Աննահանջ վեհութեամբ եւ անխոնջ վսեմութեամբ կատարուեցաւ Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի շրջանին մէջ, կազմակերպուած Համազգայինի «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» ձեռնարկը:
Այսպէս, Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութիւնը, կառչած մնալով հայ արուեստին, մշակոյթին ու գրականութեան շարունակեց իր սուրբ աշխատանքն ու գործունէութիւնը:
Հիմնադրութեան նպատակ, ծննդոցի պայմաններ, երկար վազքի վրայ երկարող իրագործումներ, ներկայ մշակութաբանական խնդիրներու քննարկումներ եւ յառաջիկայի ծրագիրներ, գործունէութիւններով լի ձեռնարկներ, որոնց շարքին էր այդ օրուայ Մշակութային Փառատօնը՝ «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ»:
Այդպէս են, այսօր Համազգայինի հովանաւորութիւնը վայելող եւ ստորագրութիւնը կրող, հայ թէ օտար հասարակութիւններուն հրամցուող թատրոնը, պարը, գեղանկարչութիւնը, երաժշտութիւնը, կերպարուեստը, գեղարուեստական ձեռնարկները…
Գահիրէի մէջ, խումբ մը մտաւորականներու եւ արուեստի սիրահար «խենթ» հայորդիներու կողմէ հիմնուած՝ Համազգայինը, դեռ վերջերս բոլորած էր իր ութսունամեակը: Տարեդարձ մը որ կը նշուի միութեան ծննդոցէն, հիմնադրութեան պայմաններէն, անցած ուղիէն, հասնելով կրթութեան, արուեստի եւ ընդհանրապէս մշակոյթի ոլորտի բարձր գագաթներ: Այնպիսի բարձր ու սէգ գագաթներ որոնք կը յատկանշուին հսկայական ներդրումներով եւ մշակութային լայնածաւալ գործունէութիւններով…Աղբալեաններու եւ Շանթերու սահմանած առաքելութիւններով եւ անոնց թողած թանկագին աւանդով:
Թէ° Հայրենիքի եւ թէ° Սփիւռքի ուղղութեամբ, մշակոյթի եւ կրթութեան նախարարութեան համարժէք աշխատանք տարած Համազգայինը, ցայսօր տարբեր պայմաններու տակ, Հայաստանի մշակոյթի-կրթութեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ, համագործակցաբար հանգրուաններ նուաճած է, կազմակերպելով զանազան ձեռնարկներ եւ հանդիսութիւններ: Այս գործելաոճին ցայտուն օրինակը, վերոյիշեալ ձեռնարկին ստեղծած մթնոլորտն էր ու տեղւոյն ներկայ ամերիկահայ զանգուածներուն համար, պարզած հաստատ հեռանկարներու համայնապատկերը:
Այդ օր, ձեռնարկին անունն էր «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ», իսկ արդիւնքը՝ Վեհ Ազգ…Վեհ Մշակոյթ: