0
0
Read Time:16 Second
ԱԹԼԱՆԹԱ.- Ճորճիա նահանգի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նահանգային խորհրդարանը, Մարտ 3-ին վաւերացուցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող թիւ 1580 բանաձեւը:
Այսպիսով, Ճորճիա միացաւ Մասաչուսէցին, Րոտ Այլընտին, Քալիֆորնիոյ, Մէյնին եւ Լուիզիանային, որոնք նախապէս Արցախի անկախութեան թիկունք կանգնելու բանաձեւեր վաւերացուցած են:
Բանաձեւին գլխաւոր հովանաւորները եղած են խորհրդարանի անդամներ Փեթ Կարտնըր եւ Տեմեթրիուս Տակլըս: