Նաւասարդ Մարտոյեան
Հ.Յ.Դ.-ի հիմնադրութեան 125ամեակը տեղի ունեցաւ Յունուար 30, 2016ի Շաբաթ երեկոյեան, Burton Manorի մէջ, շուրջ հինգ հարիւր համակիրներու մասնակցութեամբ։
Ձեռնարկին սկզբնաւորութենէն, օրուան մթլոլորտը եւ գաղափարականը կ՚արտացոլային տօնախմբուող կազմակերպութեան բերած բարոյական նպաստը եւ հանգանակը Հայ Ժողովուրդին։ Հիւրասրահի մուտքին, կարմիր գոհամակիրները մուտք գործեցին եւ ականատես եղան Հ.Յ.Դ.-ի աշխատանքներուն իրենց վաստակը բերած զանազան գործիչներ եւ իրենց կատարած աշխատանքին երախայրիքը։ Օրուան տօնակատարութեան հանդիսավարներն էին Հէլէնա Պարտագճեան, Հ.Ե.Դ.-ի եւ Հ.Օ.Մ.-ի անդամ, եւ Սանան Մալքճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ եւ Հ.Ե.Դ.-ի անդամ, որոնք հրաւիրեցին ՀՄԸՀի սկաուտները կատարելու Ամերիկեան, Հայկական, Արցախի եւ Հ.Յ.Դ.-ի դրօշակներու ներկայացումը, որուն յաջորդեց Ամերիկեան եւ Հայկական ազգային քայլերգներու երգեցողութիւնը Հէլէնա Պարտագճեանի եւ Ընկ. Արաքսի Թօսունեանի, (Հ.Ե.Դ.-ի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ) կատարողութեամբ։ Ներկաները յոտընկայս մասնակից դարձան քայլերգներու կատարողութեան եւ մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ազատութեան պայքարի ճանապարհին ինկած մարտիկներու յիշատակը, յատկապէս Հ.Յ.Դ.-ին նապատակներուն։ Զոյգ քայլերգներու բառերը յստակ կերպով կ՚ընդգծէին ազատութեան եւ զոհագործութեան գաղափարականները եւ յանձնա-ռութիւնները։ Ամերիկեան քայլերգի սկզբունքը, «քաջերու երկրի եւ ազատներու հայրենիքի» գաղափարականը, արտայայտուած դրօշակի խորհուրդին ընդմէջէն, միախառնուեցաւ հայկական քայլերգի դրօշակի խորհուրդի նուիրականութեան եւզոհագործութեան տեսլականին հետ։ Հանդիսավարները, Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթեցին պատւոյ հիւրերուն եւ բոլոր ներկաներուն։ Տօնակատարութեան ներկայ էին Արժ. Տ.Հրանդ Քհն. Գէորգեան՝ Հոգեւոր Հովիւ Ս.Սարգիս Եկեղեցւոյ, Հայր Միշէլ Պասալէհ՝ Հոգեւոր Հովիւ Ս. Վարդան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան՝ անդամ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Ռաֆֆի Ուրլեան՝ հերթապահ Տիթրոյթի «Ազատամարտ» Կոմիտէի եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ::
Պատւոյ հիւրերը ողջունելէ ետք, Հանդիսավարները, սրտի անհուն ուրախութեամբ բարի գալուստ մաղթեցին բոլոր ներկաներուն, Հ.Յ.Դ.-ի հիմնադրութեան 125րդ տարեդարձի տօնակատարութեան իրենց ներկայութեան համար եւ ուրախութիւն յայտնեցին այս տարուան հանդիսավարները ըլլալու պատիւին համար։ Անոնք հրաւիրեցին ներկաները անդրադառնալու այն իրողութեան որ 125 տարի առաջ հիմնուած այս կազմակերպութիւնը կարեւոր դեր ունեցաւՀայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ։
Ռաֆֆի Ուրլեան, յանուն Տիթրոյթի «Ազատամարտ» կոմիտէի, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, անդրադառնալով Հ.Յ.Դ.-ի հիմնադրութեան, 1890ին, եւ անոր աննկուն եւ աննահանջ աշխատանքին Հայ Դատի եւ Սփիւռքի մեր գաղութներուն կազմակերպման եւ բարելաւման համար։ Հ.Յ.Դ.-ի աշխատանքը տակաւին այժմէական է եւ կը շարունակուի Հայ Դատով, Արցախի ազատ հանրապետութեան համրագրումով, Ջաւախքի ազգային դիմագծի պահպանումով, Հայաստանի հզօրացումով, եւ Սփիւռքի օժանդակումով եւ ազգային արժէքներու պահպանումով, նշեց ան։ «Հ.Յ.Դ. հիմա 125 տարեկան է եւ Հ.Յ.Դ.-ի խոստումը պարզ խոստում մըն է. շարունակել աշխատիլ Հայ Դատին համար, մինչեւ որ Հայաստանը դառնայ միացեալ եւ մենք կերտենք ժողովրդավառ Հայաստան»։ Իր խօսքի աւարտին, Ուրլեան բեմ հրաւիրեց օրուայ պատգամաբեր եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատուին եւ ընդգծեց այն պարզ ճշմարտութիւնը որ «այս տօնակատարութիւնը չի պատկանիր միայն Հ.Յ.Դ.-ի անդամներուն, այլ համայն Հայ Ժողովուրդին, որուն պէտք պէտք է հոգ տանինք։» Հ.Յ.Դ.-ն հիմնուած էր Թիֆլիսի մէջ, եւ անոր համար իր հիմնադրութեան գրաւականը Արեւմտեան Հայաստանի, Թրքական Հայաստանի ազատագրումն էր։
Ան անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ.-ի կազմակերպութեան եւ կազմաւորման պարագաներուն, նշելով որ Հայաստան բաժնուած էր Օսմանեան, Ռուսական եւ Պարսկական կայսրութիւններու միջեւ եւ այս կայսրութիւնները մեծ ճիգ թափեցին հայ դիմագիծը, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները այլափոխել։ Ան ընդգծեց պատմական այն իրողութիւնը որ Ֆրանսական յեղափոխութեան «ազատութիւն», «եղբայրութիւն» եւ «հաւասարութիւն» գաղափարները բերրի հող գտան հայ ժողովուրդի սրտին եւ մտածելակերպին մէջ։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող, ստրուկի մտայնութեամբ գոյատեւող հայութիւնը, սկսաւ իր մարդկային իրաւունքները պահանջել, նախ համախմբուելով յեղափոխական գաղափարներու շուրջ եւ ապա Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն (1890) հովանիին տակ, համախմբեց հայկական յեղափոխական շարժումները մէկ կազմակերպութեան կամարին եւ գաղափարականին տակ։ Այդ կազմակերպութիւնը, (1892էն ետք) կոչուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն։ Հ.Յ.Դ. դարձաւ հայութեան պահանջատիրութեան կուսակցութիւնը, առաջնորդուած «Դէպի Երկիր» գաղափարականով, կազմակերպեց ֆէտայական արշաւանքները, ազատագրելով Հայ ժողովրդի մտային ստրկութիւնը, Սիամանթոյի եւ Վարուժանի նման մատաւորականներու գործերուն միջոցաւ, եւ աշխատակցեցաւ ժամանակի բոլոր քաղաքական, եկեղեցաըան եււ մշակութային շարժումներու հետ։ Տէր Խաչատուրեան, անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ.-ի կատարած գաղութներու կազմակերպման աշխատանքներուն, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ, Ցեղասպանութենէն առաջ եւ յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ։ 1930ական թուականներէն մինչեւ ներկայ ժամանակները, Հ.Յ.Դ. իր աշխոյժ եւ անխոնջ մաս-նակցութիւնը բերաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (1933) կազմակեպութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան Յիսնամեակին (1965) յիշատակու-թեան, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւրոպական Խորհրդարանին կողմէ (1987) քաղաքական յաջողութեան, Արցախի ազատագրութեան (1988) պայքարով եւ Հայաստանի երկ-րաշարժին (1988) մարդասիրական օժանդակութեամբ, նորանկախ Հայաստանի Հան-րապետութեան կազմաւորման եւ հաստատութեան (1991) աշխատանքներով, Ցեղաս-պանութեան ճանաչման եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան աշխատանքներուն։ Ան անդրադարձաւ կուսակցութեան զինանշանին եւ այդ զինանշանին մաս կազմող խորհրդանշաններուն՝ բահին, սուրին եւ փետրագրչին իմաստներուն եւ գործածութեան։
Տէր Խաչատուրեան նաեւ անդրադարձաւ Հայակական Ցեղասպանութեան 100ամեակի տօնակատարութեանց։ Ընդգծեց այն իրողութիւնը որ Ցեղասպանութեան սկզբունքին՝ Կը Յիշեմ, Կը Պահանջեմ, առաջին բաժինը այլեւս մաս կը կազմէ պատմու-թեան, որովհետեւ Հայ ժողովուրդը արժանավայել կերպով տօնախմբեց, յիշատակեց եւ պանծացուց Մեծ Եղեռնի զոհուած 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակը։ Հիմա պէտք է աշխատանք թափել ամրագրել եւ հզօրացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կերտել ժողովրդավար Հայաստան եւ պահանջել մեր նահատակներուն արդար դատին յատուցում։ Հ.Յ.Դ. իր նուաճումները կը պարտի ոչ միայն իր անդամներուն, այլ իր համակիրներուն։ Անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ մէջ, ուր թուրք քաղաքագէտ մը ուրացաւ Ցեղասպանութեան իրականութիւնը, քաջ գիտնալով որ Զուիցերիական օրէնքը անօրէն կը նկատէ Հայկական Ցեղասպանութեան մերժումը։ Թուրքին կատարածը դիտումնաւոր արարք էր, որովհետեւ ան ուզեց հայութիւնը ցնցել եւ անհանգիստ կացութեան մատնել։ Օրինական բոլոր միջոցները գործածելէ ետք, Հ.Յ.Դ. Ֆրանսական եւ Հայակական կառավարութիւններուն հետ գործակցաբար, ընդ համագործակցութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, հարցը տարաւ Եորոպական Մարդկային Իրականց Ատեանին, որուն որոշումը թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական դէպք է, փաստօրէն տեղի ունեցած իրողութիւն է։ Իրաւական այս պարագան մեզի համար նոր իրականութիւն է, եւ հետեւաբար մենք այլեւս չենք կրնար միայն յիշել, այլ պահանջել կարելի բոլոր միջոցները գործածելով։ «Մեզի համար Հայաստանը, հակառակ իր բոլոր դժուարութիւններուն մեր հայրենիքն է, այն կորիզն է որուն վրայ պիտի կառուցենք մեր միացեալ Հայաստանը,» շեշտեց բանախօսը։ Շարունակելով իր մտածումները,Տէր Խաչատուրեան եզրակացուց որ այսօրուան Հայաստանը այն կորիզն է որ 1918ի սերունդը կերտեց Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով, եւ Ղարաքիլիսէով յաւերժացած մարտիկներով, այնպիսի ժամանակի եւ շրջանի մը մէջ, ծանօթ որպէս Միջին Արեւելք եւ Կովկաս, ուր բազմաթիւ ազգեր, մինչեւ այսօր հայրենիք չունին, հակառակ իրենց նիւթական եւ քաղաքական ընդարձակ միջոցներուն. Վկայ քիւրտերը եւ վկայ պաղեստինցիները։ «Այս պատճառով, մենք պէտք է գուրգուրանք մեր հայրենիքին մասին, որքան ալ ան վիրաւոր ըլլայ, որքան ալ ան մեր երազային Հայաստանը չըլլայ, մենք պարտաւոր ենք որպէս Դաշնակցութիւն, որպէս Հայութիւն հոգ տանիլ որ մեր հայրենիքը զարգանայ, բարգաւաճի, աւելի ժողովրդավառ դառնայ, եւ վերջ հ վերջոյ ամբողջական եւ միացեալ։»
Օրուան բանախօսը իր մտորումները եզրափակեց ներկաներուն ուշադրութեան յայնձնելով Հ.Յ.Դ.ին շարունական աշխատանքները Արցախը ամբողջովին ազատագրելով, Ջաւախքի հաչկական նկարագիր պահպանելով, Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը իրենց հայկականութեան վերադարձնելով, որպէսզի բոլորս կարենանք միասնաբար ըսել, «կանք, պիտի լինենք, ու դեռ շատանանք։»
Տէր Խաչատուրեանի խօսքին յաջորդեց «Տարուան Համակիր»ի կոչումին դափնեկիրի ներկայացումը։ Ռաֆֆի Ուրլեան, անդրադարձաւ որ «Համակիր»ը այն անձն է, որ կը հաւատայ դատին, կ՚աշխատի այդ դատի համար եւ այդ դատի նպատակին համար։ Առաջին դափնեկիրն էր, Հ.Յ.Դ.ի երկար տարիներու ընկեր Ֆերմանեանի դուստրը՝ Ընկերուհի Անի Ֆերմանեան-Աթթար, որ տարիներու ընթացքին ծառայած է Հայ Օգնութեան Միութեան, որուն համար ոչ մէկ գործ եւ պարտականութիւն պզտիկ կամ անկարեւոր է, եւ ան իր անզուգական մասնակցութիւնը բերած է ուրիշ կազմակերպութիւններու, մասնաւորաբար Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ Հ.Ե.Դ.ի, ընդգծեց Ռաֆֆի Ուրլեան։ «Տարուան Համիկիր»ի երկրորդ դափնեկիրը՝ Ռիթա Տիլանեան էր, որ տարիներով ծառայեց Հայ Օգնութեան Միութեան, տարբեր յանձնախումբերու, եւ վերջերս Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Յանձնախումբին վրայ։ Ռիթա Տիլանեան, որ տարիներով աշխատակցած է Տիթրոյթ ֆրի Փրէսին եւ իր անզուգական օժանդակութիւնը բերած էր Հայաստանի երկրաշարժի աղէտին մասին, իր երկու գործընկերներով։
Տօնակատարութեան պաշտօնական բաժնի աւարտին, հանդիսավարները հրաւիրեցին ներկաները յոյտընկայս երգելու Հ.Յ.Դ.-ի «Մշակ Բանուոր» քայլերգը։ Ճաշի սպասարկումէն առաջ, օրուան ներկայ եկեղեցականները, օրհնեցին սեղանն ու սեղանակիցները։ Ճաշի ընթացքին, ներկաները հաղորդուեցան Սանան Մալքճեանի պատրաստած «հեռացած ընկերներ» խորագրով տեսերիքով։ Կազմակերպիչ յայնձնախումբի ատենապետ՝ Շանթ Ժամկոչեան ներկայացուց օրուան առիթով Լոս Անճելոսէն յատկապէս հրաւիրուած վաստակաւոր երգիչ՝ Յարութ Փամպուքճեանը եւ իր նուագախումբը։ Յայտագրի առաջին բաժնով, ան երգեց հինգ յեղափոխական երգեր («Մշոյ Դաշտեր», «Հայ Քաջեր», «Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք», «Գինելից» եւ «Արիւնոտ Դրօշ»)։ Առաջին եւ վերջին երգերուն, իրենց իւրայատուկ մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Արաքս» պարախումբի տղանքն ու աղջիկները, որոնց շարժումները կը մարմնաւորէին մեր հայկական արնականութիւնն ու իգական ազնուութիւնը։ Տրամադրութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ երբ յաղթական քայլերով ներս մտան զոյգ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ իրենց ձեռքին ունենալով ՀՅԴի եւ Եռագոյնի դրօշակները։ Յայտագիրը շարուանկուեցաւ ժողովրդային պարեղանակներով։ Դադարին, Հ.Յ.Դ.-ի 125ամեակի կարկանդակը լուսաւորուեցաւ մոմերու լոյսերով, եւ ներկաները վայելեցին զայն։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը եւ եզրափակուեցաւ ռազմահայ-րենասիրական յեղափոխական երգերով։
Հ.Յ.Դ.-ի 125րդ տարեդարձը առիթ եղաւ որ իւրաքանչիւր հայ եւ համակիր, անգամ մը եւս վերանորոգէ ծառայութեան եւ զոհագործումի գաղափարականը իր անհատական եւ գաղութային կեանքին մէջ։ Կազմակերպիչ յայնձնախումբի անդամներն էին.- Շանթ Ժամկոչեան, Քրիսթա Թօսունեան, Սօսի Փալանճեան, Սիւզի Մարտոյեան, Արաքսի Թօսունեան, Հէլէնա Պարտագճեան, եւ Սանան Մալքճեան։
Սոյն տօնակատարութեան բոլոր հասոյթը նուիրուեցաւ Սուրիահայ օգնութեան ֆոնտին