ԹՂԹԱԾՐԱՐ- Ի ԽՆԴԻՐ ՀԱՅԵՐԷՆԻՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ 1.- ՄԵԿՆԵԼՈՎ ԱՐԴԱՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵՆԷ ՄԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 43 Second

 

Armenian_language_in_the_Armenian_Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Ա՜խ, լեզո՜ւն, լեզո՜ւն, լեզո՜ւն. լեզուն որ չըլի…»

Հայերս վստահաբար միակ ժողովուրդը չենք, որ տագնապ ապրած ենք ու կþապրինք մեր լեզուին կրած նահանջներուն ու աղաւաղումներուն. ազգի ապագայով մտահոգ ենք՝ նոր սերունդին կողմէ Հայերէնին հանդէպ աճող անտարբերութեան պատճառով, երբեմն ալ կը բոլորենք նման մտահոգութիւններ փարատող փուլեր։
Մեզի ճակատագրակից-վիճակակից ժողովուրդներու հարցերը թողունք իրենց, մտնենք մեր «փոքր ածուն», որոնելու համար նահանջին ու անտարբերութեան պատճառները եւ դարմանումի անմիջական ու հեռահաս միջոցներ։
Ոչ մէկ կասկած, որ առաջնորդող շրջանակներուն, մտաւորականներու եւ պատասխանատուներուն կողմէ մեր լեզուին վիճակէն առթած մտահոգութիւններուն դիմաց հնչեցուող ահազանգերը կը բխին արդար մտահոգութիւններէ, որովհետեւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ ականատես ենք Հայերէնին ապրած մակերեսայնացման ու նօսրացումին։ Եւ այս արդար մտահոգութենէն մեկնելով է որ կը բանանք այս «Թղթածրար»ը։ Նշենք, որ այս ճիգը աննախընթաց չէ, վստահ ենք նաեւ, որ անիկա պիտի չմնայ անվաղորդայն, այս սիւնակներուն մէջ արձագանգներ պիտի ըլլան նոյն մտահոգութիւնները արտայայտողներու։
Երբ այս տագնապը կþարծարծուի, յաճախ անոր դէմ կը բարձրանայ մտածում-առարկութիւն մը. արդեօք լեզուի պահպանման եւ մաքրազտման պահանջը որքա՞ն առաջնահերթ է, երբ ազգովին կը դիմագրաւենք ի՛սկապէս ծանր տագնապներ, ինչպէս Սուրիոյ հայութեան ապրած օրհասական վիճակը, Հայաստանի ու ժողովուրդին առարկայական դժուարութիւնները, որոնց շարքին՝ ժողովուրդին հոգերը բարձող իշխանութեան մը որոնումը, զանգուածային արտագաղթը, տարբեր գաղութներու մէջ տեղական դժուարութիւններ ու ծրագիրներ… ։ Ճիշդ է, որ նմանօրինակ տագնապներ ու անոնցմէ բխող մտահոգութիւններ իրենք զիրենք կը պարտադրեն բոլորիս, սակայն խորքին մէջ այդ հարցե՛րն իսկ յաւելեալ մարտահրաւէրներ են, որ լեզուի պահպանման ու ծաղկումին առաջադրանքները առաջանային տեղ գրաւեն մեր օրակարգին վրայ։
Հայրենի ու սփիւռքեան երկու գլխաւոր օղակներուն մէջ անբաղձալի իրականութիւնները մասամբ նոյնանման են, սակայն ունին նաեւ տարբերութիւններ՝ գործօններու եւ հետեւանքներու իմաստով։ Եթէ Հայաստանի մէջ հողը կարեւոր երաշխիք ու ենթահող է մայրենիին պահպանման, ու հոն առաւելաբար կը դիմագրաւենք օտար եւ բարբառային, հասարակ տեղիք արտայայտութիւններու խճողումին ախտը, Սփիուռքի տարածքին, օտարումի ու ձուլումի հետեւանքով մեր լեզուին կորուստը կը գրաւէ հարցին կորիզը։ (Այդ պատճառով ալ, այս սիւնակները առաւելաբար նկատի պիտի ունենան Սփիւռքի իրավիճակը)։ Յստակ է որ տագնապը ունի մէկ հասարակ յայտարար. պարզ ու հարազատ Հայերէնը կորսնցուցած է որակ, կը շարունակէ կորսնցնել ենթահող. ստեղծուած է տարօրինակ մրցում մը՝ լեզուի նահանջին ու զայն վերականգնելու ու զարգացման առաջնորդելու ճիգերուն միջեւ, ու այս արտառոց մրցումը դժբախտաբար յառաջ չþերթար ի նպաստ երկրորդին…
Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքեան կեդրոններու մէջ, այս վիճակը դարմանելու եւ նահանջի ընթացքը բարեշրջելու նախանձախնդրութեամբ, մեծ ճիգ ի գործ կը դրուի պետական թէ այլ հեղինակաւոր մակարդակներու վրայ. գիտաժողովներ, խորհրդաժողովներ, մասնագիտական քննարկումներ, յատկապէս վերջին 10-15 տարիներուն, իրարու յաջորդած են անկեղծ նախանձախնդրութեամբ, մամուլը բեմ է լեզուագէտներու եւ մտաւորականներու քննարկումներուն (ախտաճանաչումներու եւ դարմանումի առաջարկներու ճամբով), հաստատութիւններ գործնական նախաձեռնութիւններու կը դիմեն, պիւտճէներ կը տրամադրուին լուծման միջոցներու որոնման նպատակով եւ ընթացքը բարեշրջելու կամքով ու ծրագրումներով, եւ սակայն քանակական բաղձալի արդիւնքը միշտ ալ կը խուսափի…
Եթէ պահ մը կանգ առնենք եւ հարց տանք, թէ արդեօք այս մտահոգութիւնը նորութի՞ւն է, միայն վերջին տասնամեակի՞ն, կամ քանի մը տասնամեակներո՞ւն յատուկ է, արդեօք անոր ծանրացումը զգացինք ա՞յն օրերէն ասդին, երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕն Արեւմտահայերէնը դասեց «վտանգուած լեզուներ»ու կարգին, թէ՞ անիկա ունի որոշ հնութիւն։
Պատասխանները կարելի է դիւրաւ տեսնել՝ արագ ակնարկ մը նետելով վերջին գոնէ երկու դարերու մեր հասարակական կեանքին վրայ։ Եթէ ընդունինք (արդէն հաստատուած իրողութիւն է), որ Խաչատուր Աբովեանը նոր ժամանակներու անկիւնադարձը նշող առաջին գրող-մտաւորականն է, ան մեզի կþըսէ, որ այս տագնապը գոյութիւն ունէր նաեւ իր օրերուն, իսկ իր գիրը առաջին խիզախ փորձն էր ժողովրդական-խօսակցական լեզուն գրականացնելու, հայերէնով գրուածը զանգուածներուն մատչելի դարձնելու նպատակով (Մեսրոպ Մաշտոց ալ նոյնը ըրած էր՝ տարբեր մեկնակէտով ու տարբեր պայմաններու մէջ)։ Թէեւ «լեզուն ղայիմ պահեցէք» թելադրանքին մէջ, Աբովեանն ալ օտարաբանութեան դիմած է, անկէ կէս դար ետք ալ, ուրիշ անմահ մը՝ Յակոբ Պարոնեան եւս իր երգիծանքով լուսարձակի տակ բերած է նոյն տագնապը, ձաղկելով օտար եզրերու առատ գործածութիւնն ու օտարամոլութիւնը։ Պարոնեանէն ետք, ահա շուրջ մէկ ու կէս դարու ճամբայ կտրած ենք եւ մեր լեզուի պահպանման ու զարգացման պահանջը ունեցած է բազմաթիւ վերիվայրումներ, իսկ Հայերէնը օտարաբանութիւններէ ձերբազատելու եւ մայրենիին կառչելու անոնց պատգամը այսօ՛ր ալ ի զօրու է թէ՛ հայրենի հողին վրայ եւ թէ Սփիւռքի սերունդներուն համար։
Այն ճշմարտութիւնը, թէ այս տագնապը մեր կեանքին մէջ գոյ է Աբովեանի օրերէն՝ չþարդարացներ անոր յարատեւումն ու անխնամ-անդարման մնալը, նաեւ չենք կրնար մխիթարուիլ, փոքրամասնութեանց մօտ Հայերէին հանդէպ հոգածու մօտեցում նկատելով։ Չþարդարանար՝ մա՛նաւանդ մեր ժամանակներուն, երբ հայաշխարհի «փոքրացումը» եւ արդի միջոցները կրնան դիւրութեամբ լուծում բերել ընդհանուր «հիւանդութեան», անոր իւրաքանչիւր «ենթա-ախտ»ին, պայմանաւ, որ ազգովին ներգրաւուինք այս ճիգին մէջ։
Մտահոգութեանց կրկնութենէն ու անոնց մասին իրարու արձագագնելէ անդին, դարմանումը գործնապէս յառաջ կþընթանայ, երբ անիկա դիմագրաւուի համատարած կերպով, գործնական (անմիջական-դիւրին իրագործելի, եւ հեռահաս ու համեմատաբար աւելի մեծ ճիգ-պիւտճէ պահանջող) քայլեր ծրագրուին ու իրագործուին օղակ առ օղակ, առաջադրանքները տարածելով ուղղահայեաց եւ հորիզոնական յարդակներու վրայ, յառաջատուական ընդհանուր ծրագիրով մը, ճշդելով առաջնահերթութիւններ ու անոնց հետեւող քայլերը, այն մտասեւեռումով, որ գործնական դարմանները վարակեն ու ներգրաւեն մեր ժողովուրդի բոլոր շրջանակները, չմնան մտաւորականներու եւ առաջնորդող շրջանակներու այլապէս սեղմ գօտիէն ներս (չենք նախընտրեր գործածել «Փղոսկրեայ աշտարակ» պատկերը, որ բացասական երանգ ունի)։ Մէկ խօսքով, անհրաժեշտ է ստեղծել շարժում մը, որ տարածուի մեզի ներկայացուող ԲՈԼՈՐ ԱՌԻԹՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ օգտագործումով, նաեւ՝ ստեղծելով առիթներ եւ միջոցներ, ներգրաւելով հայ ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին, միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, անպայման նաեւ հասնելով հոն, ուր «տիրապետութիւն» հաստատած է հայութենէ (ինքնեկ թէ առարկայական պայմաններու բերումով) մեկուսացած հսկայ զանգուածը, ստեղծելով «խորշեր»։
Որքան ալ փորձենք լայն բանալ կարկինը, յաւակնութիւնը չունինք հարցերն ու լուծումները սպառիչ կերպով ներկայացնելու, սակայն կը հաւատանք, որ մեր կամ այս մտահոգութեանց բաժնեկիցներու արտայայտութեանց կրկնութիւնն ու մէկտեղումը կրնայ օգուտի աղբիւր ըլլալ, յամենայն դէպս անկէ վնաս չի գար…։
«Թղթածրար»ին յաջորդ համարներով, կանգ պիտի առնենք այսօրուան վիճակին կարգ մը իսկական ու քիչ մը շինծու պատճառներուն առջեւ, սակայն նաեւ պիտի փորձենք ներկայացնել լուծումի միջոցներ, որոնք, ինչպէս նշեցինք, նկատի ունին յառաջատուական տրամաբանութիւն մը եւ ցարդ եղածէն աւելի՛ կազմակերպուած ձեւով գործելու ձգտում, մասնակիներէն աւելի՛ համապարփակ մօտեցման եղանակ, որպէսզի համատարած կեպրպով մտնենք մտահոգութիւնները փարատելու փուլը։ Էական առաջադրանքը, նաեւ՝ մեկնակէտը կը հանդիսանայ լեզուի պահպանումը եւ բնական զարգացումը, իբրեւ յենարան հայրենիքի ու հայութեան պահպանման ու աճին, որովհետեւ «…լեզուն որ չըլի, մարդ ընչի՞ նման կ’ըլի»։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles