ԱԶԷԶԻ ՀԱՅԵՐԸ

0 0
Read Time:8 Minute, 6 Second

azez

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նիս

Ժողովրդավարութեան անուամբ Սուրիոյ իշխանութիւնը տապալելու նպատակով հրահրուած ընդդիմադիր խմորուﬓերուն սկիզբը զարմանքս չէի կրցած զսպել երբ Արաբական Լիկան ջնջեր էր Սուրիոյ անդամակցութիւնը ու անոր տեղ աթոռներ շնորհած էր Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներուն, Ֆրանսային, ու Սուրիոյ բարեկամ կոչուած, հիմա ցնդած երկիրներուն։

Սուրիոյ Ազատ Բանակին արձանագրած առաջին յաջողութիւններէն Ազէզի գրաւուﬓ ու Թուրքիոյ սահմանին բացումը թրքաց Հալէպ ազատ երթևեկին թափ տուաւ քաղաքական, և զինուորական օժանդակութիւն հասցնելու համար ըմբոստներուն և Հալէպը կողոպտելու։

Այն ատեն Ազէզը ուշադրութեանս կիզակէտը չէր, գիտէի որ թուրքմէններէ բնակուած էր։ Ընտանեկան և գաղութային և յարակից հոգերուս աւելցաւ Հալէպի համար սրտիս զարկը։ Այս պահուն թափառուﬓերուս շարժառիթը Հալէպը չէ, Ազէզն է։ Օրին չէի կրցած մանկական յիշատակներս պեղել երևան հանելու համար մանկական յիշատակներուս ծրարին մէջի եղածները։ Հիմա, Ազէզի կորուստին սուգը ընելու անհրաժեշտութիւնը կը զգամ և յանցաւոր՝ ﬕնչև հիմա ծրարը չբանալուս համար։ Ինքնութեանս կազﬕն մէջ Ազէզի յիշատակներուս պարկը ծանր է։

Ինչո՞ւ այսքան ատեն հոգ չեմ ըրած և հիմա կ՛արթննամ թմբիրէս։ Քանզի հիմա Ազէզը ծննդավայրիս՝ Արաբ Բունարէն ետքը, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին մղձաւանջը եղած է։ Սուրիական բանակն ու քիւրտերը ռուսական օդային ուժերուն օգնութեամբը Հալէպէն Թուրքիոյ ճամբան կտրեր առեր են, և Ազէզին մօտեցեր են, ﬕնչ թուրքիան կը չափէ կը ձևէ Սուրիա ներխուժելու ծրագրին ունենալիք դրական և ժխտական հետևանքները, այս իմ նիւթէս դուրս է։

Ազէզին սուգի արարման կարիքը իրապէս կը զգամ որովհետև անցեալին Ազէզի մէջ շէն հայութիւն մը կար և անոր իշատակը մոռացութեան տրուելու ջնջուելու և անյետանալու վրայ է. և պէտք ունիմ այդ մասին խօսելու և սիրտս հանգստացնելու։ Չեմ գիտեր, պէ՛տք է։ Ցեղասպանութենէն վերապրած լճեցիներուն Հալէպի քէմբին խմբանկարին վրայ Ազէզի ﬔր լճեցի հայրենակիցներէն ոմանց դէմքը կը տեսնեմ և առաջին շարքին պզտիկներուն մէջտեղի իրարու վրայ երկարածները հայրս՝ Սարգիս Պօղոսեանն ու լուսահոգի քեռիս Սարգիս Կիրակոսեան են։

Մայրս, Մարին, Ազէզ ծնած ﬔծցած էր, ու այն տեղէն հարս գացած էր Արաբ Բունար, և վեց զաւակներու ծնունդ տուած էր։ Անոր համար մանկութեանս ամառները Ազէզ անցեր են։ Հիմա, Ազէզի հայութեան մասին գրելիքս հիﬓուած է մանկական աչքերովս տեսածիս և զգացածիս վրայ, և պատումս ﬔծ ծնողացս հետ կապուած իրողութեանց վրայ պատկերուած է, ուստի նպատակս Ազէզի հայոց պատմութեան մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ տալ չէ, ես ամառներուն հոն գացած եմ ծնունդէս ﬕնչև Անթիլիասի դպրեվանք մուտքս՝ 1947-1961, բայց, ըսածներս ճիշդ են։

Ամրան արձակուրդին Հայրս Արաբ Բունարէն Հալէպ, ու անկէ Ազէզ կը տանէր ﬔզ, մօրս ծնողացն ու քոյր եղբայրներուն կարօտին գոհացում տալու համար։ Ազէզի հայ շարժավարներէն Մեննանին անունը ﬕտքս ﬓացած է, իր ինքնաշարժները արդիական ու արագ էին։ Հալէպէն Ազէզ երթալը Արաբ Բունարէն շատ աւելի կարճ և դիւրին էր, Եփրատէն նաւով անցնելու հարց չկար։ Հալէպի պիստակ, անուշեղէն ևայլն կը տանէինք նուէր, յարգի էին։

Հալէպէն Մէշհելէի ու Աֆրինի ճամբուն վրայ տեղէ մը դէպի վար, հիւսիս ուղի մը կը բաժնուէր և հինգ տասը քիլոﬔթրէն Ազէզ կ՛ըլլայինք, սառը ջուրի աղբիւրին քովէն անցնելէ ետք։ Լուսահոգի Հրանդ քեռիս ու ընկեր Սիմոնը հեծիկով պտոյտի կ՛երթային։ Երբ նախակրթարանս աւարտեցի քեռիս իր Բէօժօ հեծիկը ինծի նուէր ղրկեց Արաբ Բունար։

Ամառ կիրակիներուն Հալէպի հայերը Աֆրինի ճամբով հանրակառքով ու անձնական ինքնաշարժներով Մէշհելէ կ՛երթային զբօսնելու և կերուխուﬕ, ամբողջ օրը երգ ու պարի նուագով կ՛անցնէին, պարտէզներէն հոսող առուակներուն մէջ սեղան կը շտկէին։Մէշհէլէն մօտ էր Ազէզէն։ Պայծառ գիշերներուն Քիլիս քաղաքը լոյսերուն մէջ կը շողար։ Հիմա, հոն, մօտերը ռմբակոծումէն ազատուելու համար հազարաւոր ժողովուրդ հաւաքուած կը սպասէ որ սահմանը բանան։

Ցեղասպանութենէն առաջ Քիլիսը Այնթէպի մօտակայքը հայահոծ քաղաք մըն էր…։ Ազէզի հայութիւնը Քիլիսցի, Այնթէպցի, կիլիկեցի և Տիգրանակերտցի էր։ Թրքախօսներ ալ կային։

Ազէզի հետ հոգեկան կապերս ակամայ խզուեցան 1963էն վերջ, որովհետև նոյն տարին ի Տէր հանգեան Թադէոս ﬔծ հայրս, ու մայրս՝ Մարին, Հալէպի գերեզմանոցն են ննջեցեալ։ Հրանդ մօրեղբայրս ընտանեօք Հալէպ փոխադրուելէն ետք կապերս բոլորովին կտրուեցան։ Քեռիս՝ Հ. Մ. Ը. Մ.ական վարչական և լաւ ֆութպոլիստ էր։ Ազէզի Հ. Մ. Ը. Մ.ի կազմը ամէն տարի Հալէպի Զատկական պատմական ﬕջ-մասնաճիւղային խաղերուն կը մասնակցէր։

Թադէոս Մեծ հայրս խաղողի և ձիթապտուղի ծառերու այգի մը ունէր, և Հրանդ քեռիիս հետ Հալէպէն բերուած աﬔրիկեան և ևրոպական գործածուած, նորոգուած զգեստ կը վաճառէր։

