Վրացական Փորձաքար

0 0
Read Time:1 Minute, 44 Second

p4 d

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Փետրուար 2, 2016

Անցողակի ձեւով պէտք չէ անցնիլ եւ կարեւորութիւն չտալ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելիի Հայաստան այցելութիւնը:
Արդէն իսկ նմանօրինակ եւ շատ աւելի անընդունելի «կաֆ» մը…սխալ մը, կատարած էր հայ մամուլն ու քարոզչական մեքենան, մօտէն չանդրադառնալով դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, Դեկտեմբեր 16-17, 2015-ին, նոյնինքն նախարար Խիտաշելիի Պոլիս կատարած այցելութեան մասին: Այս այցելութիւնն ալ, քանի մը օր առաջ Երեւան կատարած այցելութեան գծով ո՛չ անձնական եւ ո՛չ ալ զբօսաշրջիկական բնոյթ ունէր:
Արդարեւ, Պոլսոյ մէջ, Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը, իր կողքին ունէր ո՛չ թէ միայն թուրք պաշտօնակից Իսմեթ Եիլմազը, այլ նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար՝ Զաքիր Հասանովը: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեանց, անոնք քննած էին, տարածաշրջանէն ներս քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակն ու խաղաղութիւն հաստատելու առնչութեամբ առկայ կարելիութիւնները: Օրին, այդ երեք կողմերը, այս բնագաւառէն ներս արծարծուած նիւթերուն լոյսին տակ, միացեալ հաղորդագրութիւն մըն ալ լոյս ընծայած էին: Իսկ դեռ աւելի մանրամասնութիւններ պեղելով, տեղին է նշել Պոոլսոյ մէջ կատարած նախարար Խիտաշելիի այն յայտարարութիւնը, թէ Վրաստան խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՆԱԹՕ-ի իր գործակից՝ Թուրքիոյ, շրջանէն ներս կատարած իր բոլոր նախաձեռնութիւններուն եւ աջակցութեան համար:
Այս հանդիպումներուն, Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայութիւնը աւելի ամբողջացուց, շրջանէն ներս Անգարայի ներկայութիւնն ու հեղինակութիւնը: Նկատի ունենալով ներկայ կացութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ իրադարձութիւններու լոյսին տակ, եւ մանաւանդ վերջին ամիսներու Ռուսաստանի ամբողջական միջամտութիւնը, նկատի ունենալով, որ Վրաստան կրնայ նկատի առնուիլ իբրեւ խաղաքարտ, մանաւանդ որ նախարար Խիտաշելիի «պաշտպանած» երկրին քիթին տակ կը գտնուի, շրջանի ռուսական մեծագոյն ռազմակայանը՝ Գիւմրիի մէջ…Ջաւախքի (այլ հիմնահարց մը որ հայրենի կողմը շարունակ կ՛անտեսէ) մօտակայքը:
Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին, փրոթոքոլային համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ, որուն պարունակութիւնը հեռու է Պոլսոյ մէջ «տարածաշրջանային» բնոյթ ունեցող հաղորդագրութենէն: Վրաստանի եւ Հայաստանի նախարարները, պարզապէս կը տեղեկացնեն թէ խաղաղութեան, ռազմական պատրաստութեան, մասնագիտական վերապատրաստման եւ ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու բնագաւառներէն ներս, գործակցութիւն եւ փոխանակում պիտի կատարուի:
Վստահաբար, թէ՛ հայրենի պաշտպանութեան նախարարը եւ թէ՛ նախագահ Սարգսեան արծարծեցին Պոլսոյ մէջ արձանագրուած համաձայնագիրն ու լոյս ընծայուած հաղորդագրութիւնը: Օրին, Թիֆլիս պաշտօնապէս հաւաստիացուցած էր թէ, նմանօրինակ համաձայնագիր, ոչ մէկ լուրջ վտանգ կը հանդիսանայ Հայաստանին: Միեւնոյն կարծիքը, վերստին փոխանցած կը թուի ըլլալ նախարար Խիտաշելին:
Թէ՛ որքանով կարելի է համոզուիլ Խիտաշելիի այս վիճելի եւ կասկածելի վրացական փորձաքարին…: Այդ մէկը, կարճ ժամանակաշրջանը ցոյց պիտի տայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “Վրացական Փորձաքար

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles