ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
Հալէպ, Փետրուար 24, 2011
Զիրար անընհդատ ուրացող
Իրարմէ հեռացող
Բայց անվերջ իրարու զօդուած
Գիշերուայ եւ ցերեկի նման
Զիրար ուրանալու արուեստին
Տիրանանք
Որ փշրել Քանդել գիտնանք
Հիացմունքի
Գերազանցի
Եւ անզուգականի
Պատնէշները կեղծ ու ժամանակաւոր
Ուրացումն արդէն
Չզմայլելու չխաբուելու
Լաւագոյն եւ բնական
Ցուցանիշն է
Ինչպէս 36.6-ը
Մարմնի ջերմաստիճանն է
Իտէալական եւ բնական
«Ուրացումը դաւաճանութիւն է»
Կը յորջորջեն
Ուրացման կողմէ ուրացուածներն ու
Դաւաճանուածները
Ո՛վ ուրացում
Ջերմութեամբդ եւ
Կենարար լոյսովդ
Մայր մոլորակը հովանիիդ տակ
Վերցուցած
Արեւու նման
Պարուրէ էութեանս բոլոր բջիջներն
Ապրող կամ տակաւին չձեւաւորուած
Գովերգելու սրբազան ծաւալումդ
Բարեբախտաբար
Աստուած ուրացաւ եւ դրժեց մարդը
Վտարելով զայն դրախտէն