Հալէպի մէջ, Ազէզի խաղողով պատրաստուած ոգելից ըմպելիք արտադրողները հայկական երեք հաստատութիւններ էին Քիւրքճեան, Գևոնեան և Բիւզանդեան։ Օղիին հոտը հաճելի էր քիթիս. մութը չկոխած Արաբ Բունարի ﬔր հայ և քիւրտ յաճախորդները պարապ շիշով կու գային որպէսզի կալոնէն իրենց օղի լեցնէինք։ Կալոնէն լեցուած օղին աւելի աժան էր։

Հայրս, ամէն տարի Ազէզէն երկու թիթեղ ձիթաիւղ կը բերէր ﬔծ ծնողացս ու ﬔզի՝ պաշա՛ր։

Ազէզի Քահանայ Հայրերէն կը յիշեմ տեսած ըլլալ Տէր Սահակն ու Տէր Գարեգինը, և ուսուցիչներէն՝ մայրս քերականագէտ և գրագէտ Հաճեանին անունը կու տար։ Շաﬕրամ մօրաքոյրս իր անոյշ ձայնովը Սայեաթ Նովայի երգերէն կ՛երգէր։ Անուշ օփերայէն ալ պատկերներ ներկայացուցած էր դպրոցը, և գեղեցիկ նկար մը ունէր ջուրի սափորը ուսին …։ Չորս քոյրերն ալ լաւ կ՛ասեղնագործէին ու կը կարէին։

Մեծ հօրս բակին մէջ տեղի ունեցան Շաﬕրամ և Անահիտ մօրաքոյրներուս հարսանիքի խնջոյքները. Հալէպէն եկան երգիչ Մարտօն ու իր նուագախումբը։

Ազէզի գաղութէն հայերը շատ կարճ ժամանակի մէջ գացին Հալէպ բնակելու։ Ազէզի բնակիչները հայ և թուրք էին, քիւրտ ու արաբ ալ կային, բայց շուկան ու սրճարանը հայերէն և թրքերէն կը լսուէր։ Հայերը քաղաքին կեդրոնական թաղերուն մէջ կը բնակէին, իսկ թուրքերը ո՞ւր կ՛ապրէին չեմ գիտեր. շուկային ետե՞ւը թէ՞ բաղնիքէն դէպի Թուրքիոյ սահմանի ճամբուն երկու կողﬔրո՞ւն վրան, թէ՞ գիւղերուն մէջ։ Ես զիրենք շուկան ու սրճարանը կը տեսնէի։

Մեծ հօրս տունը բլուրին շատ մօտ էր. հայոց եկեղեցին, դպրոցը և Հ. Մ.Ը. Մ.ի ու Հ. Ե. Ը.ի ակումբները ﬕ քանի փողոց վեր, ֆութպոլի դաշտէն առաջ էին։ Ազէզ երկու կեդրոնական ճամբաներ ունէր որոնց մէջտեղն ու կողքին էին բնակելի թաղամասերը. մէկը քաղաքին մուտքի շրջանակին շարունակութիւնն էր և թրքական սահմանը կ՛երթար, իսկ ﬕւսը աջ կը դառնար և բլուրին մօտէն կ՛երթար կը լﬓնար շուկայէն առաջ։ Ազէզի հայերը հագուստ, կերպաս, կօշիկ, մսեղէն ու կանաչեղէն կը ծախէին և արհեստաւոր էին։

Մենք Արաբ Բունարէն, իսկ Անժէլ և Շաﬕրամ մօրաքոյրներս Գաﬕշլիէն զաւակներով Ազէզ կը հաւաքուէինք, շաբաթավերջերուն ալ Հալէպէն ազգականներ կու գային և Մէշհելէ կ՛երթային. Տիրուհի ﬔծ մայրս և Թադէոս ﬔծ հայրս ﬔծ սիրով կը դիմաւորէին բոլորը և իրենց երկու ﬔծ սենեակ, խոշոր բակ, խոհանոց բաղնիքով տան մէջ կը հիւրասիրէին ﬔզ։ Գիշերները բակն ու տանիքը քով քովի փռուած անկողիններուն մէջ կը քնանայինք…։ Կէսօրէ ետքերը մայրս ու մօրաքոյրներս կ՛ուզէին քնացնել ﬔզ որպէսզի խելօք ﬔծնայինք։ Տասը քսան պզտիկ էինք, ﬔնք վեց, Անժէլ մօրաքրոջս՝ հինգ, Շաﬕրամ մօրաքրոջս՝ հինգ և Անահիտ մօրաքոյրս որ Հալէպ կը բնակէր՝ և երբեﬓ Ազէզ կու գային։ Հրանդ քեռիս ալ տակաւին չէր ամուսնացած։ Այդքան պզտիկ, ինչպէ՞ս չարութիւն պիտի չընէինք. հարկա՛ւ կ՛ընէինք. ու երբ Մուէզինին կամ Ալլահուէքպէրին ձայնը աշխարհ կ՛առնէր՝ մօրաքոյրներս կ՛ըսէին մարդը ﬔծ տոպրակով փողոցէն կ՛անցնի եթէ պզտիկի ձայն լսէ, տոպրակին մէջ կը դնէ, կը տանի։ Մատլէն զարմուհիս ալլահուէքպէրի ձայնէն լեղապատառ կու լար. ու ﬔնք կը պարտէինք անուշիկին ձայնը կտրել… ըսուածին սուտ ըլլալը գիտէինք, բայց, կը վախնայինք անոր ձայնէն, և ո՛վ գիտէ ինչ տեսակ էր…։

Ես շատ կ՛ուրախանայի երբ որ Գաﬕշլիէն Յովսէփ, Կարպիս և Հրաչ Արապեաններն ու Խաչիկ Մղցեանը գային. համարեա՛ տարեկից էինք, ﬕասին կը պտտէինք, բլուրը կ՛ելլէինք, կամ անոր փեշէն՝ ﬔծ հօրս խանութն ու շուկան կ՛երթայինք, քաղցրեղէն և պայթուցիկ գնելու, տուներուն դռներուն առջևը պայթեցնելու և արագ մը վազելով կծիկը դնելու…։

Հոն, թրքերէն երգերը ձայնասփիւռէն դուրս կը ցատկէին ու ես շատ կը նեղուէի, չէի ուզեր որ հայերս թրքերէն երգ մտիկ ընէինք, մանաւանդ եթէ պատմութիւնը տխուր ըլլար, ցաւալի է ըսէին և պզտիկի պէս լալու սկսէին, իրենց վիշտը տակն ու վրայ ընէին, ու ﬔնք իրենց վիշտին անծանօթ՝ լայինք իրենց ցաւին վրան, կ՛ուզէինք գիտնալ թէ ﬔր ﬔծերը ինչո՞ւ ﬕասին կ՛արտասուէին։ Ուրախ պարեղանակներուն երբ թաշկինակը շարժելով մէջտեղ ելլէին ու ՛՛Հալայ՛՛ դառնային կ՛ուրախանայի անոնց պարը դիտելէս, որովհետև անանկ ատեն զիրենք ուրախ կը տեսնէի, և Հալայը ինծի համար թրքերէն չէր, ուրիշ տեսակ բան մըն էր, պարեղանակ էր…։

Ազէզի մէջ թրքերէն սորվիլը դիւրին էր ինծի համար, բայց, ես կը հակառակէի ու բուռն կերպով կը պարքարէի անոր դէմ, և ﬔր ﬔծերուն հետ կը վիճէի քանզի թուրքերը այդ լեզուոﬖ էին կոտորած հօրենական ու մայրական ﬔծ ծնողացս ընտանիքները…։

