլլան մտաւորականներ, պատմաբաններ, քաղաքական գործիչներ, խորհրդարաններ, նախագահներ, հայրենահանումը դիտած են եւ կը դիտեն հայրենահանուածներու նկատմամբ բարեսիրական տեսանկիւնէ: Թշուառ գաղթականներ, փախստականներ, որոնց տրուած են վերապրումի կարելիութիւններ, բայց ոչ ոք ուզած է խօսիլ եւ կը խօսի անոնց բռնագրաւուած հայրենիքի մասին: Չանհանգսսացնելու եւ չանհանգստանալու համար մենք ալ, մեր կարգին, ցեղասպանութեան ճանաչման շրջագիծին մէջ կ’աղմկենք, չմոռնալու եւ չմոռցուելու համար, յիշելով յատուկ անուններ եւ թուականներ կրող օրէնքներ:
Իսկական օրակարգը հայրենահանումն է, երբ կ’ուզենք միջազգայնացնել Հայկական Հարցը, եւ երբ ներազգային անկեղծ եւ յանձնառու քաղաքականութիւն կ’ուզենք վարել: Թուրքիան գիտէ, որ բռնագրաւած է հայ ժողովուրդի օրրան հանդիսացած հողերը: Այդ գիտէ նաեւ միջազգային համայնքը. անոնք տեսած են պատմական քարտէսները, որոնց վրայ հինէն ի վեր գրուած է Հայաստան, Արմէնիա:
Հայոց իրաւունքի տեսանկիւնէ կեղծիքի համազօր են ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւնները, որոնք կը թմրեցնեն հայու ազգային-քաղաքական գիտակցութիւնը, նաեւ մեր մեղսակցութեամբ, յուշելով որ պէտք չէ երազել:
Կը պատահի՞ որ հարց տանք ցեղասպանութեան ճանաչման շնորհը ընողներուն, թէ ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ: Եթէ իրենք լուռ կը մնան, մենք կ’ըսե՞նք՝ ՀՈՂԻ ՀԱՄԱՐ: Թէեւ իրենք այդ գիտեն:
Հայութիւնը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, որպէս ազգ գոյատեւման համար ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ ունի: Այս կ’ըսենք երբեմն, այդպէս, թատերական պահու մը: Երբեմն ալ քաղաքական ճապկումներով չենք ըսեր: Չենք ըսեր նաեւ կատարուած իրողութիւնը վերջնական համարելու վատութեամբ, բարի դրացիական կամ խաղաղասիրական տիրացուական ճառերով, որ պէտք է հաշտուիլ, ներել, էջը դարձնել:
Հողային պահանջի ճառը կը մնայ նախաձեռնութիւններու բացակայութեան տխրութեան վրայ տարածուող ծխածածկոյթ, եթէ չդրուի յստակութեամբ ՀՈՂԻ ՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑը առանց շաբաթավերջի հանդիսութիւններու աճպարարութիւններով ընդարմանալու, որ այս անգամ կախում չունի արտաքին ուժերէն: Այդ տիրութիւնը,- կամ լքումը,- իրականանալի է մեր ճիգերով եւ յանձառութեամբ, եթէ տօնական օրերու բարձրախօսներու խորք ունին, չեն խզուած կեանքէն եւ պատմութենէն, սոսկ կարգախօս չեն:
Որքա՜ն յուզիչ է ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ կարգախօսը: Ո՞ւր գացինք, ո՞ւր տարինք:
Հայրենասիրական բարեսիրութեամբ եւ զբօսաշրջութեամբ զբաղող սփիւռքները ի՞նչ կ’ընեն հողի տիրութեան համար, հայրենահանուածներու ժառանգները եւ արտագաղթող հայրենիք լքողները: Պեվըրլի Հիլզ, Ֆլորիտա, Մոնաքօ, Քափրի, Փարիզ, եւ այլ «դրախտ»ներ նստած հայրենասիրութիւն քարոզել, տարին անգամ մը խորհրդաժողովի երթալ եւ խելք բաժնել, երբեմն ալ լամբակ զարդարել, հողի տիրութիւն չեն:
Ինչո՞ւ այնքան մեծ թիւով «սփիւռքահայ հիւրեր» (այցելութեամբ Հայաստան եկող-գացողները հիւր են, ինչպէս գերմանացի, էսթոնացի, հնդիկ կամ չինացի զբօսաշրջիկները), ընդհանրապէս «բարեսէր սփիւռքահայերը», քաղաքական հայրենասիրութեամբ չեն առաջնորդուիր: Այդ քաղաքական հայրենասիրութիւնը, նաեւ վերնախաւին համար, ՀՈՂԻ ՏԻՐՈՒԹԻՒՆն պէտք է ըլլայ, որ աղբիւրի գուռ մի կառուցելու եւ անոր վրայ անուն մը գրելով չի սահմանուիր:
Խրախճանքներու, դաշտագնացութիւններու, երգահանդէսներու եւ բարձրախօսներու հայրենասիրութիւնը փուչիկ է, երբ կը բացակայի ՀՈՂԻ ՏԻՐՈՒԹԵԱՆ յանձնառութիւնը, որ թղթակցութեամբ եւ միջնորդով չ’ըլլար: Հողի տիրութիւնը կ’ըլլայ ներկայութեամբ, զայն մշակելով, արժեւորելով, հոն տնտեսութիւն ստեղծելով: Հողային պահանջը կ’իմաստաւորուի երբ տիրութիւնը կը կենսագործուի այսօրուան հողին համար: Թատրոնը գեղեցիկ կրնայ ըլլալ, յուզիչ եւ տխուր, բայց միշտ կը մնայ չորս պատերու մէջ: Ինչպէս սրահներու աղմուկը կամ պողոտաներու հրավառութիւնները:
Սփիւռքները ազգի իսկական հատուած կ’ըլլան երբ վերջ տալով զբօսաշրջային եւ բարեսիրական հայրենասիրութեան, առաջադրեն եւ գործադրեն ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ:
Սփիւռքներու ղեկավարութիւնները, նաեւ Հայաստանի պետութիւնը, ունի՞ն ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: Զանգուածները ընդարմացուած են ցեղասպանութեան ճանաչման մխիթարական ճառով եւ այդ քաղաքականութիւնը պահանջողներ ալ չկան:
Հայրենիքի հողին տէր պէտք է ըլլալ հող պահանջելու համար:
Ի՞նչ ազգային ապագայ կրնան ունենալ իրենց հողին վրայ չկանգնող սփիւռքները:
Սփիւռքները, հայրենահանուածները՝ որոնք ակամայ քոչւոր դարձած են, հայրենիք լքող քոչւորները, պէտք է յիշեն Խրիմեան Հայրիկի պատգամը, որ «Թոռնիկ»ին կ’ըսէր, թէ «հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը», կը պատգամէր՝ որ «անհող չմնայ»…
Պէտք է յիշել նաեւ Վիգէն Խեչումեանը, կարդալ անոր «Գիրք լինելութեան»ը, «Գիրք մաքառման»ը, մեր տուներուն մէջ պատէն կախել անոր խօսքը, որ «…ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»…
Այսօրուան հողին անսեթեւեթ տիրութիւնը, Ռիւպիքոնը անցնելով, մենք մեզի հանդէպ անկեղծ եւ ոչ թատերական յանձնառութեամբ, իրաւ հայրենասիրութեամբ հայրենադարձութիւնն է, որ աւա՜ղ, ազգային օրակարգ չէ:
Այդ օրակարգը տեղ մը արձանագրելու ցանկութիւն եւ աղմկարարութիւն ալ չկան: