Read Time:1 Minute, 29 Second
Տէր Խաչատուր ՊօղոսեանՆիսՓետրուար 5, 2016– Ձեր ծագումը ի՞նչ է:– Հա՛յ:– Բայց…– Ի՛նչ բայց:– Սեւ հագուած էք:– Սեւ հագուիլս ի՞նչ կապ ունի ազգութեանս հետ: Դուք ալ սեւ փողկապ դրած էք:– Բայց, ե՛ս կ’աշխատիմ, գործիս համար է:– Շատերը սեւ կը հագուին:Յայտնի էր որ պատասխանս չգոհացուց ճաշարանին այս սպասեակին, որուն առաջին անգամ ըլլալով էր որ կը հանդիպէի:– Բայց, ձեր շապիկը սե՛ւ է. դուք եկեղեցակա՞ն էք,- հարցուց:– Այո՛:– Ո՞րն է ձեր եկեղեցին:– Բոլորն ալ իմ եկեղեցիներս են:Այս սպասեակը համակրելի շեշտ մը ունէր, եւ մարդամօտ կ’երեւէր:Երբ հաշուետոմսս բերաւ, տակաւին չգոհացած հոգին՝ իր հարցերուն պատասխաններուն կարիքն ունէր:– Դուք կ’օրհնէ՞ք,- հարցուց:– Այո՛, անշուշտ կ’օրհնեմ,- պատասխանեցի:– Քանի՜ տարի է որ ե՛ս չեմ օրհնուած գիտէ՞ք,- ըսաւ եւ աւելցուց,- Շա՛տ մեղքեր գործած եմ:– Ամէն մարդ մեղք կը գործէ, ես ալ մեղք կը գործեմ: Ձկնորսներն ալ ամէն օր ձուկ կը բռնեն, մեղք կը գործեն: (Ֆրանսերէնի մէջ ԲԵՇԷ բառը տարբեր ուղղագրութիւններով երկու երկու տարբեր բաներ կը նշանակէ. մէկը՝ ՄԵՂՔ եւ միւսը՝ ՁՈՒԿ ՈՐՍԱԼ:) Ձկնորսները յիշեցի՝ որովհետեւ սրճարանը նաւահանգիստին ճիշդ դիմացն էր:Սպասեակը խնդաց, յայտնի էր որ հաւնած էր մեղքին եւ ձկնորսութեան գաղափարներուն զուգորդութիւնն ու բաղդատութիւնը:– Ինծի համար մե՛ծ պատիւ մըն է որ իմ ճաշարանս եկեղեցական մը եկեր է,- ըսաւ:
– Ես ալ շնորհակալ եմ ձեր ազնիւ խօսքերուն համար, պատասխանեցի:Յետոյ, գնաց իրմէ աւելի երիտասարդ երկու պաշտօնակիցներուն զեկուցեց մեր ունեցած խօսակցութեան մասին:Երբ կը մեկնէի, սպասեակը եկաւ ցտեսութիւն ըսելու:– Ինչպէ՞ս էր ձեր գործի եղանակը, հարցուցի:– Միջա՛կ. մարդիկ կու գան, բայց դրամ չեն ծախսեր: Չորս հոգիով մէկ բիցցա կ’ապսպրեն, եւ, ջուր կը խմեն:– Դուք ալ՝ կու տա՛ք…:
– Այո՛, հապա ի՞նչ պիտի ընենք, ժամանակները դժուար են, մարդիկ վաղուան մասին մտահոգ են…:
Խորհեցայ որ ըսածը ճիշդ էր, չնայած որ ժամանակները մի՛շտ ալ դժուար եղած են մարդոց համար։