Հիմա, համաշխարհային լրատուական շրջանակներուն տարածած նկարներէն կ՛երևի թէ Արաբ Բունարը կործանած է, բայց, կ՛ըսեն թէ վերաշինելու կամք ու ջանք կայ հոն։ Հալէպի մէջ ալ շատ փլփլած շէնքեր, եկեղեցիներ, մզկիթներ, պատմական մշակութային ﬔծարժէք կառոյցներ կան . բերդն ալ ﬖասուած ու աւերուած է դժբախտաբար։ Հարցն այն է թէ խաղաղութեան գալէն վերջը ո՞վ և ինչպէ՞ս պիտի վերակառուցանէ զանոնք։ Ի՞նչ գանձով պիտի վերաշինեն. ո՞վ, որո՞նք պիտի բանան իրենց քսակները ՛՛Աւելի լաւերը՛՛ շինելու համար։ Ունեցուածքն ու կորսնցուցած կալուածատէրն ու սեփականատէ՞րը, պետութի՞ւնը, քիւրտե՞րը, չափաւոր և սանձարձակ ընդդիմադի՞րները, Տահէ՞շը, Սէուտական Արաբիա՞ն, Քաթա՞րը, Թուրքիա՞ն, Ռուսիա՞ն, Եւրոպա՞ն, Աﬔրիկան, ո՞վ իր քսակը պիտի բանայ այդ հիանալի քաղաքը վերաշինելու, և մարդոց վիրաւոր սիրտն ու հոգին բուժէ։ Յիշեալները չէի՞ն որ քանդելու և սպաննելու համար հրապարակ ելան հերոս ու նահատակ ըլլալու և ﬔղսակցելու մարդկութեան դէմ կատարուած սարսափելի ոճիրին։

Այս օրերուն, Ազէզի աշխարհաքաղաքական և զինուորական կարևորութիւնը առաւել ևս կը շեշտուի, և Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը հազար կը չափէ ու կը կշռէ Սուրիա ներխուժելու ծրագրի մը հաւանական հետևանքները և կը պատրուակէ Ազէզի իր թուրքմէն եղբայրներուն և շրջակայքի չափաւոր ու ծայրայեղ ընդդիմադիրներուն իրաւունքները պաշտպանելի իրաւունքն է, սահմանէն հեռացնելու համար քրտական և սուրիական ուժերը, և կրկին տիրելու համար Հալէպի ﬔտաքսի ճանապարհին հետ կապուած Օսմանեան կայսրական անսկիզբ ու անաւարտ երազին։

Ատենէ մը ի վեր, Ազէզը, Արաբ Բունարն ու երկուքին ﬕջև գտնուող հիանալի Հալէպը անգամ մը ևս տեսնելու տենչս օր աւուր կ՛աճի, բայց ինչո՞ւ կ՛ուզեմ տեսնել զանոնք երբ անոնց տեսքը չափէն աւելի տխուր և ցաւալի է. աւերակաց վրայ թագաւորելու և լալո՞ւ պիտի երթամ, թէ՞ հոգիս կ՛ուզէ աղէտին վրայ ողբալ և անցեալին հանդիպիլ ձևով մը, այնպէս ինչպէս աﬔրիկահայ հայրենակցուհիիս 2003ին պատահեցաւ, երբ Աﬔրիկան Իրաքի դէմ պատերազﬕ ելաւ, ան լացաւ ու ես իր լալուն պատճառը հարցուցի, ՛՛Տակաւին Սեպտեմբեր 11, 2001-ի սուգը չըրինք, հիմա նորէ՞ն պիտի սկսինք՛՛ըսաւ։ Ես ու ﬔ՞նք ալ Հալէպէն ու ﬕւս տեղերէն հեռացած հայոց և արաբներուն բացակայութեան և իրենց լքուած ու քանդուած տուներուն և գործատեղիներուն կորո՞ւստը պիտի սգանք, ինչպէս որ դարեր առաջ ﬔր նախահայր Սուրբ Ներսէս Շնորհալին ըրաւ, երբ ﬔր սուրբ գրական հնաﬔայ Ուրֆան թշնաﬔաց ձեռքն ինկաւ ու ան քերթեց ՛՛Ողբ Եդեսիոյ՛՛ երկը։

Եզրակացութի՞ւնս՝ Ազէզի մէջ հայկական գաղութ մը կար, այժմ անոր յիշատակը ﬓացեր է։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles