Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ
Վենետիկի հանդարտ կղզիներէն մէկն էր Ճիարտինին. կարդալու, խորասուզուելու յարմար միջավայր մը: Լիցքաւորուելու համար քայլերս ուղղեցի հոն, հետս առնելով հայերէն հաստափոր գիրք մը:
Խելացնոր էր մթնոլորտը. ծառերը, ծաղիկներն ու հանգստաւէտ նստարանները կրնան քեզմէ գողնալ ժամեր, առանց քեզի ձանձրոյթ պատճառելու: Ազատ նստարաններէն մէկը գրաւելով նստեցայ:
Հանգիստ էի եւ անբացատրելի ուրախութեան մը մէջ: Բացի գիրքը կարդալու նախ երկարաշունչ նախաբանը ու ապա սկսայ խորասուզուիլ սիրած հեղինակիս պատկերաւոր ու կախարդիչ տողերուն մէջ:
Աշնանային հովը գիրկս թափեց դեղին տերեւ մը, կեդրոնացումս խախտելով ու պահ մը անջատելով զիս հեղինակէն:
Ճիշդ իմ դիմացի պարապ նստարանը այժմ գրաւուած էր վենետիկցի զոյգի մը կողմէ: Երկար նստարանին վրայ գիրկընդխառն նստած էր զոյգը ու կը պատրաստուէր համբուրուելու եւ կարծես զիս խանգարելու համար դիտմամբ դիմացս տեղաւորուած էին, ձգելով անդին ահագին պարապ նստարանները:
Համբոյրը սկսած էր շատ հանդարտ, բայց վստահ էի որ կրնար հասնիլ կատաղութեան եւ կատարելութեան, քանի շատ երիտասարդ էին: Համբոյրը կը զարգանար արուեստի բարձր չափանիշով: Իսկ ես ընթերցմանս մէջ տեղքայլի մէջ էի: Երկու գեղագիտութիւն միաժամանակ ըմբոշխնել անկարելի էր:
Հետաքրքրական ու գեղեցիկ էր պահը, սէրը, համբոյրը դիտել: Կենդանի աչքերով դիտել ու մանաւանդ յիշել երիտասարդութեան երազային օրերը ու յիշել առաջին տագնապալից համբոյրը վերելակին մէջ…:
Թմբիրէս հազիւ արթնցայ, վերադարձայ կիսատ թողած գիրքս վերստին կարդալու: Բաւական խորասուզուած էի ընթերցմանս մէջ, մէյ մըն ալ տեղի ունեցաւ անսպասելին: Վենետիկի անբնական երկինքը յանկարծ փայլատակեց եւ նախանձ ամպերը իրարու բախելով անձրեւի կաթիլներ սկսան թափել մեր վրայ, զիս իմ գիրքէս ու սիրող զոյգն ալ իրարմէ բաժնելու համար:
Անձրեւը հետզհետէ կը զօրանար: Գիրքս անձրեւէն պաշտպանելով վազեցի նաւամատոյց, նաւ առնելու եւ շուտ տուն հասնելու համար:
Ակնթարթի մը մէջ երկինքը կատղած էր ՝ հով, անձրեւ, փոթորիկ: Հետաքրքիր հայեացքս դարձուցի դէպի զոյգը: Փշաքաղուած, սառած, թրջուած աչքերով դիտեցի կեանքիս ամենագեղեցիկ պատկերը: Զոյգը առաւել գիրկընդխառնուած՝ կարմիր հովանոցը բացած էր ու կը շարունակէր համբոյրը, այդ տեղատարափ անձրեւին տակ, անտեսելով բնութեան կատաղութիւնը:
Ուրախ էի որ սէրը կը յաղթէր:
Ուրախ էի որ սէրը կը շարունակուէր հակառակ բոլոր արգելքներուն: Երբ սիրոյ պահեր վերյիշեմ՝ մտքիս մէջ կը պատկերուի Վենետիկի այս զոյգը:
Երանի աշխարհի բոլոր փոթորիկները պարտուին, այնպէս ինչպէս Վենետիկի հովն ու անձրեւը, ու սէրը յաղթանակէ միշտ…:
Ոգեշնչումներուս մէջ նաեւ յաճախ կը պատկերուին անմոռաց անձրեւն ու համբոյրը: