ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն նպատակն էր դրամահաւաք կատարել Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզին համար:
Հաւաքը տեղի ունեցաւ, Վըրճինիա Տէյվիսի Մանհաթընի շքեղ բնակարանէն ներս, հարիւրի շուրջ ներկաներու մասնակցութեամբ, Փետրուար 14-ին: Տէր եւ Տիկին Ուիլըրտ Թէյլըրի սիրայօժար ընդունելութեամբ, այս հաւաքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ջութակահար Տիանա Վասիլեան, որուն մեղեդիները ամենայն գոհունակութեամբ ըմբոշխնեցին ներկաները:
1998-ին հիմնուած է Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզը, որպէսզի յատկապէս ընդունի Արցախեան պատերազմին զոհուած մարտիկներուն զաւակները: Շուտով նման տասնեակ մը մանկապարտէզներ հիմնուեցան Արցախի տարածաշրջանէն ներս:
Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզին շէնքը կառուցուած է 1954-ին, սակայն մնացած է ոչ-ամբողջական վիճակի մէջ, նկատի ունենալով որ իբրեւ կառոյց, յատկապէս փոքր երկրաշարժի մը պարագային իսկ, նկատուած է անապահով, տեղւոյն մարմիններուն կողմէ: Այս կացութեան դէմ յանդիման գալով, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց բոլորովին վերաշինել կառոյցը, զայն օժտելով լայնատարած եւ ապահով պատսպարանով մը:
Հին կառոյցը փոխարինուեցաւ նոր շէնքով մը, որուն հիմնարկէքի հանդիսութիւնը կատարուեցաւ Հոկտեմբեր 2015-ին: Շինարարական աշխատանքները պիտի աւարտին 2017-ին: Արդի կառոյցներով օժտուած այս հիմնարկը պիտի ընդունի երեքէն վեց տարեկան մանուկներ: Նաեւ, հիւանդապահութեան յատուկ դասընթացք պիտի կատարուի այս կեդրոնէն ներս:
Սիւզան Ազարեան բարի գալուստ մաղթեց եւ հրաւիրեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի ատենապետ Թալին Տաղլեանը, որ «Սօսէ» մանկապարտէզին հակիրճ պատմականը ներկայացուց, կարեւորելով այդ հիմնարկին նպատակն ու Հ.Օ.Մ.-ի նախաձեռնութիւնը:
Օրուան բանախօսն էր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, որ յայտնեց թէ այս կատարուած աշխատանքը սուրբ է եւ թէ ազգային պարտականութեան տէր երիտասարդ ազատամարտիկներու զաւակները յաւելեալ գուրգուրանքի կարիք ունին: Ան հաստատեց թէ, ինք անձամբ այցելութիւններ կատարած է տարածաշրջանէն ներս եւ լաւապէս տեղեակ է թէ, արդիական սարքաւորումներով շէնք մը կը կառուցուի, ուր ազատ Արցախի մէջ ապրող մանուկները պիտի ստանան որակաւոր եւ բարձր մակարդակի ուսում:
Յանձնախումբի ատենապետ Անժէլ Մանուկեան, յայտնեց թէ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանը միշտ ալ բեղուն գործունէութիւն ցուցաբերած է, նմանօրինակ գործունէութիւններու առնչութեամբ: Ան յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց, յայտնելով թէ այս կառոյցը առաջնահերթ դեր ունի: Ան տեղեկացուց թէ յատուկ հասութաբեր հիմնադրամ (endowment fund) մը պիտի հիմնուի, որպէսզի կարելի ըլլայ երկար տարիներու վրայ մատակարարել այս կարեւոր հաստատութիւնը:
Այս հաւաքին ներկաներէն եւ դրամահաւաքի մասնակցողներէն մէկը՝ Տենիս Թերզեան, ցուցադրեց այս մանկապարտէզի լուսանկարները: Ան անձնապէս այցելած էր եւ գեր-ոգեւորուած, շարունակ հետեւած էր աշխատանքներուն: Իսկ Լինտա Թերզեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Զոհրապ Մնացականեանին, որ անձամբ ներկայ եղած էր օրուան հաւաքին:
Աւարտին, Անժէլ Մանուկեան յայտնեց թէ այս հաւաքին կարելի եղած է ապահովել քառասուն հազար տոլար եւ յայտնեց նուիրատուներուն անունները:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ նուիրատուութիւններ կատարելու համար, կապ հաստատել հետեւեալ հասցէին.-
Armenian Relief Society, Eastern USA, Inc.
80 Bigelow Ave, Suite 200, Watertown, MA 02472
Tel: 617-926-3801
Read Time:2 Minute, 6 Second